Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ ՔՍԱՆԵՐԿՈՒ

Հաւատարիմ մնաց փորձութիւններու դիմաց

Հաւատարիմ մնաց փորձութիւններու դիմաց

1, 2. Պետրոս հաւանաբար ի՞նչ կը յուսար, մինչ Յիսուս Կափառնայումի մէջ կը խօսէր, սակայն փոխարէնը ի՞նչ պատահեցաւ։

ՊԵՏՐՈՍ մտահոգ էր։ Ան ուշադրութեամբ կը նայէր Կափառնայումի ժողովարանին մէջ հաւաքուած մարդոց դէմքերուն, որոնք եկած էին Յիսուսին մտիկ ընելու։ Կափառնայումը, որ կը գտնուէր Գալիլիոյ ծովուն հիւսիսային ափը, իր քաղաքն էր, իր ձկնորսութեան վայրը։ Հոն կ’ապրէին իր ընկերները, ազգականները եւ գործընկերները։ Պետրոս անկասկած կը յուսար, որ իր քաղաքացիները Յիսուսը պիտի նկատեն այնպէս՝ ինչպէս ի՛նք կը նկատէր, եւ իրեն պէս շատ պիտի ոգեւորուէին մեծագոյն ուսուցիչէն սորվելով Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։ Բայց այդպէս չեղաւ։

2 Շատեր դադրեցան Յիսուսին խօսքերը լսելէ։ Ոմանք բարձրաձայն կը տրտնջային՝ համամիտ չըլլալով իր ըսածներուն։ Սակայն Յիսուսի աշակերտներէն ոմանց հակազդեցութիւնը, շատ աւելի անհանգստացուց Պետրոսը։ Անոնց դէմքին վրայ ա՛լ չկար լուսաբանուելու եւ ճշմարտութիւնը սորվելու ուրախութիւնը, այլ անոնք այժմ տխուր եւ նոյնիսկ դառնացած էին։ Ոմանք արտայայտուեցան, թէ Յիսուսի խօսքերը զարհուրելի էին։ Ուստի անոնք այլեւս չուզեցին լսել, հեռացան ժողովարանէն եւ դադրեցան Յիսուսին հետեւելէ (կարդա՛ Յովհաննէս 6։61, 67

3. Պետրոսի հաւատքը իրեն օգնեց որ բազմիցս ի՞նչ ընէր։

3 Դժուար ժամանակ մըն էր Պետրոսին եւ միւս առաքեալներուն համար։ Պետրոս լիովին չէր ըմբռնած ինչ որ Յիսուս ըսաւ այդ օրը։ Անկասկած, ան կրնար տեսնել թէ Յիսուսի խօսքերը ինչո՛ւ նեղացուցիչ կրնային թուիլ, եթէ բառացիօրէն առնուէին։ Պետրոս ի՞նչ պիտի ընէր։ Ասիկա առաջին անգամը չէր որ իր Տէրոջ հանդէպ իր հաւատարմութիւնը փորձի կ’ենթարկուէր. ոչ ալ վերջինը պիտի ըլլար։ Տեսնենք թէ իր հաւատքը ինչպէ՛ս օգնեց այդպիսի դժուարութիւններ յաղթահարելու եւ հաւատարիմ մնալու։

Հաւատարիմ՝ մինչ ուրիշներ անհաւատարիմ եղան

4, 5. Յիսուս ինչպէ՞ս մարդոց ակնկալածին հակառակ գործեց։

4 Յիսուսի խօսքերն ու արարքները յաճախ կը զարմացնէին Պետրոսը։ Իր Տէրը կրկին անգամ կ’ըսէր ու կ’ընէր բաներ, որոնք մարդոց ակնկալածէն տարբեր էին։ Մէկ օր առաջ, ան հրաշքով հազարաւորներ կերակրած էր։ Առ ի հակազդեցութիւն, բազմութիւնը փորձած էր զինք թագաւոր դարձնել։ Սակայն ի զարմանք բոլորին, ան բազմութենէն զատուեցաւ եւ իր աշակերտներուն պատուիրեց որ նաւ նստին եւ դէպի Կափառնայում ուղղուին։ Գիշերը, մինչ աշակերտները կը շարունակէին թիավարել, Յիսուս նորէն զարմացուց զանոնք, երբ Գալիլիոյ փոթորկալից ծովուն վրայ քալեց՝ հաւատքի կարեւոր դաս մը սորվեցնելով Պետրոսին։

