Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուսի առաքեալներէն արթնութիւն սորվինք

Յիսուսի առաքեալներէն արթնութիւն սորվինք

Յիսուսի առաքեալներէն արթնութիւն սորվինք

«Ինծի հետ արթուն մնացէք» (ՄԱՏ. 26։38

ՀԵՏԵՒԵԱԼ ԿԷՏԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԻԼ.

Ո՛ւր քարոզելու ուղղութեան նկատմամբ արթուն մնալ։

Աղօթելու համար արթուն կենալ։

Հակառակ խոչընդոտներու՝ հիմնովին վկայութիւն տալ։

1-3. Յիսուսի երկրային կեանքի վերջին գիշերուան ընթացքին, առաքեալները ինչպէ՞ս արթուն չմնացին, եւ ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ անոնք իրենց սխալէն սորվեցան։

ՄՏԱՊԱՏԿԵՐԷ՛ տեսարանը. Յիսուսի երկրային կեանքին վերջին գիշերն է։ Իր հաւատարիմ առաքեալներուն հետ, ան եկած է իր նախասիրած վայրերէն մէկը՝ Գեթսեմանիի պարտէզը, որ Երուսաղէմի ճիշդ արեւելքը կը գտնուի։ Շա՜տ մտազբաղ ըլլալով՝ ան կարիք ունի առանձնանալու, որպէսզի կարենայ աղօթել (Մատ. 26։36. Յովհ. 18։1, 2

2 Առաքեալներէն երեքը,– Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս,– Յիսուսի հետ պարտէզին մէջ հեռու տեղ մը կ’երթան։ «Հոս կեցէք եւ ինծի հետ արթուն մնացէք», կ’ըսէ Յիսուս անոնց եւ ապա կ’երթայ աղօթելու։ Երբ կը վերադառնայ, իր բարեկամները խոր քունի մէջ կը գտնէ։ Ան դարձեալ անոնց կ’աղերսէ՝ ըսելով. «Արթուն կեցէք»։ Սակայն, անոնք երկու անգամ եւս կը քնանան։ Քիչ ետք, նոյն գիշերը, բոլոր առաքեալները հոգեւորապէս արթուն չե՛ն մնար։ Անոնք նո՛յնիսկ Յիսուսը կը լքեն ու կը փախչին (Մատ. 26։38, 41, 56

3 Վստահաբար, արթուն չմնալու պատճառով առաքեալները վշտացան, բայց շուտով իրենց սխալէն սորվեցան։ Աստուածաշունչի Գործք Առաքելոց գիրքը, ցոյց կու տայ թէ անոնք արթուն մնալու մէջ ուշագրաւ օրինակ հանդիսացան։ Իրենց հաւատարմութիւնը առաջին դարու քրիստոնեաներուն օգնած ըլլալու էր, որ նո՛յնը ընեն։ Այժմ, որեւէ ժամանակէ աւելի, պէտք է արթուն կենանք (Մատ. 24։42)։ Արթուն կենալու նկատմամբ երեք դասեր քննարկենք, որոնք Գործք Առաքելոց գրքէն կրնանք սորվիլ։

Ո՛ՒՐ ՔԱՐՈԶԵԼՈՒ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՐԹՈՒՆ ՄՆԱԼ

4, 5. Պօղոս եւ իր ուղեկիցները սուրբ հոգիին ուղղութիւնը ինչպէ՞ս վայելեցին։

4 Նախ նկատի առնենք, թէ առաքեալները ո՛ւր քարոզելու ուղղութեան նկատմամբ արթուն էին։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ Յիսուս ինչպէ՛ս Աստուծոյ հոգին գործածեց՝ Պօղոս առաքեալն ու իր ուղեկիցները արտասովոր ճամբորդութեան մը ընթացքին առաջնորդելու համար (Գործք 2։33)։ Աչքէ անցընենք անոնց ճամբորդութիւնը (կարդա՛ Գործք 16։6-10

5 Պօղոս, Շիղա եւ Տիմոթէոս Գաղատիայի հարաւը գտնուող Լիւստրա քաղաքը ձգած էին։ Քանի մը օր ետք, անոնք հռոմէական մայրուղի մը հասան, որ դէպի արեւմուտք՝ Ասիոյ նահանգին ամէնէն շատ բնակուած շրջանը կը տանէր։ Անոնք ուզեցին այդ ճամբան առնել, որպէսզի այցելեն այն քաղաքները՝ ուր հազարաւորներ Քրիստոսի մասին լսելու կարիք ունէին։ Սակայն, յանկարծ բան մը զիրենք կեցուց։ 6–րդ համարը կ’ըսէ. «Փռիւգիոյ ու Գաղատացիներու կողմերը պտըտեցան. հոն Սուրբ Հոգին արգիլեց որ Աստուծոյ խօսքը Ասիայի մէջ խօսին»։ Աստուածաշունչը չ’ըսեր ինչպէ՛ս, բայց սուրբ հոգին ձեւով մը ճամբորդները արգիլեց Ասիոյ մէջ քարոզելէ։ Բացայայտ է որ Յիսուս,– Աստուծոյ հոգիին միջոցաւ,– ուզեց Պօղոսը եւ իր ուղեկիցները տարբեր ուղղութեամբ առաջնորդել։

