Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ ՏԱՍՆԻՆԸ

Ան պաշտպանեց, ան հայթայթեց, ան յարատեւեց

Ան պաշտպանեց, ան հայթայթեց, ան յարատեւեց

1, 2. ա) Յովսէփն ու իր ընտանիքը ի՞նչ փոփոխութիւններու առջեւ գտնուեցան։ բ) Յովսէփ ո՞ր տխուր լուրը ստիպուեցաւ տալ իր կնոջ։

ՅՈՎՍԷՓ բեռ մը եւս կը դնէ աւանակին կռնակը։ Պատկերացուր թէ ան մութին մէջ ինկած Բեթլեհէմ գիւղը կը դիտէ, մինչ ձեռքով անասունին կողը կը հարուածէ։ Անկասկած, ան կը մտածէ այն երկար ճամբորդութեան մասին դէպի Եգիպտոս,– օտար ժողովուրդ, օտար լեզու, օտար մշակոյթ։ Արդեօք իր պզտիկ ընտանիքը ինչպէ՞ս պիտի վարժուի այդպիսի մեծ փոփոխութեան։

2 Դիւրին չէր այդ տխուր լուրը իր սիրելի կնոջ յայտնելը, բայց Յովսէփ ինքզինք հաւաքեց եւ խօսեցաւ։ Ան Մարիամին պատմեց իր երազը, ուր հրեշտակ մը Աստուծոյ կողմէ պատգամ մը տուած էր իրեն. Հերովդէս թագաւորը իրենց մանչուկին մա՛հը կ’ուզէր։ Անոնք ա՛նյապաղ պէտք էր մեկնէին (կարդա՛ Մատթէոս 2։13, 14Մարիամ խորապէս մտահոգուած էր։ Ինչպէ՞ս կարելի էր որ մէկը ուզէր սպաննել իր անմեղ եւ անվնաս զաւակը։ Ո՛չ Մարիամ եւ ոչ ալ Յովսէփ կրնային այդ բանը հասկնալ։ Բայց անոնք Եհովային վստահեցան եւ պատրաստուեցան ճամբայ ելլելու։

3. Նկարագրէ թէ Յովսէփ ինչպէ՛ս ընտանեօք հեռացաւ Բեթլեհէմէն (տե՛ս նաեւ նկարը)։

3 Իրարայաջորդ դէպքերուն անտեղեակ ըլլալով, Բեթլեհէմ կը քնանար, մինչ Յովսէփ, Մարիամ եւ Յիսուս մթութեան մէջ աննկատելիօրէն կը հեռանային այդ գիւղէն՝ դէպի հարաւ ուղղուելով։ Մինչ արեւելեան կողմը երկինքը կը սկսէր լուսնալ, Յովսէփ հաւանաբար կը մտածէր թէ իրեն ի՛նչ կը սպասէր։ Համեստ ատաղձագործ մը ըլլալով, ան ինչպէ՞ս պիտի կարենար պաշտպանել իր ընտանիքը այդ մեծ ուժերէն։ Միթէ պիտի կարենա՞ր մշտապէս հայթայթել իր ընտանիքին կարիքները։ Պիտի կարենա՞ր յարատեւաբար կատարել այդ ծանրակշիռ նշանակումը, զոր Եհովա Աստուած տուած էր իրեն,– այս առանձնայատուկ երեխան հոգալ ու մեծցնել։ Յովսէփ ծանր մարտահրաւէրներ դիմագրաւեց։ Մինչ նկատի կ’առնենք թէ ան ինչպէ՛ս իր դերը հաւատարմօրէն կատարեց, պիտի տեսնենք թէ ներկայիս, հայրեր, ինչպէս նաեւ բոլորս, ինչո՛ւ պէտք է ընդօրինակենք Յովսէփին հաւատքը։

Յովսէփ պաշտպանեց իր ընտանիքը

4, 5. ա) Յովսէփին կեանքը ինչպէ՞ս բոլորովին փոխուեցաւ։ բ) Հրեշտակ մը ինչպէ՞ս Յովսէփը քաջալերեց՝ ծանր նշանակում մը ստանձնելու։