5 Առաւօտեան, անոնք տեսան թէ այդ նոյն բազմութիւնը իրենց հետեւելով՝ լիճին միւս կողմը անցեր էր։ Սակայն, ակներեւաբար, այդ ժողովուրդը չէր եկած իր հոգեւոր ծարաւը յագեցնելու։ Բազմութիւնը կ’ուզէր որ Յիսուս նորէն հրաշքով կերակուր տար։ Սակայն Յիսուս յանդիմանեց զանոնք, իրենց նիւթապաշտ հոգիին համար (Յովհ. 6։25-27)։ Այդ քննարկութիւնը շարունակուեցաւ, երբ Յիսուս Կափառնայումի մէջ անգամ մը եւս իր ունկնդիրները անակնկալի բերաւ՝ ջանալով կենսական, բայց դժուարիմաց ճշմարտութիւն մը սորվեցնել։

6. Յիսուս ի՞նչ լուսաբանութիւն մը տուաւ, եւ իր ունկնդիրները ինչպէ՞ս հակազդեցին։

6 Յիսուս կ’ուզէր որ մարդիկ զինք նկատէին ոչ թէ որպէս ֆիզիքական կերակուրի աղբիւր, այլ՝ որպէս Աստուծոյ կողմէ տրուած հոգեւոր կարգադրութիւն մը,– այն անձը, որուն մարդկային կեանքն ու մահը՝ յաւիտենական կեանքի դուռը պիտի բանար մարդկութեան դիմաց։ Ուստի ան ինքզինք համեմատեց մանանային հետ, այն հացը որ երկինքէն իջաւ Մովսէսի օրերուն։ Երբ ոմանք հակառակեցան, ան վառ լուսաբանութիւն մը գործածեց, բացատրելով թէ կեանք ստանալու համար անհրաժեշտ էր իր մարմինը ուտել եւ իր արիւնը խմել։ Այս հանգրուանին էր որ հակառակութիւնը աւելի սաստկացաւ։ Ոմանք ըսին. «Խիստ է այդ խօսքը, ո՞վ կրնայ ատոր մտիկ ընել»։ Յիսուսի աշակերտներէն շատեր որոշեցին այլեւս չհետեւիլ իրեն * (Յովհ. 6։48-61, 67

7, 8. ա) Պետրոս ի՞նչ բան դեռ չէր ըմբռնած Յիսուսի դերին առնչութեամբ։ բ) Պետրոս ինչպէ՞ս պատասխանեց առաքեալներուն ուղղուած Յիսուսի հարցումին։

7 Արդ՝ Պետրոս ի՞նչ պիտի ընէր։ Ինքն ալ շփոթած ըլլալու էր Յիսուսի խօսքերուն վրայ։ Ան դեռ չէր ըմբռնած, թէ Յիսուս պէտք էր մեռնէր, որպէսզի Աստուծոյ կամքը կատարէր։ Ան պիտի հետեւէ՞ր այդ փոփոխամիտ աշակերտներուն, որոնք այդ օրը լքեցին Յիսուսը։ Ո՛չ։ Պետրոս կարեւոր յատկութիւն մը ունէր, որ զինք այդ մարդոցմէ տարբեր կը դարձնէր։ Ի՞նչ էր անիկա։

