Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ ՉՈՐՍ

«Ո՛ւր որ երթաս՝ հոն պիտի երթամ»

«Ո՛ւր որ երթաս՝ հոն պիտի երթամ»

1, 2. ա) Նկարագրէ՛ Հռութի եւ Նոեմիի ճամբորդութիւնը։ բ) Անոնք ինչո՞ւ վշտահար էին։ գ) Իւրաքանչիւրին ճամբորդութիւնը ի՞նչ առումով կը տարբերէր միւսինէն։

ՀՌՈՒԹ Նոեմիին հետ կը քալէ Մովաբի լայնատարած եւ հովաշատ լեռնադաշտերուն մէջ։ Պատկերացուր. մինչ արեւը մարը կը մտնէ, ան իր կեսրոջը՝ Նոեմիին նայելով կը մտածէ, թէ ո՛ւր կրնան գիշերել։ Հռութ Նոեմին շատ կը սիրէ եւ պատրաստ է իր ձեռքէն եկածը ընելու, որ անոր հոգ տանի։

2 Երկուքն ալ խիստ վշտահար են։ Նոեմին տարիներէ ի վեր այրի է, բայց այժմ կ’ողբայ իր երկու որդիներուն՝ Քելլոնի եւ Մաալոնի մահուան վրայ։ Հռութն ալ կ’ողբայ, որովհետեւ Մաալոնը իր ամուսինն էր։ Երկուքն ալ նոյն վայրը կ’երթան՝ Իսրայէլի Բեթլեհէմ քաղաքը։ Սակայն իւրաքանչիւրին ճամբորդութիւնը տարբեր իմաստ կը կրէ. Նոեմին տուն կը վերադառնայ, բայց Հռութ դէպի օտար երկիր մը կ’ուղղուի, ետին ձգելով իր ազգականները, հայրենիքն ու անոր բոլոր սովորութիւնները, ներառեալ՝ աստուածները (կարդա՛ Հռութ 1։3-6

3. Ո՞ր հարցումներուն պատասխանները մեզի պիտի օգնեն, որ Հռութին հաւատքը ընդօրինակենք։

3 Ի՞նչը այս երիտասարդուհին մղեց, որ այսպիսի յանդուգն որոշում մը առնէր։ Հռութ ինչպէ՞ս պիտի կարենար նոր կեանք մը սկսիլ, ինչպէս նաեւ Նոեմիին հոգ տանիլ։ Պատասխանները առնելով, շատ բան պիտի սորվինք մովաբացի Հռութին հաւատքէն (տե՛ս նաեւ « Արուեստի պզտիկ գլուխ–գործոց մը» շրջանակը)։ Սակայն նախ նկատի առնենք թէ ի՛նչը պատճառ դարձաւ, որ այս երկու կիները Բեթլեհէմ տանող այդ երկար ճամբան բռնեն։

Ողբերգութիւնը կը հարուածէ ընտանիքը

4, 5. ա) Նոեմիի ընտանիքը ինչո՞ւ Մովաբ տեղափոխուեցաւ։ բ) Նոեմի ի՞նչ մարտահրաւէրներ դիմագրաւեց Մովաբի մէջ։

4 Հռութ մեծցաւ Մովաբի մէջ,– պզտիկ երկիր մը, որ կը գտնուէր Մեռեալ ծովուն արեւելեան կողմը։ Շրջանը գլխաւորաբար լեռնային էր, ծառախիտ լեռնադաշտերով եւ խորունկ ձորերով հարուստ։ «Մովաբի երկիրը» ընդհանրապէս բարեբեր էր, նոյնիսկ այն տարիներուն, երբ Իսրայէլի մէջ սով կար։ Իրականութեան մէջ, ասիկա պատճառ դարձաւ որ Հռութ ծանօթանար Մաալոնին եւ անոր ընտանիքին (Հռութ 1։1

5 Իսրայէլի սովը ստիպած էր Նոեմիին ամուսինը՝ Ելիմելէքը, որ իր կնոջ եւ երկու որդիներուն հետ իր հայրենիքը լքէր եւ որպէս պանդուխտ բնակէր Մովաբի մէջ։ Այս տեղափոխութեան պատճառով, ընտանիքին իւրաքանչիւր անդամը հաւատքի կողմանէ մարտահրաւէրներ դիմագրաւեց, քանի որ իսրայէլացիները պէտք էր կանոնաւորաբար պաշտամունք մատուցանէին Եհովային՝ իր ընտրած սրբավայրին մէջ (Բ. Օր. 16։16, 17)։ Նոեմին վճռեց իր հաւատքը ամուր պահել։ Բայց, երբ իր ամուսինը կորսնցուց, ան վշտահար դարձաւ (Հռութ 1։2, 3