4 Ամիսներ առաջ, իր ծննդավայրին՝ Նազարէթի մէջ, Յովսէփ նկատեց թէ Հեղիի դուստրին հետ նշանուելէ ետք, իր կեանքը բոլորովին փոխուեցաւ։ Ան գիտէր թէ Մարիամ անմեղ եւ հաւատարիմ երիտասարդուհի մըն էր։ Բայց յետոյ իմացաւ որ ան յղի էր։ Ուստի որոշեց ծածկաբար ամուսնալուծուիլ անկէ, որպէսզի աղջիկը խայտառակութեան չենթարկուէր *։ Սակայն երազի մը մէջ, հրեշտակ մը իրեն խօսեցաւ եւ բացատրեց, թէ Մարիամ Եհովայի սուրբ հոգիին միջոցով յղացած է։ Հրեշտակը աւելցուց, թէ այն որդին որ պիտի ծնի, «իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն պիտի փրկէ»։ Ան Յովսէփին նաեւ հաւաստիացուց՝ ըսելով. «Մի՛ վախնար Մարիամը իբր կին առնելէ» (Մատ. 1։18-21

5 Արդար եւ հնազանդ ըլլալով, Յովսէփ ճիշդ այդպէս ըրաւ։ Ան ամէնէն ծանր նշանակումը ստանձնեց,– մեծցնել եւ հոգ տանիլ զաւկի մը, որ իրենը չէր, բայց ամէնէն թանկագին էակն էր Աստուծոյ աչքին։ Յետագային, կայսերական հրամանագրի մը հնազանդելով, Յովսէփ եւ իր յղի կինը Բեթլեհէմ գացին աշխարհագիր մտնելու։ Հո՛ն էր որ զաւակը ծնաւ։

6-8. ա) Ի՞նչ դէպքեր պատճառ եղան, որ Յովսէփին եւ իր պզտիկ ընտանիքին կեանքը դարձեալ փոխուէր։ բ) Ի՞նչ փաստ կայ, թէ այդ «աստղը» ղրկողը Սատանան էր (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

6 Յովսէփ եւ իր ընտանիքը Նազարէթ չվերադարձան։ Անոնք հաստատուեցան Բեթլեհէմ, որ Երուսաղէմէն միայն քանի մը քիլոմեթր անդին կը գտնուէր։ Թէեւ աղքատ էին, սակայն Յովսէփ իր կարելին ըրաւ Մարիամն ու Յիսուսը պաշտպանելու եւ անոնց հոգ տանելու համար։ Շատ չանցած, անոնք համեստ տուն մը գտան եւ տեղափոխուեցան։ Երբ Յիսուս հաւանաբար մէկ տարեկանը անց էր, անոնց կեանքը դարձեալ անսպասելիօրէն փոխուեցաւ։

7 Օր մը արեւելքէն, հաւանաբար՝ հեռաւոր Բաբելոնէն, խումբ մը տղամարդիկ եկան,– մոգեր կամ աստղագուշակներ։ Անոնք հետեւած էին «աստղի» մը, որ զիրենք բերած էր Յովսէփին եւ Մարիամին տունը։ Այս աստղագուշակները կը փնտռէին այն մանուկը, որ հրեաներուն թագաւորը պիտի դառնար։ Անոնք մեծ յարգանք ցոյց տուին։

8 Գիտէին կամ ոչ, աստղագուշակները Յիսուս մանկիկը վտանգաւոր կացութեան մէջ դրած էին։ Այն «աստղը» որ տեսան, սկիզբը զանոնք առաջնորդած էր ոչ թէ Բեթլեհէմ, այլ Երուսաղէմ *։ Հո՛ն, անոնք չար Հերովդէս թագաւորին ըսին, որ կը փնտռէին մանուկ մը, որ հրեաներուն թագաւորը պիտի դառնար։ Ի հակազդեցութիւն անոնց այս խօսքին՝ թագաւորը նախանձով եւ զայրոյթով լեցուեցաւ։

9-11. ա) Ի՞նչ կերպերով՝ Հերովդէսէն կամ Սատանայէն աւելի հզօր ուժեր կային։ բ) Դէպի Եգիպտոս ճամբորդութիւնը ինչպէ՞ս կը տարբերէր պարականոն առասպելներուն նկարագրածէն։