8 Յիսուս իր առաքեալներուն դառնալով ըսաւ. «Միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք երթալ» (Յովհ. 6։68)։ Ան իր խօսքը տասներկուքին ուղղեց, բայց ըստ սովորականին, Պետրոսն էր որ պատասխանեց։ Հաւանաբար ան տարիքով բոլորէն մեծ էր։ Ամէն պարագայի, ան միւս առաքեալներէն շատ աւելի կ’արտայայտուէր. այնպէս կը թուի թէ Պետրոս չէր վարաներ իր մտքինը յայտնելու։ Այս անգամ, իր մտքին մէջ կար այս գեղեցիկ եւ յիշարժան խօսքը. «Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս» (Յովհ. 6։69

9. Պետրոս ինչպէ՞ս հաւատարմութիւն ցուցաբերեց Յիսուսի հանդէպ։

9 Պետրոսի այս խօսքը սրտիդ չի՞ դպչիր։ Յիսուսի հանդէպ իր հաւատքը իրեն օգնած էր շատ կարեւոր յատկութիւն մը մշակելու. հաւատարմութիւն։ Ան յստակօրէն կը տեսնէր թէ Յիսուս Եհովայի հայթայթած միակ Փրկիչն էր, եւ թէ Յիսուսն էր որ փրկութեան յոյս կու տար իր խօսքերով,– Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին սորվեցնելով։ Պետրոս գիտէր, որ նոյնիսկ եթէ կարգ մը բաներ չհասկնար, ան ուրիշ տեղ մը չէր կրնար երթալ, եթէ կ’ուզէր Աստուծոյ հաւանութիւնը շահիլ եւ յաւիտենական կեանքի օրհնութիւնը ձեռք ձգել։

Հարկ է որ հաւատարիմ մնանք Յիսուսի ուսուցումներուն, նոյնիսկ եթէ մեզի զարմանալի թուին կամ մեր նախընտրութիւններուն համապատասխան չըլլան

10. Ներկայիս ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել Պետրոսի հաւատարմութիւնը։

10 Դուն ալ այդպէս կը զգա՞ս։ Ցաւօք սրտի, ներկայիս շատեր կը դաւանին թէ կը սիրեն Յիսուսը, սակայն հաւատարիմ չեն իրեն։ Քրիստոսին անկեղծօրէն հաւատարիմ ըլլալու համար, հարկ է որ Պետրոսին տեսակէտը որդեգրենք՝ Յիսուսի ուսուցումներուն առնչութեամբ։ Պէտք է սորվինք զանոնք, ըմբռնենք անոնց իմաստը եւ կիրարկենք մեր կեանքին մէջ,– նոյնիսկ եթէ մեզի զարմանալի թուին կամ մեր նախընտրութիւններուն համապատասխան չըլլան։ Միայն հաւատարիմ մնալով է որ կրնանք յոյս ունենալ յաւիտենական կեանք ստանալու, ինչ որ Յիսուս կ’ուզէ մեզի համար (կարդա՛ Սաղմոս 97։10

Հաւատարիմ՝ մինչ կը յանդիմանուէր

11. Յիսուս իր հետեւորդները ո՞ւր տարաւ (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

11 Այդ բազմազբաղ օրերէն կարճ ժամանակ մը ետք, Յիսուս իր առաքեալներուն եւ կարգ մը աշակերտներուն հետ, երկայն ճամբայ մը բռնեց դէպի հիւսիս։ Անոնց առջեւ կար Հերմոն լեռը։ Խոստացեալ երկրին հիւսիսային սահմանին վրայ գտնուող այս լերան ձիւնապատ գագաթը, երբեմն նոյնիսկ Գալիլիոյ ծովուն կապոյտ ջուրերէն յստակ կ’երեւնար։ Խումբը դէպի Փիլիպպոսի Կեսարիոյ մօտակայքը եղող գիւղերը որքա՛ն բարձրանար, այնքա՛ն մօտիկ կ’երեւնար լեռը *։ Այս հիասքանչ վայրին մէջ, ուրկէ կարելի էր տեսնել դէպի հարաւ գտնուող Խոստացեալ երկրին մեծ մասը, Յիսուս կարեւոր հարցում մը ուղղեց իր հետեւորդներուն։

