Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչին պատասխանները

Աստուածաշունչին պատասխանները

Աստուած բոլո՞ր աղօթքները կը լսէ։

Աստուած բոլոր ազգերու պատկանող մարդոց մօտ է (Սաղմոս 145։18, 19)։ Իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, մեզ կը քաջալերէ որ իրեն խօսինք որեւէ նիւթի շուրջ, որ մեզ կը մտահոգէ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։ Բայց ան որոշ աղօթքներու չի հաճիր։ Օրինակ, գոց սորված աղօթքներ կրկնելը զինք կը տհաճեցնէ (կարդա՛ Մատթէոս 6։7

Աստուած նաեւ չի հաճիր լսել իր օրէնքը յամառօրէն անտեսող մարդոց աղօթքները (Առակաց 28։9)։ Օրինակ, հին օրերուն Աստուած մերժեց լսել մարդասպան իսրայէլացիներուն աղօթքները։ Ուրեմն, յստակ է որ եթէ կ’ուզենք որ Աստուած մեզ լսէ, պէտք է կարգ մը պահանջներու գոհացում տանք (կարդա՛ Եսայի 1։15

Մեր աղօթքները Աստուծոյ լսելի դառնալու համար, ի՞նչ պէտք է ընենք։

Առանց հաւատքի չենք կրնար աղօթքով Աստուծոյ մօտենալ (Յակոբոս 1։5, 6)։ Պէտք է համոզուած ըլլանք թէ ան գոյութիւն ունի եւ մեզմով հետաքրքրուած է։ Կրնանք մեր հաւատքը զօրացնել Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով, քանի որ ճշմարիտ հաւատքը հիմնուած է Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուող ապացոյցներուն եւ հաւաստիքներուն վրայ (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։1, 6

Պէտք է անկեղծօրէն եւ խոնարհաբար աղօթենք։ Նոյնիսկ Յիսուս խոնարհութեամբ աղօթեց (Ղուկաս 22։41, 42)։ Ուստի, փոխանակ Աստուծոյ ըսելու որ ի՛նչ ընէ, Աստուածաշունչը կարդալով պէտք է ջանանք իր պահանջները հասկնալ։ Ապա կրնանք իր կամքին համաձայն աղօթել (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 5։14