9 Սակայն ուրախ ենք որ Հերովդէսէն կամ Սատանայէն աւելի հզօր ուժեր կը գործէին։ Ինչպէ՞ս։ Երբ այցելուները Յիսուսի տան մօտեցան եւ զինք իր մօր հետ տեսան, նուէրներ տուին՝ փոխարէնը ոչինչ խնդրելով։ Որքա՜ն անակնկալի եկած ըլլալու էին Յովսէփն ու Մարիամը, երբ անսպասելիօրէն տիրացան արժէքաւոր իրերու, ինչպէս՝ «ոսկի ու կնդրուկ եւ զմուռս»։ Աստղագուշակները մտադրեցին վերադառնալ եւ Հերովդէս թագաւորին տեղեկացնել, թէ ճիշդ ո՛ւր գտած էին մանուկը. սակայն Եհովան միջամտեց։ Երազի մը միջոցով, ան աստղագուշակներուն պատուիրեց որ մէկ ուրիշ ճամբով իրենց երկիրը վերադառնան (կարդա՛ Մատթէոս 2։1-12

10 Աստղագուշակներուն մեկնելէն շատ չանցած, Յովսէփ Եհովայի հրեշտակէն հետեւեալ ազդարարութիւնը ստացաւ. «Ելի՛ր, առ մանուկը ու անոր մայրը ու Եգիպտոս փախիր, հոն կեցիր մինչեւ ես քեզի ըսեմ, քանզի Հերովդէս պիտի փնտռէ այդ մանուկը կորսնցնելու համար» (Մատ. 2։13)։ Ուստի, ինչպէս սկիզբը նշեցինք, Յովսէփ անմիջապէս հնազանդեցաւ։ Ան իր զաւկին կեանքը ամէն բանէ առա՛ջ դասեց եւ իր ընտանիքը Եգիպտոս տարաւ։ Քանի որ այդ հեթանոս աստղագուշակները շատ արժէքաւոր նուէրներ բերած էին, Յովսէփ այժմ կարող էր ընտանեօք այդ ճամբորդութիւնը ընել եւ Եգիպտոս մնալ։

Յովսէփ վճռականօրէն եւ անձնուրացօրէն գործեց՝ իր զաւակը պաշտպանելու համար

11 Յետագային, պարականոն առասպելներ եւ աւանդավէպեր գունազարդեցին այդ ճամբորդութիւնը, դաւանելով թէ Յիսուս մանուկը հրաշքով մը կրճատեց այդ ճամբան, պատճառեց որ աւազակներէն չվնասուին եւ նո՛յնիսկ այնպէս մը ըրաւ, որ արմաւենիներու ճիւղերը ծռին, որպէսզի իր մայրը կարենայ արմաւ ուտել *։ Սակայն իրականութեան մէջ, ատիկա պարզապէս երկար եւ յոգնեցուցիչ ճամբորդութիւն մըն էր դէպի օտարութիւն։

Իր ընտանիքին սիրոյն, Յովսէփ իր իսկ հանգիստը զոհեց

12. Այս վտանգաւոր աշխարհին մէջ զաւակներ մեծցնող ծնողներ ի՞նչ կրնան սորվիլ Յովսէփէն։

12 Ծնողներ շատ բան կրնան սորվիլ Յովսէփէն։ Ան պատրաստակամօրէն դադրեցուց իր գործը եւ իր իսկ հանգիստը զոհեց, որպէսզի իր ընտանիքը վտանգներէ պաշտպանէր։ Ակնյայտ է, որ ան իր ընտանիքը Եհովայի կողմէ տրուած սուրբ պարգեւ մը կը նկատէր։ Ներկայիս, ծնողներ իրենց զաւակները կը մեծցնեն այնպիսի վտանգաւոր աշխարհի մը մէջ, որ կրնայ երեխաներուն կեանքը վտանգել, ապականել կամ նոյնիսկ քանդել։ Ի՜նչ գովելի են այն մայրերն ու հայրերը, որոնք Յովսէփին պէս վճռականօրէն կը գործեն՝ ամէն բան ընելով որ իրենց զաւակները պաշտպանեն այդպիսի ազդեցութիւններէ։

