Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ. Ե՞ՐԲ ԿԱՆԽԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐՋ ՊԻՏԻ ԳՏՆԷ

Կանխադատութիւնը համաշխարհային խնդիր մըն է

Կանխադատութիւնը համաշխարհային խնդիր մըն է

ԵՐԲ փոքր էր, Ճոնաթան՝ քորէացի–ամերիկացի մը, ցեղային խտրականութեան զոհը գնաց։ Մինչ կը մեծնար, ան միշտ կը փնտռէր վայր մը, ուր մարդիկ զինք պիտի չկանխադատէին իր դիմագիծին կամ ցեղային ենթահողին հիման վրայ։ Յետագային, ան Միացեալ Նահանգներու հիւսիսային Ալասքայի մէկ գիւղաքաղաքին մէջ բժիշկ եղաւ։ Հոն, իր հիւանդներուն մեծամասնութիւնը իր նոյն արտաքին տեսքը ունէր։ Ան յուսաց որ այդ Բեւեռային շրջագծին պաղ հովերուն մէջ, կանխադատութեան աւելի պաղ հովերէն վերջապէս ազատած էր։

Բայց իր այդ յոյսը խորտակուեցաւ, երբ 25 տարեկան կին մը կը բժշկէր։ Մինչ հիւանդը մահաքունէն արթնցաւ, Ճոնաթանի դէմքին նայելով՝ հեգնանքով փուճ բառեր արտասանեց, ցոյց տալով քորէացիներու հանդէպ իր խոր արհամարհանքը։ Ճոնաթանի համար, այս միջադէպը դառն յիշեցում մըն էր, թէ հակառակ իր թափած բոլոր ջանքերուն, պիտի չկարենար կանխադատութենէ խուսափիլ։

Ճոնաթանի փորձառութիւնը կ’ընդգծէ ահռելի իրողութիւն մը. աշխարհին չորս ծայրերը կանխադատութիւնը առկայ է։ Կարծես թէ ամէնուրեք մարդիկ զիրար կը կանխադատեն։

Հակառակ անոր որ կանխադատութիւնը համատարած է, մարդոց մեծամասնութիւնը զայն շուտով կը դատապարտէ։ Ասիկա իսկապէս արտաքին հակասութիւն մըն է։ Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ բան մը որ ա՛յսքան ատելի է, միեւնոյն ժամանակ համատարած ըլլայ։ Բացայայտ է որ կանխադատութիւնը մերժողներէն շատեր զայն իրենց մէջ չեն նկատեր։ Արդեօք քու պարագադ ա՞յս է։ Ինչպէ՞ս կը պատասխանես։

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑ ՄԸ

Գիտակցինք կամ ոչ, դժուար է որ նշմարենք թէ մեր սրտին մէջ որոշ կանխադատութիւններ ունինք։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ այսպէս է պարագան, երբ կը նշէ. «Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ. . . է» (Երեմիա 17։9)։ Ուրեմն, կրնայ ըլլալ որ մենք մեզ կը խաբենք, խորհելով որ ամէն տեսակի մարդոց կը հանդուրժենք։ Կամ թերեւս մենք մեզ համոզենք որ վաւերական պատճառ ունինք որոշ խումբի մարդոց հանդէպ բացասական տեսակէտ ունենալու։

ինչպէ՞ս պիտի զգայիր եթէ այսպիսի պարագայի մը առջեւ գտնուէիր

Լուսաբանելու համար, թէ ինչպէ՛ս դժուար է զատորոշել թէ մեր մէջ կանխադատութիւն կը սնուցանենք կամ ոչ, երեւակայէ հետեւեալ պարագան. մութ գիշերը ճամբան առանձին կը քալես։ Յանկարծ երկու երիտասարդներ, որոնք բոլորովին քեզի անծանօթ են, հեռուէն քու կողմդ կ’ուղղուին։ Անոնք հուժկու են, եւ այնպէս կը թուի թէ անոնցմէ մէկուն ձեռքը բան մը կայ։

Արդեօք կ’եզրակացնե՞ս թէ այս երիտասարդները կեանքիդ կը սպառնան։ Ճիշդ է որ անցեալի փորձառութիւններդ քեզ մղեն որ զգոյշ ըլլաս, բայց ատոնք իսկապէս կ’արդարացնե՞ն եզրակացութիւնդ թէ այս երկու երիտասարդները քեզի վտանգ կը հանդիսանան։ Աւելի քննական հարցում մը. այս երիտասարդները ո՞ր ցեղի կամ էթնիքական խումբի անդամ պիտի խորհէիր։ Այս հարցումին պատասխանդ շատ բան պիտի յայտնէ։ Թերեւս ցոյց տայ, թէ որոշ տարողութեամբ դուն արդէն կանխադատութեան սերմերէն ազդուած ես։

Եթէ մեր անձին հետ պարկեշտ ըլլանք, պէտք է խոստովանինք թէ այս կամ այն կերպով եւ տարբեր աստիճաններով կանխադատութիւն ունինք։ Նոյնիսկ Աստուածաշունչը կ’ընդունի թէ մարդ արարածը կանխադատութեան հասարակ կերպ մը ունի, երբ կ’ըսէ. «Մարդը երեւցածին կը նայի» (Ա. Թագաւորաց 16։7)։ Քանի որ բոլո՛րս այս մարդկային հակումը ունինք,– որ յաճախ աղէտալի հետեւանքներ յառաջ կը բերէ,– արդեօք յոյս կա՞յ որ անձամբ կրնանք կանխադատութիւնը յաղթահարել, եւ պիտի կարենա՞նք կանխադատութենէ զերծ աշխարհ մը տեսնել։