Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անյայտ դարաւոր գանձ մը

Անյայտ դարաւոր գանձ մը

Մինչ ուսումնականը վաղեմի ձեռագիր մը կրկին անգամ ուշադրութեամբ կը քննէ, իր աչքերուն չի հաւատար։ Գեղագրութիւնը եւ քերականութիւնը զինք կը համոզե՛ն, թէ իր ձեռքերուն մէջինը վրացերէն լեզուով Աստուածաշունչի ամէնէն հին թարգմանութիւնն է։

ԱՅԴ գանձը յայտնաբերուեցաւ 1922–ի դեկտեմբեր ամսուան վերջաւորութեան, երբ վրացի ակադեմիկոս Իվանէ Ճավախիշւիլի փնտռտուք կ’ընէր, թէ վրացերէն այբուբենը ինչպէ՛ս զարգացաւ։ Անոր ձեռքը անցաւ Երուսաղէմի Թալմուտին մէկ օրինակը։ Մինչ զայն կը քննէր, կրցաւ նկատել թէ եբրայերէն գրութեան տակ վրացերէն տառերով՝ ջնջուած գրութիւն կար *։

Թալմուտին ներքեւ «պահուած» գրութիւնը Աստուածաշունչի Երեմիա գրքի մէկ հատուածն էր, եւ կը պատկանի Ք.Ե. 5–րդ դարուն։ Այս յայտնաբերումէն առաջ, վրացերէն Աստուածաշունչի ամէնէն հին ձեռագիրը Ք.Ե. 9–րդ դարէն էր։ Շուտով, Աստուածաշունչի ա՛յլ գրքերու մասեր գտնուեցան, որոնք Ք.Ե. 5–րդ դարէն են կամ նոյնիսկ աւելի առաջ։ Ի՜նչ հոյակապ է գտնել Աստուածաշունչի մասեր, որոնք Յիսուսի եւ առաքեալներուն կեանքէն միայն մի քանի հարիւր տարի ետք գրուած են։

Արդեօք ո՞վ զայն թարգմանեց։ Անիկա մէ՞կ հոգիի աշխատանքն էր, թէ ոչ՝ անձնուէր խումբի մը։ Մինչեւ օրս, ո՛չ մէկ պատմական արձանագրութիւն պատասխան հայթայթած է։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ պարագան, բացայայտ է որ Աստուածաշունչը, կամ առնուազն անկէ մասեր, վրացերէնի թարգմանուած է չորրորդ դարէն սկսեալ, եւ թէ այդ օրերէն իսկ Աստուծոյ Խօսքը վրացիներուն մատչելի կամ ծանօթ եղած է։

Սրբուհի Շուշանիկ թագուհիի նահատակութիւնը գիրքը, որ հաւանաբար հինգերորդ դարու վերջաւորութեան գրուած է, մեզի կ’օգնէ գիտնալու թէ ո՛ր աստիճան վրացիները Սուրբ Գրութիւններուն ծանօթ էին։ Մինչ թագուհիին ողբերգական պատմութիւնը կը պատմէ, հեղինակը Աստուածաշունչի Սաղմոսներէն, Աւետարաններէն եւ ա՛յլ մասերէն կը պարփակէ մէջբերումներ եւ ակնարկութիւններ։ Ան նաեւ կը պատմէ, թէ պարսիկ հողատէրերը հանդարտեցնելու համար, Շուշանիկի ամուսինը՝ Վազգէն, որ Գուգարքի բդեշխն էր, «քրիստոնէութիւնը» կ’ուրանայ ու զրադաշտականութիւնը կ’ընդունի, եւ իր կնոջմէն կը պահանջէ որ նոյնը ընէ։ Ըստ այս գրքին, թագուհին կը մերժէ իր հաւատալիքները փոխել եւ իր կեանքի վերջին օրերուն՝ Սուրբ Գրութիւններէն մխիթարութիւն կը գտնէ։