12, 13. ա) Յիսուս ինչո՞ւ ուզեց գիտնալ բազմութեան կարծիքը իր ինքնութեան մասին։ բ) Յիսուսին ուղղուած իր խօսքերով, Պետրոս ինչպէ՞ս անկեղծ հաւատք ցոյց տուաւ։

12 «Ժողովուրդը ինծի համար ո՞վ կ’ըսեն թէ եմ», հարցուց Յիսուս։ Կրնանք պատկերացնել թէ Պետրոս ինչպէ՛ս կը նայէր Յիսուսի աչքերուն, որոնց մէջ անգամ մը եւս կը տեսնէր իր Տէրոջ ազնուութիւնն ու խորին իմաստութիւնը։ Յիսուս կ’ուզէր գիտնալ թէ մարդիկ իր մասին ի՛նչ գաղափար կազմած էին՝ տեսնելով իր գործերը եւ լսելով իր խօսքերը։ Աշակերտները հարցումին պատասխանեցին՝ Յիսուսի ինքնութեան մասին տարածուած կարգ մը սխալ կարծիքներ կրկնելով։ Բայց Յիսուս կ’ուզէր աւելին գիտնալ։ Արդեօք իրեն մօտէն հետեւողնե՞րն ալ նոյն սխալը պիտի ընէին։ «Հապա դո՞ւք ինծի համար ով կ’ըսէք թէ եմ», հարցուց ան (Ղուկ. 9։18-20

13 Պետրոս դարձեալ շտապեց պատասխանելու։ Ան պարզ եւ համարձակ կերպով ըսաւ ինչ որ իր, ինչպէս նաեւ շատերու սրտին մէջ կար։ «Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին», ըսաւ ան։ Կրնա՞ս պատկերացնել Յիսուսի ջերմ ժպիտն ու գովասանքը, առ ի նշան իր հաճութեան։ Յիսուս Պետրոսին յիշեցուց, որ ոչ թէ ոեւէ մարդ, այլ Եհովա Աստուածն է որ այս կարեւոր ճշմարտութիւնը յստակացուցած էր անկեղծ հաւատքի տէր մարդոց։ Պետրոս կրցած էր ըմբռնել Եհովայի բացայայտած մեծագոյն ճշմարտութիւններէն մէկը,– երկար ատենէ խոստացուած Մեսիային կամ Քրիստոսին ինքնութի՛ւնը (կարդա՛ Մատթէոս 16։16, 17

14. Յիսուս ի՞նչ կարեւոր առանձնաշնորհումներ տուաւ Պետրոսին։

14 Այս Քրիստոսը այն անձն էր, որ վաղեմի մարգարէութեան մէջ կոչուեցաւ այն քարը, որ շինողները պիտի անարգէին (Սաղ. 118։22. Ղուկ. 20։17)։ Յիսուս այս մարգարէութիւններուն ակնարկելով յայտնեց, թէ Եհովան ժողովք մը պիտի հիմնէր ճիշդ այն քարին կամ ժայռին վրայ, որ Պետրոս քիչ առաջ անուանած էր՝ Քրիստոս։ Ապա, Յիսուս Պետրոսին շատ կարեւոր առանձնաշնորհումներ տուաւ այդ ժողովքին մէջ։ Ան միւս առաքեալներէն աւելի բարձր պաշտօն մը չտուաւ Պետրոսին, ինչպէս ոմանք ենթադրած են, հապա իրեն պատասխանատուութիւններ տուաւ։ Յիսուս «թագաւորութեան բանալիները» յանձնեց իրեն (Մատ. 16։19)։ Պետրոս առանձնաշնորհումը պիտի ունենար Աստուծոյ Թագաւորութեան յոյսը տալու՝ երեք տեսակ մարդոց,– նախ հրեաներուն, ապա սամարացիներուն եւ յետոյ հեթանոսներուն կամ ոչ–հրեաներուն։