6, 7. ա) Նոեմին ինչո՞ւ, թերեւս, մտահոգուեցաւ, երբ իր որդիները մովաբացիներու հետ ամուսնացան։ բ) Իր հարսերուն հանդէպ Նոեմիին վերաբերմունքը ինչո՞ւ գովելի էր։

6 Նոեմին, թերեւս, դարձեալ տառապեցաւ, երբ իր որդիները յետագային մովաբացի կիներ առին (Հռութ 1։4)։ Ան գիտէր թէ իր ազգին նախահայրը՝ Աբրահամ, շատ ջանք թափեց, որպէսզի իր որդւոյն՝ Իսահակին, Եհովան պաշտող կին մը գտնէր իր ժողովուրդէն (Ծն. 24։3, 4)։ Յետագային, Մովսիսական օրէնքը զգուշացուցած էր իսրայէլացիները, որ իրենց տղաքն ու աղջիկները չամուսնացնէին օտարազգիներու հետ, որոնք կրնային Աստուծոյ ժողովուրդը կռապաշտութեան ուղղել (Բ. Օր. 7։3, 4

7 Հակառակ ասոր, Մաալոնն ու Քելլոնը մովաբացիներու հետ ամուսնացան։ Նոյնիսկ եթէ Նոեմին յուսախաբ եղաւ կամ մտահոգուեցաւ, յստակ է որ ան անկեղծ բարութիւն եւ սէր դրսեւորեց իր հարսերուն՝ Հռութին եւ Որփային հանդէպ։ Թերեւս ան յոյս ունէր, որ օրին մէկը անո՛նք ալ Եհովան պիտի պաշտեն։ Ամէն պարագայի, իր հարսերը կը սիրէին զինք։ Այդ լաւ փոխյարաբերութիւնը իրենց օգնեց, երբ ողբերգութիւնը հարուածեց։ Սակայն, նախքան զաւակ ունենալը, երկու երիտասարդուհիներն ալ այրի դարձան (Հռութ 1։5

8. Ի՞նչ բան հաւանաբար Հռութը Եհովային քաշեց։

8 Արդեօք Հռութին կրօնական ենթահողը զինք նախապատրաստա՞ծ էր այսպիսի ողբերգութեան մը համար։ Հաւանաբար ո՛չ։ Մովաբացիները բազմաթիւ աստուածներ կը պաշտէին, որոնց գլխաւորը՝ Քամովսն էր (Թուոց 21։29)։ Այնպէս կը թուի թէ մովաբացիներուն կրօնքը լեցուն էր այդ օրերուն համատարած եղող վայրագ եւ սարսափազդու արարողութիւններով, ներառեալ՝ մանուկներու ողջակէզներով։ Ի՛նչ որ Հռութ սորվեցաւ Մաալոնէն կամ Նոեմիէն իսրայէլի սիրալիր եւ ողորմած Աստուծոյն՝ Եհովային մասին, վստահաբար տպաւորեց զինք։ Ան տեսաւ թէ Եհովայի իշխանութիւնը սիրո՛յ վրայ հիմնուած է եւ ոչ թէ՝ վախի (կարդա՛ Բ. Օրինաց 6։5Իր ցաւագին կորուստէն ետք, Հռութ, հաւանաբար աւելի մօտիկ զգաց Նոեմիին եւ պատրաստ էր մտիկ ընելու այն բաները, որոնք տարեց կինը կը պատմէր Ամենակալ Եհովա Աստուծոյ եւ անոր սքանչելի գործերուն մասին, նաեւ՝ թէ Եհովան ի՜նչ սիրալիր ու ողորմած կերպով կը վարուէր իր ժողովուրդին հետ։

Կեանքի ծանր եւ վշտալից պահերուն, Հռութ խոհեմօրէն Նոեմիին մօտեցաւ

9-11. ա) Ի՞նչ որոշում կայացուցին Նոեմին, Հռութն ու Որփան։ բ) Զանոնք հարուածող ողբերգութիւններէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