Յովսէփ հայթայթեց իր ընտանիքին կարիքները

13, 14. Յովսէփ եւ Մարիամ ինչո՞ւ Նազարէթ վերադարձան։

13 Այնպէս կը թուի թէ ընտանիքը Եգիպտոսի մէջ երկար ատեն չկեցաւ, որովհետեւ հրեշտակը շուտով Յովսէփին իմացուց թէ Հերովդէս մեռած էր։ Յովսէփ իր ընտանիքը ետ իր հայրենիքը տարաւ։ Վաղեմի մարգարէութիւն մը նախագուշակած էր, թէ Եհովան «Եգիպտոսէն» պիտի կանչէր իր Որդին (Մատ. 2։15)։ Յովսէփ օգնեց որ այդ մարգարէութիւնը կատարուի։ Սակայն այժմ անոնք ո՞ւր պիտի հաստատուէին։

14 Յովսէփ շրջահայեաց եւ իմաստուն էր։ Ան զգուշացաւ Հերովդէսի յաջորդէն՝ Արքեղայոսէն, որ նոյնպէս վայրագ եւ արիւնահեղ անձ մըն էր։ Աստուծոյ առաջնորդութեամբ, Յովսէփ իր ընտանիքը տարաւ դէպի հիւսիս, ետ իր ծննդավայրը՝ Գալիլիոյ Նազարէթը, հեռու Երուսաղէմէն եւ անոր որոգայթներէն։ Յովսէփ եւ Մարիամ հո՛ն հաստատուեցան (կարդա՛ Մատթէոս 2։19-23

15, 16. ա) Նկարագրէ՛ Յովսէփին գործը։ բ) Ան թերեւս ի՞նչ գործիքներ կը գործածէր։

15 Անոնք պարզ՝ բայց դժուար կեանք մը կը վարէին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Յովսէփ ատաղձագործ էր, գործածելով բառ մը, որ ցոյց կու տար թէ ան փայտին վրայ կ’աշխատէր զանազան կերպերով։ Ան ծառը կը կտրէր եւ քաշելով իր արհեստանոցը կը տանէր։ Փայտերը կը չորցնէր, որպէսզի կարենար ատոնցմով շինել՝ տուներ, նաւակներ, պզտիկ կամուրջներ, կառքեր, անիւներ, լուծեր եւ ամէն տեսակ հողագործական գործիքներ (Մատ. 13։55)։ Իսկապէս ֆիզիքական ծանր գործ մըն էր։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, ատաղձագործ մը յաճախ կ’աշխատէր իր համեստ տան բակը, կամ՝ իր տան կցուած արհեստանոցին մէջ։

16 Յովսէփ կը գործածէր տարբեր գործիքներ, որոնցմէ քանի մը հատը հաւանաբար իր հօրմէն մնացած էր։ Ան թերեւս կը գործածէր անկիւնաչափ, ուղղալար, կաւիճով պատուած պարան, կացին, սղոց, ուրագ, մուրճ, թակ, դուր, գայլիկոն՝ որուն աղեղը առջեւ–ետեւ շարժելով փայտը կը ծակուէր, նաեւ՝ տարբեր խէժեր եւ թերեւս գամեր, որոնք սուղ կ’ըլլային։

17, 18. ա) Յիսուս ի՞նչ սորվեցաւ զինք որդեգրած հօրմէն։ բ) Յովսէփ ինչո՞ւ պէտք էր աւելի ծանր աշխատէր իր արհեստին մէջ։

17 Երեւակայէ թէ դեռատի Յիսուս ինչպէ՛ս կը դիտէր զինք որդեգրած հօր աշխատանքը։ Տղեկը աչքերը լայն բացած՝ շատ ուշադրութեամբ կը հետեւէր Յովսէփի իւրաքանչիւր շարժումին։ Յիսուս անկասկած կը հիանար տեսնելով այն ուժը, որ կար իր հօր թիկնեղ ուսերուն եւ մկանոտ բազուկներուն մէջ, այն հմտութիւնը՝ որ կը տեսնուէր իր ձեռքերուն մէջ եւ այն իմաստութիւնը՝ որ կ’արտացոլար իր աչքերէն։ Թերեւս Յովսէփ սկիզբը իր տղեկին ցոյց տուաւ որոշ պարզ գործեր, օրինակ՝ ինչպէս չորցած ձուկի կաշին գործածել, փայտին խորթուփորթ տեղերը հարթելու համար։ Ան հաւանաբար Յիսուսին սորվեցուց իր գործածած փայտի տեսակներուն տարբերութիւնը, ինչպէս՝ ժանտաթզենին, կաղնին կամ ձիթենին։

