Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կրօնքը եւ բարոյականութիւնը

Կրօնքը եւ բարոյականութիւնը

«Դպրոցակիցներս դաւանեցան թէ կրօնասէր են, բայց քննութիւններուն ընթացքին խարդախութիւն կ’ընէին, եւ թմրեցուցիչ կը գործածէին։ Կրօնքը որեւէ ձեւով ազդեցութիւն չէր բանեցուցած իրենց կեանքին վրայ», կ’ըսէ Սիլվիա, որ հիւանդներու հոգ կը տանի։

Լիոնէլ անունով տղամարդ մը կը նշէ. «Գործակիցներս կը ստեն ու կ’ըսեն որ հիւանդ են, երբ իրապէս պարագան այդպէս չէ։ Կրօնքը իրենց համար կարծես թէ բան մըն է որ ունին, բայց չեն գործածեր, ցուցադրուած կահկարասիի մը նման»։

Կրօնքը զօրաւոր բարոյական ազդեցութիւն չի բանեցներ մարդոց մեծամասնութեան վրայ։ Ներկայիս շատեր «աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են» (Բ. Տիմոթէոս 3։5)։ Իրենց կրօնական առաջնորդները այս մարզին մէջ լաւ օրինակ չեն հանդիսանար, ոչ ալ իրենց հօտին հարկ եղած սուրբ գրային խրատը կը հայթայթեն, որպէսզի անոնք բարոյական բարձր չափանիշներու համաձայն ապրին։ Զարմանալի չէ որ շատեր կը հաւատան, թէ Աստուած իրենց ապրելակերպով չէ հետաքրքրուած։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ

Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, թէ Աստուած զգացումներ ունի եւ թէ մեր վարքը զինք մեծապէս կը հետաքրքրէ։ Երբ վաղեմի իսրայէլացիները Աստուծոյ դէմ ըմբոստացան, զինք «վշտացուցին» (Սաղմոս 78։40, ԱԾ)։ Սակայն, երբ անհատ մը իր սխալ վարքը անկեղծօրէն կը շտկէ, ‘երկնքի մէջ ուրախութիւն կ’ըլլայ’ (Ղուկաս 15։7)։ Երբ անհատ մը մեր երկնաւոր Հօր գեղեցիկ յատկութիւնները կը սկսի գնահատել, Անոր հանդէպ իր սէրը պիտի աճի, զինք մղելով որ Աստուծոյ սիրածը սիրէ եւ ատածը ատէ (Ամովս 5։15

ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐԸ ԱՅԴ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԻՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԳՈՀԱՑՈՒՄ ԿՈՒ ՏԱՆ

ԱՄՆ–ի Եութահ նահանգին Սոլթ Լէյք Սիթիի մէկ լրագիրը կը նշէ, թէ Եհովայի վկաները «կ’օգնեն մարդոց որ իրենց ընտանեկան փոխյարաբերութիւնները բարելաւեն, ուրիշներուն պիտանի ըլլան եւ պարկեշտ քաղաքացիներ դառնան» (Deseret News)։ Լրագիրը կ’աւելցնէ. «Վկաները վարքի նկատմամբ բարձր չափանիշներ ունին։ Անոնք կը հաւատան թէ ծխելը, չափազանց խմելը, թմրեցուցիչի սխալ գործածութիւնը, բախտախաղը, խառնագնաց վարքը եւ միասեռականութիւնը կրնան Աստուծոյ հետ անհատին փոխյարաբերութիւնը քանդել»։

Կրօնական առաջնորդներ օգնա՞ծ են իրենց հօտին որ Աստուծոյ բարոյական չափանիշները կիրարկեն

Աստուծոյ անձնաւորութեան մասին սորվիլը ինչպէ՞ս Վկաներուն կ’օգնէ։ Վերոնշեալ Սիլվիան կ’ըսէ. «Գործիս մէջ խարդախութիւնը սովորութիւն է։ Դիւրին է հոսանքին հետ տարուիլ։ Բայց ատոր նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը հասկնալը ինծի կ’օգնէ որ ճիշդը ընեմ։ Ես ուրախ եմ եւ ներքին խաղաղութիւն կը վայելեմ»։ Սիլվիան համոզուած է որ իր կրօնական հաւատալիքներուն համաձայն ապրիլը իր կեանքը բարելաւած է։