9 Գալով Նոեմիին, ան կը տենչար իր հայրենիքէն լուրեր առնել։ Օր մը, թերեւս, ճամբորդող վաճառականի մը միջոցով ան գիտցաւ թէ իսրայէլ այլեւս սովի մէջ չէր։ Եհովան ուշադրութիւնը իր ժողովուրդին դարձուցած էր։ Բեթլեհէմ դա՛րձեալ կը գոյատեւէր իր անուան համաձայն, որ կը նշանակէ «տուն հացի»։ Ուստի Նոեմին որոշեց հայրենիք վերադառնալ (Հռութ 1։6

10 Հռութն ու Որփան ի՞նչ պիտի ընէին (Հռութ 1։7)։ Իրենց ծանր վիշտը պատճառ եղած էր որ աւելի մօտիկ զգային Նոեմիին։ Այնպէս կը թուի թէ յատկապէս Հռութ՝ Նոեմիին քաղցրութեամբ ու Եհովայի հանդէպ անոր անխախտ հաւատքով շա՛տ տպաւորուած էր։ Երեք այրիները միասնաբար ուղղուեցան դէպի Յուդա։

11 Հռութի արձանագրութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, որ ողբերգութիւնն ու կորուստը կը հարուածեն թէ՛ անկեղծ ու բարի եւ թէ գէշ մարդիկը (Ժող. 9։2, 11)։ Նաեւ ցոյց կու տայ, թէ անդիմանալի կորուստի դիմաց, իմաստութիւն է մխիթարութիւն եւ սփոփանք փնտռել ուրիշներու քով,– մա՛նաւանդ անոնց՝ որոնք կ’ապաւինին Եհովային՝ Նոեմիի պաշտած Աստուծոյն (Առ. 17։17

Հռութին հաւատարիմ սէրը

12, 13. ա) Նոեմին ինչո՞ւ ուզեց որ Հռութն ու Որփան իրենց տուները վերադառնան։ բ) Երկու երիտասարդուհիները սկիզբը ինչպէ՞ս հակազդեցին։

12 Մինչ երեք այրիները Մովաբէն կը հեռանային, Նոեմին սկսաւ մտահոգուիլ, մտածելով իրեն ընկերակցող երկու երիտասարդուհիներուն մասին։ Ան նաեւ մտածեց այն սիրոյն մասին, որ անոնք ցուցաբերած էին իրեն եւ իր որդիներուն հանդէպ։ Ինք չէր ուզեր անոնց վրայ բեռ ըլլալ։ Եթէ իր հարսերը իրենց հայրենիքը լքելով իրեն հետ երթային, ինք ի՞նչ պիտի կարենար ընել իրենց համար Բեթլեհէմի մէջ։

13 Ի վերջոյ, Նոեմին խօսեցաւ. «Գացէ՛ք եւ ամէն մէկդ թող իր մօրը տունը դառնայ ու Տէրը ձեզի ողորմութիւն ընէ, ինչպէս դուք մեռածներուն ու ինծի ըրիք»։ Ան նաեւ մաղթեց, որ Եհովան օրհնէր զիրենք տալով ամուսին եւ նոր կեանք։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Զանոնք համբուրեց եւ անոնք ձայներնին վերցնելով լացին»։ Դժուար չէ հասկնալ, թէ Հռութն ու Որփան ինչո՛ւ այսքան կապուած էին այս բարեսիրտ եւ անձնուրաց կնոջ։ Երկուքն ալ շարունակեցին պնդել, ըսելով. «Մենք անպատճառ քեզի հետ քու ժողովուրդիդ պիտի դառնանք» (Հռութ 1։8-10

14, 15. ա) Որփան որո՞նց վերադարձաւ։ բ) Նոեմին ինչպէ՞ս փորձեց Հռութը համոզել որ Մովաբ վերադառնայ։