Հինգերորդ դարէն ի վեր, բացայայտ է որ վրացերէն Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը եւ արտագրութիւնը բնաւ չդադրեցան։ Վրացերէն լեզուով ձեռագիրներու հսկայ թիւը կը վկայէ անձնուէր արտագրողներու եւ թարգմանիչներու ծանր աշխատանքին։ Այս ուղղութեամբ երկու մարզեր հետազօտենք. Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը եւ տպագրութիւնը։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

11–րդ դարու վրացի վանական՝ Կիօրկի Մթաձմինտելի, սապէս արտայայտուեցաւ. «Ես՝ Կիօրկի, խոնարհ վանական մը, Սաղմոսներու այս գիրքը արդի յունարէնէն թարգմանեցի վրացերէնի, ամենայն ժրաջան աշխատանքով»։ Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը թարգմանելու կարիք կար, եթէ արդէն կարգ մը դարերէ ի վեր, վրացերէն թարգմանութիւն մը գոյութիւն ունէր։

Մինչեւ 11–րդ դար, վրացերէն Աստուածաշունչի հին ձեռագիրները շատ քիչ թիւով մատչելի էին։ Աստուածաշունչի կարգ մը գիրքերը արդէն կորսուած էին։ Իսկ ձեւով մը լեզուն ալ փոխուած էր եւ ընթերցողին համար դժուար էր այդ հին արտագրութիւնները հասկնալ։ Թէեւ կարգ մը թարգմանիչներ ջանացին վերակենդանացնել վրացերէն Աստուածաշունչը, բայց Կիօրկիին խաղցած դերը աչքառու էր։ Ան առկայ վրացերէն թարգմանութիւնները համեմատեց յունարէն ձեռագիրներուն հետ, եւ թարգմանեց կորսուած հատուածները, նոյնիսկ՝ լման գիրքեր։ Ցերեկը, ան որպէս վանահայր իր պարտականութիւնները կը կատարէր, իսկ գիշերը Աստուածաշունչը կը թարգմանէր։

Թարգմանելու կողքին, Կիօրկիին ժամանակակիցը Էֆրեմ Մթսիրէ պատրաստեց թարգմանիչներու ուղեցոյց մը։ Ատիկա կը պարփակէր թարգմանութեան հիմնական սկզբունքներ, ինչպէս՝ կարելի եղածին չափ հիմնական բնագրէն թարգմանել եւ անոր մօտէն հետեւիլ, թարգմանութիւնը բնական պահելով։ Ան նաեւ ստորանիշներ եւ լուսանցքի բացատրութիւններ գործածելը սովորական դարձուց վրացերէն թարգմանութիւններուն մէջ։ Էֆրեմ Աստուածաշունչի կարգ մը գիրքերուն բոլորովին նոր թարգմանութիւն մը ըրաւ։ Կիօրկին եւ Էֆրեմը հաստատ հիմ դրին յաւելեալ թարգմանչական աշխատանքներու։

Յաջորդ դարուն ընթացքին, Վրաստանի մէջ գրքի արտադրութիւնը սկսաւ թափ առնել։ Ակադեմիաներ հաստատուեցան Կէլադի եւ Իխալդօ քաղաքներուն մէջ։ Ուսումնականներուն մեծամասնութիւնը կը հաւատայ, թէ Կէլադիի Աստուածաշունչը, որ այժմ Վրաստանի Ձեռագիրներու ազգային կեդրոնին մէջ կը պահուի, ամբողջովին Աստուածաշունչի նոր թարգմանութիւն մըն է, որ Կէլադիի կամ Իխալդոյի մէկ ուսումնականին աշխատանքն է։