15. Ի՞նչը մղեց որ Պետրոս Յիսուսը յանդիմանէր եւ ի՞նչ ըսաւ անոր։

15 Սակայն, յետագային, Յիսուս ըսաւ թէ որուն որ շատ տրուէր, անկէ աւելի հաշիւ պիտի պահանջուէր, եւ Պետրոս ալ այդ անձերէն մէկն էր (Ղուկ. 12։48)։ Յիսուս շարունակեց կարեւոր ճշմարտութիւններ բացայայտել Մեսիայի մասին, ինչպէս նաեւ այն իրողութիւնը որ պիտի տառապէր եւ մեռնէր Երուսաղէմի մէջ։ Այդ խօսքերը անհանգստացուցին Պետրոսը։ Ան Յիսուսը մէկդի տարաւ եւ յանդիմանեց՝ ըսելով. «Քաւ լիցի, Տէ՛ր, այդ բանը քեզի չըլլայ» (Մատ. 16։21, 22

16. Յիսուս ինչպէ՞ս սրբագրեց Պետրոսը, եւ բոլորս ի՞նչ գործնական խրատ կրնանք գտնել Յիսուսի խօսքերուն մէջ։

16 Պետրոս վստահաբար լա՛ւ շարժառիթով այդպէս խօսեցաւ, ուստի Յիսուսի պատասխանը անակնկալի բերած ըլլալու էր զինք։ Յիսուս իր կռնակը դարձուց Պետրոսին, նայեցաւ միւս աշակերտներուն, որոնք հաւանաբար նոյնանման բան մը կը մտածէին, եւ ըսաւ. «Ետի՛ս գնա, Սատանայ, վասն զի դուն Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները» (Մատ. 16։23. Մար. 8։32, 33)։ Յիսուսի խօսքերը գործնական խրատ մը կը բովանդակեն բոլորիս համար։ Շատ դիւրին է հարցերը մարդկային տեսանկիւնէն դիտել, քան թէ՝ Աստուծոյ։ Եթէ այդպէս ընենք, նոյնիսկ եթէ ուզենք մէկու մը օգնել, կրնայ ըլլալ որ անգիտակցաբար զինք քաջալերենք որ ընէ բան մը, որ Աստուած հաճեցնելու փոխարէն Սատանան կը հաճեցնէ։ Արդեօք Պետրոսի՞ն հակազդեցութիւնը ինչ էր։

17. Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ Պետրոսին ըսաւ. «Ետի՛ս գնա, Սատանայ»։

17 Պետրոս գիտակցած ըլլալու էր, որ Յիսուս ըսել չէր ուզեր թէ ինք Բանսարկու Սատանային պէս չար էր։ Յիսուս մերժած էր Սատանան (Մատ. 4։10)։ Բայց ան չէր մերժեր Պետրոսը, որուն մէջ բազմաթիւ լաւ յատկութիւններ կը տեսնէր։ Ան պարզապէս սրբագրեց Պետրոսի սխալ մտածելակերպը այս առնչութեամբ։ Պետրոս պէտք էր դադրէր իր Տէրոջ խոչընդոտ ըլլալէ եւ «իր ետեւը անցնելով»՝ թիկունք կանգնէր իրեն։

Միայն խոնարհաբար խրատը ընդունելով եւ անկէ սորվելով է որ կրնանք շարունակաբար մօտենալ Յիսուս Քրիստոսի եւ անոր Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ

18. Պետրոս ինչպէ՞ս հաւատարմութիւն ցուցաբերեց, եւ ինչպէ՞ս կրնանք զինք ընդօրինակել։