14 Սակայն Նոեմին համոզելը դիւրին չէր։ Ան ճիշդ կերպով տրամաբանեց, թէ իր հարսերուն համար շատ բան պիտի չկարենար ընել Իսրայէլի մէջ, քանի որ ո՛չ ամուսին ունէր որ իրեն հոգ տանէր, ո՛չ որդիներ՝ որ իրենց ամուսնութեան տար, ոչ ալ կրնար ունենալ։ Ան յայտնեց, թէ իր այս անկարողութիւնը մեծապէս կը դառնացնէր իր հոգին։ Նոեմիին խօսքերուն վրայ, Որփան վերադարձաւ Մովաբ, ուր ունէր տուն, ինչպէս նաեւ ընտանիք եւ մայր, որոնք կը սպասէին իրեն. իրապէս, Մովաբի մէջ մնալը աւելի գործնական թուեցաւ իրեն։ Ուստի տրտում սրտով ան Նոեմին համբուրեց եւ իր երկիրը դարձաւ (Հռութ 1։11-14

15 Իսկ Հռո՞ւթն ինչ ըրաւ։ Նոեմիին խօսքերը իրեն ալ կը վերաբերէին։ Կը կարդանք. «Բայց Հռութ անկէ չզատուեցաւ»։ Նոեմին, թերեւս, շարունակեց քալել, երբ յանկարծ նկատեց որ Հռութ իր ետեւէն կու գար։ Ան յորդորեց զինք, ըսելով. «Ահա քու ներդ իր ժողովուրդին ու իր աստուածներուն դարձաւ. դուն ալ ներոջդ ետեւէն դարձիր» (Հռութ 1։15)։ Նոեմիին խօսքերը ընթերցողին կարեւոր մանրամասնութիւն մը կու տան. Որփան ոչ միայն իր ժողովուրդին դարձաւ, այլեւ՝ «իր աստուածներուն»։ Ան Քամովսի եւ ա՛յլ չաստուածներու երկրպագուն մնալով գոհացաւ։ Արդեօք Հռո՞ւթն ալ այսպէս զգաց։

16-18. ա) Հռութ ինչպէ՞ս հաւատարիմ սէր դրսեւորեց։ բ) Հռութէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ հաւատարիմ սիրոյ մասին (տե՛ս նաեւ երկու կիներուն նկարները)։

16 Հռութ ստոյգ գիտէր թէ ի՛նչ պիտի ընէր։ Ան սրտա՛նց կը սիրէր Նոեմին եւ անոր պաշտած Աստուածը։ Ուստի ըսաւ. «Զիս մի՛ համոզեր, որ քեզ թողում եւ քեզմէ հեռանամ, քանզի ո՛ւր որ երթաս՝ հոն պիտի երթամ եւ ո՛ւր որ մնաս՝ հոն պիտի մնամ։ Քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ ու քու Աստուածդ իմ Աստուածս պիտի ըլլայ։ Ո՛ւր որ մեռնիս՝ ես ալ հոն պիտի մեռնիմ ու հոն թաղուիմ. Տէրը ինծի այսպէս ու ասկէ աւելին ընէ, եթէ զիս քեզմէ մահուանէ զատ ուրիշ բան մը զատէ» (Հռութ 1։16, 17

«Քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ ու քու Աստուածդ իմ Աստուածս պիտի ըլլայ»

17 Այս խօսքերը, որոնք Հռութ 3000 տարի առաջ ըսաւ, այնքան յատկանշական են, որ մինչեւ օրս կը յիշուին։ Անոնք կատարելապէս ցցուն կ’ընեն թանկագին յատկութիւն մը,– հաւատարիմ սէր։ Հռութին զգացած սէրը այնքա՛ն ուժգին էր ու հաւատարիմ, որ կառչած պիտի մնար Նոեմիին, ո՛ւր որ երթալու ըլլար։ Միայն մահը կրնար զանոնք իրարմէ բաժնել։ Նոեմիին ժողովուրդը Հռութին ժողովուրդը պիտի ըլլար, քանի որ ան պատրաստ էր ձգելու ամէն ինչ որ գիտէր Մովաբի մէջ, մինչեւ իսկ մովաբացի աստուածները։ Ճիշդ Որփային հակառակը, Հռութ ամբողջ սրտով կրցաւ ըսել, թէ կ’ուզէր որ Նոեմիին Եհովա Աստուածը նաեւ ի՛ր Աստուածը ըլլայ։