Յովսէփ իր որդւոյն ատաղձագործութիւն սորվեցուց

18 Յիսուս նաեւ հասկցաւ, թէ ծառեր տապալող, գերաններ տաշող եւ մուրճի հարուածներով փայտեր միացնող այդ ուժեղ ձեռքերը նաեւ նուրբ ձեռքեր էին, որոնք կը գրկէին ու կը փայփայէին զինք, ինչպէս նաեւ իր մայրն ու քոյր–եղբայրները։ Այո, ժամանակի ընթացքին, Յովսէփի եւ Մարիամի ընտանիքը մեծցաւ. անոնք ունեցան առնուազն վեց զաւակ՝ Յիսուսէն զատ (Մատ. 13։55, 56)։ Յովսէփ պէտք էր աւելի ծանր աշխատէր, որպէսզի բոլորին հոգ տանէր եւ կերակրէր։

Յովսէփ կը գիտակցէր թէ իր ընտանիքին հոգեւո՛ր կարիքները հոգալը աւելի կարեւոր էր

19. Յովսէփ ինչպէ՞ս հոգաց իր ընտանիքին հոգեւոր կարիքները։

19 Սակայն ան կը գիտակցէր, թէ իր ընտանիքին հոգեւո՛ր կարիքները հոգալը աւելի կարեւոր էր։ Ուստի ան ժամանակ տրամադրեց, իր զաւակներուն սորվեցնելով Եհովա Աստուծոյ եւ անոր օրէնքներուն մասին։ Ինքն ու Մարիամ զանոնք կանոնաւորաբար կը տանէին իրենց մօտ գտնուող մէկ ժողովարանը, ուր Օրէնքը բարձրաձայն կը կարդացուէր ու կը բացատրուէր։ Կրնայ ըլլալ որ Յիսուս այնուհետեւ բազմաթիւ հարցումներ կ’ունենար, եւ Յովսէփ ամէն ջանք կը թափէր տղուն հոգեւոր ծարաւը յագեցնելու համար։ Յովսէփ իր ընտանիքը նաեւ Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցող կրօնական տօնակատարութիւններուն կը տանէր։ Տարեկան Պասեքին համար, թերեւս երկու շաբաթ առնէր որ Յովսէփ ընտանեօք 120 քմ ճամբայ կտրելով հասնէր Երուսաղէմ, մասնակցէր այդ տօնին եւ ետ տուն դառնար։

Յովսէփ իր ընտանիքը կանոնաւորաբար պատշամունքի կը տանէր Երուսաղէմի տաճարին մէջ

20. Քրիստոնեայ ընտանիքներու գլուխները ինչպէ՞ս կրնան հետեւիլ Յովսէփի օրինակին։

20 Ներկայիս, քրիստոնեայ ընտանիքներու գլուխները նոյն օրինակին կը հետեւին։ Անոնք իրենց անձը կը տրամադրեն իրենց զաւակներուն համար, հոգեւոր մարզումը ամէն բանէ առա՛ջ դասելով՝ նոյնիսկ նիւթական հանգստաւէտութենէն։ Անոնք ամէն զոհողութիւն կ’ընեն, որպէսզի կարենան տան մէջ ընտանեկան պաշտամունք ընել եւ իրենց զաւակները տանիլ քրիստոնէական հանդիպումներու,– ժողովներու եւ համաժողովներու։ Յովսէփի նման, անոնք գիտեն թէ ատկէ աւելի լաւ բան չկայ, զոր կրնան ընել իրենց զաւակներուն համար։

«Խիստ վշտացած»

21. ա) Պասեքի ժամանակաշրջանը ինչպիսի՞ն էր Յովսէփի ընտանիքին համար։ բ) Ե՞րբ էր որ Յովսէփ եւ Մարիամ անդրադարձան թէ Յիսուս չկար։