18 Արդեօք Պետրոս վիճեցա՞ւ, բարկացա՞ւ կամ խոժոռեցա՞ւ։ Ո՛չ։ Ան խոնարհութեամբ ընդունեց յանդիմանութիւնը, այսպիսով՝ ան դարձեալ հաւատարմութիւն ցուցաբերեց։ Քրիստոսի բոլոր հետեւորդները ժամանակ առ ժամանակ սրբագրուելու կարիք պիտի ունենան։ Միայն խոնարհաբար խրատը ընդունելով եւ անկէ սորվելով է որ կրնանք շարունակաբար մօտենալ Յիսուս Քրիստոսի եւ անոր Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ (կարդա՛ Առակաց 4։13

Պետրոս հաւատարիմ մնաց, նոյնիսկ երբ սրբագրուելու կարիք ունեցաւ

Հաւատարմութիւնը կը վարձատրուի

19. Յիսուս ի՞նչ ապշեցուցիչ խօսք մը ըսաւ, եւ Պետրոս թերեւս ի՞նչ խորհած ըլլար։

19 Յիսուս շուտով մէկ ա՛յլ ապշեցուցիչ միտք ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ Հոս ներկայ եղողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Որդին մարդոյ իր թագաւորութիւնովը եկած» (Մատ. 16։28)։ Այս խօսքերը անկասկած Պետրոսի հետաքրքրութիւնը գրգռեցին։ Յիսուս ի՞նչ ըսել կ’ուզէր։ Թերեւս Պետրոս կը խորհէր որ այդ խիստ յանդիմանութենէն ետք, որ քիչ առաջ ստացած էր, այսպիսի յատուկ առանձնաշնորհումներ պիտի չտրուէին իրեն։

20, 21. ա) Նկարագրէ՛ այն տեսիլքը, որուն Պետրոս ականատես եղաւ։ բ) Կերպարներուն միջեւ դարձած խօսակցութիւնը Պետրոսին ինչպէ՞ս օգնեց իր մտածելակերպը սրբագրելու։

20 Սակայն գրեթէ մէկ շաբաթ ետք, Յիսուս՝ Յակոբոսը, Յովհաննէսն ու Պետրոսը «բարձր լեռ մը» հանեց,– թերեւս Հերմոն լեռը, որ միայն քանի մը քիլոմեթր անդին կը գտնուէր։ Հաւանաբար գիշեր էր, քանի որ առաքեալները անքուն էին։ Բայց մինչ Յիսուս կ’աղօթէր, զարմանալի բան մը պատահեցաւ, որմէ բոլորը սթափեցան (Մատ. 17։1. Ղուկ. 9։28, 29, 32

21 Յիսուս անոնց աչքերուն առջեւ սկսաւ այլակերպիլ,– անոր դէմքը սկսաւ լուսաւորուիլ եւ արեւու պէս փայլիլ, իսկ հագուստը սպիտակափայլ դարձաւ։ Ապա երեւցան երկու կերպարներ, որոնք Յիսուսի քով կեցեր էին. մէկը Մովսէսը կը ներկայացնէր, իսկ միւսը՝ Եղիան։ Անոնք «անոր այս կեանքէն ելլելուն վրայով կը խօսէին, որ Երուսաղէմի մէջ պիտի կատարուէր»,– ակներեւաբար՝ Յիսուսի մահն ու յարութիւնը։ Յստակ էր որ Պետրոս սխալած էր, խորհելով թէ այդպիսի ցաւագին տանջանք մը պիտի չպատահէր Յիսուսին (Ղուկ. 9։30, 31

22, 23. ա) Պետրոս ինչպէ՞ս ջերմեռանդ եւ խանդավառ հոգի մը ցուցաբերեց։ բ) Սոյն գիշերը, Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս ի՞նչ վարձատրութիւն մըն ալ ստացան։