Աստուածաշունչը թարգմանելու այս աշխատանքը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ վրացիներուն վրայ։ 12–րդ դարուն, վրացի բանաստեղծ Շոթա Ռըսթավելի գրեց Վէփխիս–թգաօսանի (Յովազի մորթով ասպետ) գիրքը, որ դարեր շարունակ ա՛յնքան ազդեցիկ մնաց որ կոչուեցաւ վրացիներուն երկրորդ Աստուածաշունչը։ Արդի վրացի ուսումնական Ք. Քեքալիտզ կ’ըսէ, թէ հեղինակը ուղղակի Աստուածաշունչէն մէջբերած ըլլայ կամ ոչ, «անոր կարգ մը տեսակէտները ուղղակի կ’արտացոլեն Աստուածաշունչի զանազան հատուածները»։ Թէեւ բանաստեղծութիւնը մեծապէս ռոմանթիկ ոճ ունի, բայց այլազան նիւթերու մասին կը խօսի, ինչպէս՝ իսկական բարեկամութիւն, առատաձեռնութիւն, կին դասակարգին հանդէպ յարգանքի ցուցաբերում եւ օտարին հանդէպ անձնուրաց սիրոյ դրսեւորում։ Աստուածաշունչի սորվեցուցած այս եւ ա՛յլ արժանիքները, դարեր շարունակ դեր խաղցան վրացիներուն մտածելակերպին մէջ, եւ մինչեւ օրս անոնց բարոյական իտէալները կը նկատուին։

ԱՐՔԱՅԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՁԵՌՆԱՐԿԷ

17–րդ դարուն վերջաւորութեան, վրացի արքայական ընտանիքը ուզեց Աստուածաշունչը տպել տալ։ Ասիկա իրագործելու համար, Վախթանգ Զ. թագաւոր Թիֆլիս մայրաքաղաքին մէջ տպարան մը շինել տուաւ։ Բայց Աստուածաշունչը տպուելու պատրաստ չէր։ Ձեւով մը, կարծես թէ վրացերէն Աստուածաշունչը դարձեալ պահուած էր։ Միայն կարգ մը մասերուն կիսկատար ձեռագիրները մատչելի էին, իսկ լեզուն այժմէական չէր։ Աստուածաշունչին վերանայումն ու վերահաստատումը վստահուեցաւ Սուլխան–Սապա Օրպելիանիի, որ լեզուաբան էր։

Օրպելիանի գործի անցաւ։ Քանի որ գիտէր զանազան լեզուներ, ներառեալ՝ յունարէն եւ լատիներէն, ան կրցաւ վրացերէն ձեռագիրներու կողքին տարբեր աղբիւրներու դիմել։ Բայց իր լայնամիտ մօտեցումը ուղղափառ եկեղեցիին հաշւոյն չեկաւ։ Կղերականները ըսին որ ան եկեղեցիին կը դաւաճանէ, եւ թագաւորը համոզեցին որ Օրպելիանիի աշխատանքին վերջ դնէ։ Ըստ վրացական կարգ մը աղբիւրներու, եկեղեցական խորհրդաժողովի մը մէջ կղերականները ստիպեցին, որ Օրպելիանի այրէ այն Աստուածաշունչը, որուն վրայ տարիներ աշխատած էր։

Յատկանշական է որ Սապայի Աստուածաշունչ–էն օրինակ մը, որ մինչեւ օրս վերապրած է, կը բովանդակէ Օրպելիանիի ձեռքով գրուած մեկնաբանութիւններ։ Բայց ոմանք կը կասկածին որ ասիկա այն Աստուածաշունչն է, որուն համար կղերականները խնդիր հանեցին։ Միայն յաւելուածը ստուգապէս Օրպելիանիի վերագրուած է։

Հակառակ դժուարութիւններուն, արքայական ընտանիքէն ոմանց համար Աստուածաշունչի տպագրութիւնը տակաւին առաջնահերթութիւն էր։ 1705–էն մինչեւ 1711, Աստուածաշունչին կարգ մը մասերը տպուեցան։ Վրացի իշխաններուն՝ Պաքարիի եւ Վախուշթիի ջանքերուն շնորհիւ, ամբողջ Աստուածաշունչը վերջապէս տպուեցաւ 1743–ին։ Ատիկա այլեւս կարելի չէ որ պահուած մնայ։

^ պարբ. 3 Վաղեմի օրերուն, գրութեան նիւթերը սակաւաթիւ եւ սուղ էին։ Ուստի, սովորութիւն էր ձեռագիրէն հին գրութիւնը ջնջել եւ զայն դարձեալ գործածել նոր գրութեան մը համար։ Այսպիսի ձեռագիր կը կոչուի կրկնագիր մագաղաթ, ըստ յունարէն բառի մը որ կը նշանակէ «դարձեալ քերթուած»։