Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒԴ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ

Չարագործէ մը ի՞նչ կրնանք սորվիլ

Չարագործէ մը ի՞նչ կրնանք սորվիլ

Ձախ պատկերին մէջ կը տեսնե՞ս այս տղամարդը, որուն հետ Յիսուս կը խօսի։ Անիկա է այն չարագործը, որմէ կրնանք սորվիլ։ Ան իր գործած սխալներուն համար զղջացած է։ Ան Յիսուսին կ’ըսէ. «Յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս»։ Ինչպէս որ կը տեսնես պատկերին մէջ, Յիսուսն ալ իրեն հետ կը խօսի։ Գիտե՞ս անոր ինչ կ’ըսէ *։— Յիսուս իրեն այս խոստումը կու տայ. «Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս»։

Քու կարծիքովդ, Դրախտը ինչպիսի՞ վայր պիտի ըլլայ։— Ճիշդ կերպով պատասխանելու համար, խօսինք այն դրախտին մասին, որ Աստուած պատրաստեց, երբ առաջին տղամարդն ու կինը՝ Ադամն ու Եւան, ստեղծեց։ Ո՞ւր էր այդ դրախտը։ Երկնքի՞ մէջ էր, թէ ոչ՝ երկրի վրայ։

Այո՛, ճիշդ պատասխանն է՝ երկրի վրայ։ Ուրեմն, երբ Յիսուս չարագործին ըսաւ որ «դրախտին մէջ» պիտի ըլլայ, կը հասկնանք որ ան դրախտի վերածուած այս երկրին վրայ պիտի ապրի։ Այդ դրախտը ինչպիսի՞ վայր պիտի ըլլայ։— Տեսնե՛նք։

Եհովա Աստուած Ադամն ու Եւան ստեղծելէ ետք, Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ ան զանոնք դրախտի մը մէջ դրաւ, հո՛ս՝ երկրի վրայ։ Ատիկա կը կոչուէր ‘Եդեմի պարտէզ’։ Կրնա՞ս երեւակայել թէ ‘Եդեմի պարտէզը’ որքա՜ն հոյակապ ըլլալու էր։— Վստահաբար, անիկա ապրելու ամէնէն գեղեցիկ վայրն էր։

Քու կարծիքովդ, Յիսուս հոս երկրի՞ վրայ պիտի ըլլայ այն զղջացող չարագործին հետ։— Ո՛չ։ Ան երկնքէն որպէս Թագաւոր պիտի իշխէ դրախտային երկրին վրայ։ Ուրեմն, Յիսուս չարագործին հետ պիտի ըլլայ, այն իմաստով որ ան չարագործին յարութիւն պիտի տայ եւ լաւ կերպով իրեն հոգ պիտի տանի։ Բայց Յիսուս ինչո՞ւ թոյլ պիտի տայ որ նախապէս չարագործ եղող մը դրախտին մէջ ապրի։— Քիչ մը խօսինք ասոր մասին։

Ճիշդ է որ այս չարագործը շատ գէշ բաներ ըրաւ։ Բայց միլիառաւոր մարդիկ, որոնք երկրի վրայ ապրած են, նոյնպէս շատ գէշ բաներ ըրած են։ Սակայն շատեր գէշ բաներ ըրին, քանի որ բնաւ Եհովային մասին եւ անոր սիրած ու չսիրած բաներուն մասին չսորվեցան։

Ուստի, անոնք ե՛ւ այն չարագործը՝ որուն հետ Յիսուս խօսեցաւ, յարութիւն պիտի առնեն, որպէսզի հոս՝ դրախտային երկրի վրայ՝ ապրին։ Անոնք Աստուծոյ կամքը պիտի սորվին, ապա պիտի կարենան փաստել թէ զինք կը սիրեն։

Գիտե՞ս ինչպէս կրնան այդ մէկը փաստել։— Աստուծոյ ուզած բաները ընելով։ Ուրեմն, ի՜նչ աղուոր պիտի ըլլայ ապրիլ դրախտին մէջ եւ միշտ ըլլալ անհատներու հետ, որոնք Եհովան եւ զիրար կը սիրեն։

Աստուածաշունչէդ կարդա՛

^ պարբ. 3 Եթէ պզտիկի մը հետ կը կարդաս, ամէն անգամ որ գծիկը տեսնես, կանգ առ եւ պզտիկը քաջալերէ որ արտայայտուի։