18 Ուստի հարս ու կեսուր շարունակեցին իրենց երկա՜ր ճամբան դէպի Բեթլեհէմ։ Տեղեկագրութեան մը համաձայն, թերեւս ճամբորդութիւնը մէկ շաբաթ տեւած ըլլար։ Սակայն կասկած չկայ թէ երկու վշտահար կիները իրարմով մխիթարուեցան։

19. Ըստ քեզի, ինչպէ՞ս կրնանք Հռութին հաւատարիմ սէրը ընդօրինակել՝ զայն դրսեւորելով մեր ընտանիքին մէջ, մեր բարեկամներուն հետ եւ ժողովքին մէջ։

19 Այս աշխարհին մէջ, վիշտն ու տառապանքը անպակաս են։ Մեր օրերուն, զորս Աստուածաշունչը «չար ժամանակներ» կը կոչէ, ամէն տեսակ կորուստ եւ վիշտ կը դիմագրաւենք (Բ. Տիմ. 3։1)։ Ուստի այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի, կարեւոր է դրսեւորել այն յատկութիւնը որ Հռութ դրսեւորեց։ Հաւատարիմ սէրը,– անհատի մը անբաժան կերպով կառչիլը,– բարութեան մղող զօրաւոր ոյժ մըն է այս խաւար աշխարհին մէջ։ Անոր կարիքը ունինք ամուսնութեան մէջ, ընտանիքի անդամներուն եւ բարեկամներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ ժողովքին մէջ (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 4։7, 8, 20Այսպիսի սէր մշակելով, հետեւած կ’ըլլանք Հռութի հիանալի օրինակին։

Հռութն ու Նոեմին Բեթլեհէմի մէջ

20-22. ա) Մովաբի մէջ բնակիլը ինչպէ՞ս ազդած էր Նոեմիի կեանքին։ բ) Նոեմին իր դժուարութիւններուն նկատմամբ ի՞նչ սխալ տեսակէտ ունէր (տե՛ս նաեւ Յակոբոս 1։13

20 Անշուշտ, հաւատարիմ սէրը խօսքերով յայտնելն ու գործերով փաստելը իրարմէ կը տարբերին։ Հռութ իր առջեւ պատեհութիւն ունէր ոչ միայն Նոեմիին հանդէպ հաւատարիմ սէր յայտնելու, այլեւ Եհովային, այն Աստուծոյն հանդէպ, զոր ինք ընտրած էր։

21 Երկու կիները վերջապէս հասան Բեթլեհէմ,– Երուսաղէմէն մօտ 10 քմ հարաւ գտնուող գիւղաքաղաք մը։ Այնպէս կը թուի թէ Նոեմին եւ իր ընտանիքը ատեն մը այդ շրջանին մէջ ճանչցուած էին, քանի որ ամէնուրեք Նոեմիի վերադարձին մասին կը պատմուէր։ Կիները, իրեն նայելով հարց կու տային. «Արդեօք Նոեմին ասիկա՞ է»։ Ակներեւաբար, Մովաբի մէջ մնալը զինք շատ փոխած էր։ Իր դէմքն ու արտաքին տեսքը կը յայտնէին տարիներով իր քաշած դժուարութիւններն ու վիշտը (Հռութ 1։19

22 Նոեմին իր ազգականներուն եւ նախկին դրացիներուն պատմեց, թէ իր կեանքը որքա՜ն դառն եղած էր։ Ան նոյնիսկ զգաց թէ իր անունը, որ կը նշանակէ «հաճելի», պէտք է փոխուէր եւ ըլլար Մարա, որ կը նշանակէ «դառն»։ Խե՜ղճ Նոեմի։ Յոբին պէս, այս կինը խորհեցաւ թէ Եհովա Աստուածն է որ իր կեանքը դառնութեամբ լեցուցած էր (Հռութ 1։20, 21. Յոբ 2։10. 13։24-26

23. ա) Հռութ ի՞նչ բանի մասին սկսաւ մտածել։ բ) Մովսիսական օրէնքը ի՞նչ կարգադրութիւն մը կը պարփակէր աղքատներուն համար (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

