Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՑԻՐ

‘Աստուծոյ աներեւոյթ յատկանիշները կը տեսնուին’

‘Աստուծոյ աներեւոյթ յատկանիշները կը տեսնուին’

Աստուծոյ կը հաւատա՞ս։ Եթէ այո՛, կրնա՞ս փաստել թէ ան գոյութիւն ունի։ Իրականութեան մէջ, կա՛ն ապացոյցներ, որոնք կը յայտնեն թէ իմաստուն, զօրեղ եւ սիրառատ Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի։ Ի՞նչ են ատոնք եւ ո՞ր տարողութեամբ ուշադրութեան արժանի են։ Առ ի պատասխան, նկատի առ Պօղոս առաքեալի խօսքը, որ արձանագրուած է Հռովմայեցիս նամակին մէջ։

Պօղոս ըսաւ. «Աշխարհի ստեղծումէն ի վեր՝ ստեղծագործութեան ընդմէջէն կ’իմացուին ու կը տեսնուին Աստուծոյ աներեւոյթ յատկանիշները, այսինքն՝ մշտնջենաւոր զօրութիւնը եւ անոր աստուածութիւնը. եւ ասիկա՝ որպէսզի մարդիկ ոեւէ արդարացում չունենան» (Հռովմայեցիս 1։20, Անթիլիաս)։ Պօղոս ցոյց կու տայ, թէ Ստեղծիչը իր ձեռքի գործին վրայ իր դրոշմը դրած է։ Անոր խօսքերը մօտէն քննենք։

Ան կը նշէ, թէ Աստուծոյ յատկանիշները «աշխարհի ստեղծումէն ի վեր» կրնան տեսնուիլ։ Հոս, «աշխարհ» թարգմանուած յունարէն բառը չ’ակնարկեր Երկիր մոլորակին, այլ՝ մարդկութեան a։ Ուրեմն, Պօղոս կ’ըսէ թէ մարդ արարածը իր ստեղծուելէն ի վեր կրնար ստեղծուած բաներէն յստակ կերպով տեսնել Ստեղծիչին յատկանիշներուն ապացոյցը։

Այդ ապացոյցները մեր շուրջը կը գտնուին։ Ատոնք բնութեան մէջ չեն թաքցուած, հապա յստակ կերպով «կը տեսնուին»։ Ամենամեծէն մինչեւ ամենափոքրը, ստեղծագործութիւնը յստակօրէն կը յայտնէ թէ ոչ միայն Ստեղծիչ մը կայ, այլեւ՝ թէ ան հոյակապ յատկանիշներ ունի։ Բնութեան հոյակապ ծրագրումը յստակ կերպով չի՞ յայտներ Աստուծոյ իմաստութիւնը։ Աստղազարդ երկինքն ու փրփրալից ալիքը անոր զօրութիւնը չե՞ն յայտներ։ Իսկ համեղ ուտելիքի բազմազանութիւնը կամ արեւածագին ու արեւամուտին գեղեցկութիւնը մարդոց հանդէպ Աստուծոյ սէրը չի՞ յայտներ (Սաղմոս 104։24. Եսայի 40։26

Այս ապացոյցները ա՛յնքան յստակ են որ զանոնք չնկատողները եւ Աստուծոյ գոյութիւնը ժխտողները ‘որեւէ արդարացում չունին’։ Ուսումնական մը ասիկա հետեւեալ կերպով կը լուսաբանէ. երեւակայէ որ վարորդ մը կ’անտեսէ ուղենշան մը։ Ոստիկանը զինք կը կեցնէ եւ տուգանք վճարել կու տայ։ Վարորդը կը սկսի առարկել թէ չնշմարեց ուղենշանը։ Բայց ոստիկանը անոր խօսքը լուրջի չ’առներ, քանի որ ուղենշանը շատ յստակ կերպով կրնայ տեսնուիլ եւ վարորդը աչքի տկարութիւն չունի։ Ասկէ զատ, վարորդին պատասխանատուութիւնն է ուղենշաններ տեսնել եւ ատոնց հետեւիլ։ Նմանապէս, Ստեղծիչին գոյութեան ապացոյցները յստակօրէն կը տեսնուին բնութեան մէջ։ Մտացի արարածներ ըլլալով, կարող ենք զանոնք տեսնել։ Զանոնք անտեսելու չքմեղանք մը չունինք։

Ստեղծիչը իր ձեռքի գործին վրայ իր դրոշմը դրած է

Արդարեւ, արարչութեան գիրքը մեր Ստեղծիչին մասին շատ բան կը յայտնէ։ Բայց կայ ուրիշ գիրք մը, որ իր մասին աւելի՛ն կը յայտնէ,– Աստուածաշունչը։ Անոր միջոցաւ կրնանք հետեւեալ կարեւոր հարցումին պատասխանը գիտնալ. երկրագունդին եւ մարդոց նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է։ Այս հարցումին պատասխանը գիտնալը կրնայ քեզի օգնել որ մօտենաս Աստուծոյ, որուն ‘աներեւոյթ յատկանիշները կը տեսնուին’ յստակ կերպով։

Օգոստոս ամսուան համար թելադրուած Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

Հռովմայեցիս 1-16

a Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ թէ «աշխարհ»ը մեղանչած է եւ փրկիչի մը պէտք ունի։ Ասիկա բացայայտօրէն ցոյց կու տայ, թէ այսպիսի համարներու մէջ «աշխարհ» բառը կ’ակնարկէ մարդկութեան եւ ոչ թէ Երկիր մոլորակին (Յովհաննէս 1։29. 4։42. 12։47