Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչին պատասխանները

Աստուածաշունչին պատասխանները

Արդեօք կարելի՞ է յաւիտեան ապրիլ։

Ո՞ր կարգադրութիւնը կրնայ մեզ մահէն ազատել

Առաջին մարդը՝ Ադամ, դարե՜ր ապրեցաւ։ Բայց ի վերջոյ ծերացաւ ու մեռաւ։ Անկէ ի վեր, մարդիկ բազմաթիւ միջոցներու դիմած են, որ չծերանան։ Բայց եւ այնպէս, ո՛չ ոք կրցած է մահէն խուսափիլ։ Ինչո՞ւ։ Ադամ ծերացաւ ու մեռաւ, քանի որ Աստուծոյ անհնազանդ գտնուելով մեղանչեց։ Իսկ մենք կը ծերանանք, քանի որ Ադամէն մեղքը ժառանգած ենք եւ անոր պատիժը՝ մահը (կարդա՛ Ծննդոց 5։5. Հռովմայեցիս 5։12

Որպէսզի կեանքը յաւիտեան վայելենք, հարկ է որ մէկը մեզի համար փրկանք վճարէ (Յոբ 33։24, 25)։ Փրկանքը անհատ մը ազատելու վճարուած գինն է, եւ մենք մահուընէ ազատելու կարիք ունինք (Ելից 21։29, 30)։ Յիսուս այդ գինը վճարեց, երբ մեզի համար մեռաւ (կարդա՛ Յովհաննէս 3։16

Ինչպէ՞ս կրնանք յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգել։

Ո՛չ բոլորը պիտի ազատին հիւանդութենէ եւ ծերութենէ։ Իրականութեան մէջ, Ադամի նման Աստուծոյ անհնազանդ գտնուողները կեանքը վայելելու առանձնաշնորհումը պիտի կորսնցնեն։ Միայն անոնք՝ որոնց մեղքերը ներուած են, պիտի վայելեն յաւիտենական կեանքը (կարդա՛ Եսայի 33։24. 35։3-6

Ներուելու համար, քայլեր պէտք է առնենք։ Հարկ է որ Աստուած ճանչնանք, իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը սերտելով։ Ատիկա մեզի կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս աւելի լաւ կենցաղակերպ վարել ու ինչպէ՛ս Աստուծոյ հաճութիւնը եւ յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգել (կարդա՛ Յովհաննէս 17։3. Գործք 3։19, 20