21 Երբ Յիսուս 12 տարեկան էր, Յովսէփ, սովորականին պէս, ընտանեօք Երուսաղէմ գնաց։ Պասեքի տօնական շրջանն էր, եւ բազմանդամ ընտանիքներ, երկայն կարաւաններ կազմած՝ խոտաւէտ գիւղադաշտերէն կ’անցնէին։ Եւ երբ կը մօտենային բարձրադիր Երուսաղէմի մօտակայ լերկ բլուրներուն, շատեր կը սկսէին երգել աստիճաններուն սաղմոսները, որոնք հռչակաւոր էին (Սաղ. 120-134)։ Քաղաքը հաւանաբար հարիւր հազարաւոր մարդոցմով խճողուած կ’ըլլար։ Տօնէն ետք, ընտանիքները իրենց կարաւաններով տուն դարձի ճամբան կը բռնէին։ Յովսէփ եւ Մարիամ, թերեւս շատ բազմազբաղ ըլլալով, կարծեցին թէ Յիսուս միւսներուն հետ կը քալէր. հաւանաբար ընտանիքի անդամներուն հետ։ Անոնք Երուսաղէմէն մէկ օրուան ճամբայ կտրելէն ետքն էր որ անդրադարձան այն սարսափելի իրողութեան, թէ Յիսուս չկար (Ղուկ. 2։41-44

22, 23. Յովսէփ եւ Մարիամ ի՞նչ ըրին իրենց կորսուած տղուն համար։ բ) Մարիամ ի՞նչ ըսաւ, երբ վերջապէս գտան զինք։

22 Խելայեղօրէն, անոնք վազեցին դէպի Երուսաղէմ։ Երեւակայէ թէ այժմ քաղաքը իրենց աչքին որքա՜ն ամայի երեւցած ըլլալու էր, մինչ փողոցէ փողոց կ’անցնէին իրենց տղուն անունը կանչելով, բայց ապարդիւն։ Տղեկը ո՞ւր կրնար ըլլալ։ Այս դէպքին վրայ երեք օր անցնելէն ետք, արդեօք Յովսէփ մտածե՞ց թէ չէր կրցած Եհովայի կողմէ վստահուած այս սուրբ պարգեւը պահել–պահպանել։ Ի վերջոյ անոնք տաճարը գացին։ Փնտռելով հասան գաւիթ մը, ուր Օրէնքը սորված ուսեալ տղամարդիկ հաւաքուած էին. Յիսուս անոնց հետ նստած էր։ Երեւակայէ թէ Յովսէփ եւ Մարիամ զինք տեսնելով որքա՜ն հանգստացան (Ղուկ. 2։45, 46

23 Յիսուս ուսեալ տղամարդոց մտիկ կ’ընէր եւ հետաքրքրութեամբ անոնց հարցումներ կ’ուղղէր։ Անոնք զարմացած էին մանչուն իմաստութեան եւ պատասխաններուն վրայ։ Սակայն Մարիամ եւ Յովսէփ ապշած մնացին։ Աստուածաշունչը Յովսէփին հակազդեցութիւնը չի նշեր, բայց Մարիամին խօսքերը երկուքի՛ն անունով էին։ Ան ըսաւ. «Ո՛րդեակ, ինչո՞ւ համար մեզի այդպէս ըրիր. ահա քու հայրդ ու ես խիստ վշտացած քեզ կը փնտռէինք» (Ղուկ. 2։47, 48

24. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս իրապաշտօրէն կը նկարագրէ ծնողութիւնը։

24 Այո, Աստուածաշունչի այս արձանագրութիւնը իրապաշտօրէն կը նկարագրէ ծնողութիւնը։ Ծնող ըլլալը դիւրին չէ,– նոյնիսկ եթէ զաւակը կատարեալ է։ Այսօրուան վտանգաւոր աշխարհին մէջ, ծնողութիւն ընելը կրնայ ‘խիստ վիշտեր’ յառաջացնել, սակայն թէ՛ հայրերը եւ թէ մայրերը կրնան մխիթարուիլ՝ գիտնալով թէ Աստուածաշունչը կը խօսի իրենց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։