22 Պետրոս ուզեց ձեւով մը մասնակցիլ այս արտասովոր տեսիլքին։ Ան թերեւս ջանաց զայն երկարատեւ դարձնել, որովհետեւ այնպէս կը թուէր թէ Մովսէս եւ Եղիա Յիսուսէն կը հեռանային։ Ուստի Պետրոս ըսաւ. «Վա՛րդապետ, աղէկ է որ հոս կենանք ու երեք խրճիթ շինենք, մէկը՝ քեզի եւ մէկը՝ Մովսէսին ու մէկը՝ Եղիային»։ Անշուշտ, Եհովայի այդ երկու ծառաները, որոնց կերպարները Պետրոս կը տեսնէր, շատո՜նց մահացած էին եւ խրճիթի մը կարիքը չունէին։ Պետրոս չէր գիտեր թէ ի՛նչ կը խօսէր։ Սակայն այս մարդուն ջերմեռանդ ու խանդավառ հոգին քեզ չի՞ հիացներ (Ղուկ. 9։33

Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի հետ միասին, Պետրոս արտակարգ տեսիլքով մը վարձատրուեցաւ

23 Սոյն գիշերը, Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս ա՛յլ վարձատրութիւն մը ստացան։ Լերան վրայ ամպ մը յայտնուեցաւ եւ անոնց վրայ հովանի եղաւ։ Ամպին մէջէն ձայն մը լսուեցաւ. Եհովա Աստուծոյ ձայնը։ Ան ըսաւ. «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, ատոր մտիկ ըրէք»։ Երբ տեսիլքը վերջացաւ՝ անոնք Յիսուսի հետ առանձին էին լերան վրայ (Ղուկ. 9։34-36

24. ա) Այլակերպութեան տեսիլքը ինչպէ՞ս օգտեց Պետրոսը։ բ) Ներկայիս ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ այլակերպութեան տեսիլքէն։

24 Այդ այլակերպումի տեսիլքը իրապէս պարգեւ մըն էր Պետրոսին համար. ինչպէս նաեւ՝ մեզի։ Տասնամեակներ ետք, առաքեալը գրեց, թէ այդ գիշեր պատիւը ունեցած էր կանխաւ Յիսուսը որպէս երկնային Թագաւոր տեսնելու եւ «անոր մեծափառութեանը ականատես»ներէն մէկը ըլլալու։ Այդ տեսիլքը Աստուծոյ Խօսքին բովանդակած շատ մը մարգարէութիւնները հաստատեց եւ Պետրոսին հաւատքը զօրացուց գալիք փորձութիւններուն համար (կարդա՛ Բ. Պետրոս 1։16-19Այդ տեսիլքը մեր հաւատքն ալ կրնայ զօրացնել, եթէ Պետրոսի նման հաւատարիմ մնանք Եհովայի նշանակած Տէրոջը, սորվինք անկէ, ընդունինք անոր խրատն ու յանդիմանութիւնը եւ խոնարհութեամբ անոր հետեւինք ամէն օր։

^ պարբ. 6 Կրնանք ժողովարանին մէջ հաւաքուած բազմութեան փոփոխամիտ ըլլալը տեսնել, եթէ բաղդատենք Յիսուսի խօսքերուն շուրջ անոնց հակազդեցութիւնը ա՛յն արտայայտութիւններուն հետ, որ միայն մէկ օր առաջ ըրին, երբ խանդավառօրէն զինք Աստուծոյ մարգարէ կոչեցին (Յովհ. 6։14

^ պարբ. 11 Անոնք Գալիլիոյ ծովափէն մօտ 50 քմ քալեցին։ Երբ ճամբայ ելան, Մեծ ծովուն մակերեսէն մօտ 210 մ ցած էին։ Իսկ երբ հասան Հերմոն լերան լանջին, մօտ 350 մ բարձրութեան վրայ էին։ Անոնց կտրած ճամբաները հարուստ էին բնութեան գեղեցիկ տեսարաններով։