23 Մինչ երկու կիները Բեթլեհէմի մէջ հաստատուեցան, Հռութ սկսաւ մտածել թէ ինչպէ՛ս կրնար լաւագոյնս հոգ տանիլ թէ՛ իրեն եւ թէ Նոեմիին։ Ան գիտցաւ թէ իսրայէլ ժողովուրդին տրուած Աստուծոյ Օրէնքը կը պարփակէր աղքատներուն համար սիրալիր կարգադրութիւն մը։ Աղքատներուն արտօնութիւն տրուած էր, որ հունձքի ատեն դաշտերը երթային եւ հնձուորներուն հետեւէին՝ ճռաքաղելով հունձքին մնացորդը, ինչպէս նաեւ արտին եզերքը աճած հասկերը * (Ղեւ. 19։9, 10. Բ. Օր. 24։19-21

24, 25. ա) Հռութ ի՞նչ ըրաւ, երբ պատահաբար Բոոսին դաշտերը մտաւ։ բ) Ճռաքաղութիւնը ինչպիսի՞ գործ մըն էր։

24 Գարիի հունձքին ատենն էր, հաւանաբար ապրիլ ամիսը, ըստ մեր օրացոյցին։ Հռութ դաշտ գնաց տեսնելու, թէ ո՛վ իրեն թոյլ պիտի տար ճռաքաղութեան կարգադրութեան համաձայն աշխատելու։ Պատահաբար ան գնաց այն դաշտերը, որոնք կը պատկանէին Բոոսին,– հարուստ կալուածատէր մը եւ Նոեմիի մահացած ամուսինին՝ Ելիմելէքին մէկ ազգականը։ Թէեւ Օրէնքով իրաւունք ունէր ճռաքաղելու, սակայն Հռութ նա՛խ արտօնութիւն խնդրեց հնձուորներուն վրայ նշանակուած երիտասարդէն։ Ան արտօնութիւն շնորհեց իրեն, եւ Հռութ անմիջապէս գործի լծուեցաւ (Հռութ 1։22–2։3, 7

25 Երեւակայէ թէ Հռութ հնձուորներուն կը հետեւի։ Մինչ անոնք մանգաղներով կը հնձէին հասկերը, Հռութ ծռելով կը հաւաքէր այն ինչ որ գետին կ’իյնար կամ հնձուորները իրենց ետին կը ձգէին, ապա զանոնք խուրձ–խուրձ կը կապէր ու կը տանէր տեղ մը, ուր ետքը կրնար գարին ծեծել։ Յոգնեցուցիչ ծանր աշխատանք էր, որ աւելի կը սաստկանար կէսօրուան կիզիչ արեւուն տակ։ Այսուհանդերձ, Հռութ շարունակ կ’աշխատէր, եւ կանգ կ’առնէր միայն իր ճակտին քրտինքը սրբելու եւ պարզ ճաշ մը ուտելու համար «տան մէջ» (ԱԾ), որ հաւանաբար շինուած էր որպէսզի հնձուորները արեւէն պաշտպանուէին։

Հռութ յօժար էր խոնարհութիւն պահանջող ծանր գործ աշխատելու, որպէսզի հոգ տանէր իրեն եւ Նոեմիին

26, 27. ա) Բոոս ինչպիսի՞ անձ մըն էր։ բ) Ան ինչպէ՞ս վարուեցաւ Հռութին հետ։

26 Հռութ հաւանաբար ո՛չ յուսաց, ոչ ալ ակնկալեց որ մէկը զինք պիտի նկատէր։ Բայց Բոոս նկատե՛ց զինք եւ վերակացու երիտասարդին հարցուց թէ ո՛վ էր ան։ Հաւատքի տէր մարդ ըլլալով, Բոոս իր բանուորները,– որոնցմէ ոմանք, թերեւս, օրավարձով կ’աշխատէին կամ նոյնիսկ օտարազգի էին,– կ’ողջունէր այս խօսքերով. «Տէրը ձեզի հետ ըլլայ»։ Անոնք ալ նոյն կերպով կ’ողջունէին զինք։ Այս հոգեւոր տարեց մարդը, հայրական հոգատարութիւն ցուցաբերեց Հռութին հանդէպ (Հռութ 2։4-7

27 Բոոս Հռութը «աղջի՛կս» կոչեց եւ թելադրեց որ շարունակէ իր դաշտերը երթալ ճռաքաղելու համար եւ իր տան երիտասարդուհիներուն քով մնար, որպէսզի բանուորներէն ոեւէ մէկը իրեն նեղութիւն չտար։ Ան հոգ տարաւ որ Հռութ ճաշի ժամանակ անօթի չմնար (կարդա՛ Հռութ 2։8, 9, 14Աւելին, Բոոս գովեց եւ քաջալերեց զինք։ Ինչպէ՞ս։