25, 26. ա) Յիսուս ինչպէ՞ս պատասխանեց իր ծնողներուն։ բ) Յովսէփ հաւանաբար ի՞նչ զգաց իր որդւոյն խօսքերուն վրայով։

25 Յիսուս մնացեր էր տաճարին մէջ, որ աշխարհի վրայ միակ տեղն էր, ուր կրնար ա՛լ աւելի մօտիկ զգալ իր երկնաւոր Հօր՝ Եհովային, ինչպէս նաեւ Անոր մասին անյագաբար սորվիլ ինչ որ կրնար։ Ան իր ծնողներուն անկեղծութեամբ պատասխանեց. «Զիս ինչո՞ւ կը փնտռէիք. չէի՞ք գիտեր թէ ինծի պէտք է որ իմ Հօրս տունը ըլլամ» (Ղուկ. 2։49

26 Անկասկած, Յովսէփ այդ խօսքերուն վրայ շատ անգամ մտածեց եւ թերեւս անոնց վրայով պարծանքով լեցուեցաւ։ Ի վերջոյ, ան ամէն ջանք թափած էր որ իր որդեգիր տղուն մէջ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ այդպիսի զգացում մը զարգացնէր։ Այդ տարիներուն, Յիսուս, որ անչափահաս տղեկ մըն էր, արդէն ջերմ զգացումներ ունէր «հայր» բառին նկատմամբ,– զգացումներ, որոնք իր մէջ զարգացած էին գլխաւորաբար Յովսէփին հետ անցուցած տարիներուն շնորհիւ։

27. Որպէս հայր, ի՞նչ առանձնաշնորհում ունիս եւ ինչո՞ւ պէտք է յիշես Յովսէփին օրինակը։

27 Եթէ հայր մըն ես, կը գիտակցի՞ս թէ առանձնաշնորհում ունիս զաւակներուդ սորվեցնելու, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ունենալ սիրալիր եւ պաշտպանող հայր մը։ Նմանապէս, եթէ ունիս խորթ կամ որդեգրուած զաւակներ, յիշէ՛ Յովսէփին օրինակը եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը առանձնայատուկ եւ թանկագին նկատէ։ Օգնէ՛ անոնց, որ աւելի մօտենան իրենց երկնաւոր Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ (կարդա՛ Եփեսացիս 6։4

Յովսէփ հաւատարմօրէն յարատեւեց

28, 29. ա) Ղուկաս 2։51, 52–ի մէջ արձանագրուած խօսքերը ի՞նչ կը յայտնեն Յովսէփի մասին։ բ) Յովսէփ ի՞նչ օգնական դեր խաղցաւ, որպէսզի իր որդին իմաստութեամբ զարգանար։

28 Աստուածաշունչը Յովսէփի մնացեալ տարիներուն մասին չնչին տեղեկութիւն կու տայ, սակայն կ’արժէ զանոնք ուշադրութեամբ նկատի առնել։ Կը կարդանք թէ Յիսուս «հնազանդ» մնաց անոնց,– իր ծնողներուն։ Նաեւ կը կարդանք, թէ «Յիսուս կը զարգանար իմաստութիւնով ու հասակով եւ Աստուծմէ ու մարդոցմէ շնորհք գտնելով» (կարդա՛ Ղուկաս 2։51, 52Այս խօսքերը Յովսէփի մասին ի՞նչ կը յայտնեն։ Շատ բաներ։ Յովսէփ շարունակեց իր ընտանիքը առաջնորդել։ Ասիկա ակնյայտ է այն բանէն, որ իր կատարեալ որդին կը յարգէր իր հօր իշխանութիւնը եւ շարունակաբար կ’ենթարկուէր անոր։

29 Նաեւ կը տեսնենք թէ Յիսուս շարունակեց զարգանալ իմաստութիւնով։ Վստահաբար, Յովսէփ շատ բան ըրած էր որ իր որդին յառաջդիմէր այս ուղղութեամբ։ Այդ օրերուն, հրեաներուն մէջ վաղեմի եւ յարգարժան առակ մը համատարած էր։ Այսօր ալ տակաւին կարելի է զայն գտնել եւ կարդալ։ Այդ առակը կ’ըսէ, թէ միայն ազատ ժամանակ ունեցողները կրնան իսկապէս իմաստուն դառնալ, մինչդեռ արհեստաւորները, ինչպէս՝ ատաղձագործներ, հողագործներ եւ երկաթագործներ, «չեն կրնար արդարութիւն եւ արդարադատութիւն հռչակել. անոնք պէտք չէ գտնուին հո՛ն, ուր առակներ կ’ըսուին»։ Յետագային, Յիսուս քօղազերծեց այդ առակին սխալ ըլլալը։ Երեխայ եղած ատեն, ան յաճախ տեսած էր թէ զինք որդեգրած հայրը, այդ խոնարհ ատաղձագործը, ինչպէ՛ս ազդուօրէն կը սորվեցնէր Եհովայի «արդարութեան եւ արդարադատութեան» մասին։ Անկասկած, շատ մը առիթներով լսած էր զանոնք։

30. Յովսէփ ինչպէ՞ս օրինակ հանդիսացաւ այժմու ընտանիքի գլուխներուն։

30 Նաեւ կրնանք տեսնել Յովսէփի բանեցուցած ազդեցութիւնը Յիսուսի ֆիզիքական աճումին վրայ։ Աղէկ հոգատարութիւն ստացած Յիսուս մանուկը, մեծցաւ ու դարձաւ ուժեղ եւ առողջ տղամարդ։ Աւելին, Յովսէփ իր որդւոյն սորվեցուց, որ հմտանար իր ֆիզիքական աշխատանքին մէջ։ Յիսուս ճանչցուած էր ոչ միայն որպէս ատաղձագործի որդի, այլեւ որպէս «հիւսնը» կամ ատաղձագործը (Մար. 6։3)։ Ուստի Յովսէփ կրցա՛ծ էր յաջողապէս մարզել իր որդին։ Այժմու ընտանիքի գլուխներ իմաստունօրէն կ’ընդօրինակեն Յովսէփը, հոգալով իրենց երեխաներուն բարօրութիւնը, ինչպէս նաեւ վստահ ըլլալով որ անոնք պիտի կարենան իրենց կարիքները հոգալ։

31. ա) Ապացոյցները ի՞նչ կը յայտնեն այն մասին թէ Յովսէփ ե՛րբ մեռաւ (պարփակէ  շրջանակը)։ բ) Յովսէփ մեզի համար հետեւելիք ի՞նչ օրինակ մը թողուց։

31 Երբ կը հասնինք Աստուածաշունչի այն հատուածին, ուր Յիսուս կը մկրտուի գրեթէ 30 տարեկանին, Յովսէփի մասին այլեւս չի նշուիր։ Ապացոյցներէն յայտնի կ’ըլլայ թէ Մարիամ այրիացած էր, երբ Յիսուս սկսաւ իր ծառայութիւնը (տե՛ս « Յովսէփ ե՞րբ մեռաւ» շրջանակը)։ Ամենայն դէպս, Յովսէփ յատկանշական եւ հիանալի օրինակ մը թողուց, ըլլալով այնպիսի հայր մը, որ իր ընտանիքը պաշտպանեց, իրենց կարիքները հայթայթեց եւ մինչեւ վերջ հաւատարմօրէն յարատեւեց։ Ոեւէ հայր, ոեւէ ընտանիքի գլուխ կամ ոեւէ ա՛յլ քրիստոնեայ, լաւ կ’ընէ որ ընդօրինակէ Յովսէփին հաւատքը։

^ պարբ. 4 Այդ օրերուն, նշանուիլը գրեթէ համահաւասար էր ամուսնութեան։

^ պարբ. 8 Այս «աստղը» աստղագիտական բներեւոյթ մը չէր, ոչ ալ Աստուծոյ կողմէ ղրկուած էր։ Յստակ է որ Սատանա՛ն այդ գերբնական յայտնութիւնը գործածեց, որպէս ազդակ՝ Յիսուսը սպաննելու իր չար ծրագրին համար։

^ պարբ. 11 Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ Յիսուսի առաջին հրաշքը, իր «հրաշքներուն սկիզբը», միայն իր մկրտութենէն ե՛տք տեղի ունեցաւ (Յովհ. 2։1-11