28, 29. ա) Հռութ ինչպիսի՞ համբաւ ունէր։ բ) Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովային քով ապաստանարան գտնել, ինչպէս որ Հռութ ըրաւ։

28 Երբ Հռութ Բոոսին հարցուց, թէ օտարական ըլլալով հանդերձ, ի՛նչ ըրած էր որ արժանանար իր բարեհաճութեան, ան պատասխանեց, որ լսած էր այն բոլոր բաները, որոնք Հռութ ըրած էր իր կեսրոջը՝ Նոեմիին։ Հաւանաբար, Նոեմին գոված էր իր սիրելի հարսը Բեթլեհէմի կիներուն առջեւ, եւ այս մէկը Բոոսի ականջին հասած էր։ Ան նաեւ գիտէր թէ Հռութ Եհովայի մէկ երկրպագուն դարձած էր, քանի որ ըսաւ. «Քու գործիդ փոխարէն Տէրը հատուցում թող ընէ եւ քու վարձքդ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն կողմանէ առատապէս թող տրուի, քանզի դուն եկար որպէս զի անոր թեւերուն տակ ապաստանարան մը գտնես» (Հռութ 2։12

29 Այս խօսքերը որքա՜ն քաջալերած ըլլալու էին Հռութը։ Ան իրապէս որոշած էր Եհովա Աստուծոյ թեւերուն տակ ապաստանարան գտնել, ինչպէս որ թռչնիկ մը պաշտպանութիւն կը գտնէ իր մօր տաքուկ թեւերուն տակ։ Հռութ Բոոսին շնորհակալութիւն յայտնեց այդ սրտապնդիչ խօսքերուն համար եւ շարունակեց մինչեւ իրիկուն աշխատիլ (Հռութ 2։13, 17

30, 31. Հռութէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ աշխատանքի, գնահատութեան եւ հաւատարիմ սիրոյ մասին։

30 Մինչ տնտեսական այս դժուար օրերուն մէջ կ’ապրինք, Հռութին հաւատքի գործերը ընտիր օրինակ են բոլորիս համար։ Հռութ չէր խորհեր թէ ուրիշներ իրեն պարտական էին, այլ կը գնահատէր ամէն ինչ որ իրեն կը տրուէր։ Ան ամօթ չէր սեպեր ճռաքաղելը, որ խոնարհութիւն կը պահանջէր, եւ յօժար էր ամբողջ օրը ծանր աշխատելու՝ իր սիրելի կեսրոջ հոգ տանելու համար։ Ան երախտագիտութեամբ ընդունեց եւ կիրարկեց Բոոսի իմաստուն խրատը, լաւ մարդոց հետ ընկերակցելու եւ ապահով կերպով աշխատելու նկատմամբ։ Ամենակարեւորը, ան բնաւ չմոռցաւ թէ իր իսկակա՛ն ապաստանարանը եւ պաշտպանութիւնը իր Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ քով էր։

31 Եթէ Հռութին պէս հաւատարիմ սէր դրսեւորենք, խոնարհ, աշխատասէր եւ գնահատող ըլլանք, մեր հաւատքն ալ ուրիշներուն համար ընտիր օրինակ մը կրնայ ըլլալ։ Սակայն Եհովան ինչպէ՞ս հոգ տարաւ Հռութին եւ Նոեմիին։ Այս նիւթը պիտի քննարկենք յաջորդ գլուխին մէջ։

^ պարբ. 23 Ասիկա յատկանշական օրէնք մըն էր, որուն նմանը վստահաբար Հռութ բնաւ չէր լսած իր հայրենիքին մէջ։ Այդ օրերուն, վաղեմի Մերձաւոր Արեւելքին մէջ, այրիներուն հետ գէշ կերպով կը վարուէին։ Աշխատասիրութիւն մը կը նշէ. «Իր ամուսինին մահէն ետք, այրի մը, սովորաբար, իր որդիներուն հոգատարութեան կ’ապաւինէր։ Իսկ եթէ զաւակ չունենար, թերեւս ստիպուած ինքզինք ստրկութեան ծախէր, պոռնկութեան դիմէր կամ նեղութենէն մեռնէր»։