6, 7. ա) Բիւթանիայի կողմերը Պօղոսի եւ ուրիշ ուղեկիցներու ի՞նչ պատահեցաւ։ բ) Աշակերտները ի՞նչ որոշում առին եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

6 Անձկալից ճամբորդները ո՞ւր գացին։ 7–րդ համարը կը բացատրէ. «Երբ Միւսիայի կողմերը երթալով կը ջանային դէպի Բիւթանիա երթալ, [Յիսուսի] Հոգին թող չտուաւ անոնց»։ Արգիլուելով Ասիոյ մէջ քարոզել, Պօղոս եւ իր ընկերակիցները դէպի հիւսիս դարձան, մտադրելով Բիւթանիայի քաղաքներուն մէջ քարոզել։ Սակայն, երբ Բիւթանիա մօտեցան, Յիսուս դարձեալ սուրբ հոգիին միջոցաւ զիրենք արգիլեց։ Այդ ժամանակ, տղամարդիկը շփոթած ըլլալու էին։ Անոնք գիտէին ի՛նչ քարոզել եւ ինչպէ՛ս քարոզել, սակայն չէին գիտեր ո՛ւր քարոզել։ Կրնանք սապէս բացատրել. անոնք Ասիա տանող դուռը զարկած էին,– բայց ի զուր։ Անոնք Բիւթանիա տանող դուռը զարկած էին,– դարձեա՛լ ի զուր։ Լաւ, այս նախանձախնդիր քարոզիչները դուռը զարնելէ դադրեցա՞ն։ Ո՛չ։

7 Այդ ժամանակ, անոնք որոշում մը առին, որ անսովոր կրնար թուիլ։ 8–րդ համարը մեզի կ’ըսէ. «Միւսիայի քովէն անցնելով Տրովադա գացին»։ Ուստի, ճամբորդները դէպի արեւմուտք դարձան եւ շուրջ 550 քմ քալեցին, քաղաքներու քովէն անցնելով՝ մինչեւ որ հասան Մակեդոնիա տանող դուռը՝ Տրովադա, որ նաւահանգիստ մըն էր։ Հոն, երրորդ անգամ ըլլալով, Պօղոս եւ իր ուղեկիցները դուռ մը զարկին, եւ այս անգամ ատիկա լայն բացուեցաւ։ 9–րդ համարը կը տեղեկագրէ ինչ որ ետքը պատահեցաւ. «Գիշերը Պօղոսին տեսիլք մը երեւցաւ. Մակեդոնացի մարդ մը կայներ կ’աղաչէր անոր ու կ’ըսէր. ‘Մակեդոնիա՛ անցիր եւ օգնէ՛ մեզի’»։ Վե՛րջապէս, Պօղոս գիտցաւ ո՛ւր քարոզել։ Անյապաղ, անոնք դէպի Մակեդոնիա նաւարկեցին։

8, 9. Պօղոսի ճամբորդութեան արձանագրութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

8 Այս արձանագրութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Նկատի առ, թէ Պօղոս միայն դէպի Ասիա ճամբայ ելլելէ ետք, Աստուծոյ հոգին միջամտեց։ Ապա, Պօղոս միայն Բիւթանիայի մօտենալէ ետք, Յիսուս միջամտեց։ Եւ վերջապէս, ան միայն Տրովադա հասնելէ ետք, Յիսուս զինք դէպի Մակեդոնիա առաջնորդեց։ Ժողովքին Գլուխը ըլլալով, Յիսուս նոյնանման կերպով կրնայ վարուիլ մեզի հետ (Կող. 1։18)։ Զոր օրինակ, թերեւս կը մտածես որպէս ռահվիրայ ծառայել, կամ փոխադրուիլ հոն՝ ուր կարիքը աւելի մեծ է։ Բայց կրնայ ըլլալ որ նպատակակէտիդ հասնելու համար քայլեր առնելէդ ետքն է, որ Յիսուս Աստուծոյ հոգիին միջոցաւ քեզ պիտի առաջնորդէ։ Լուսաբանենք. վարորդ մը կրնայ իր ինքնաշարժը աջ կամ ձախ տանիլ, միա՛յն երբ ինքնաշարժը կանգ չէ առած։ Նմանապէս, Յիսուս կրնայ մեր ծառայութիւնը ընդարձակելու մէջ մեզ առաջնորդել, միա՛յն երբ գործի վրայ ենք,– երբ ջանք կը թափենք՝ որ մեր նպատակակէտին հասնինք։

9 Սակայն, ի՞նչ կարելի է ըսել, եթէ ջանքերդ անմիջապէս պտուղ չտան։ Պէ՞տք է յանձնուիս, եզրակացնելով թէ Աստուծոյ հոգին քեզ չ’առաջնորդեր։ Յիշէ՛, թէ Պօղոս նաեւ ձախողութիւններու հանդիպեցաւ։ Բայց ան շարունակեց փնտռել եւ դռները զարնել, մինչեւ որ դուռ մը բացուեցաւ։ Նմանապէս, եթէ յարատեւես «մեծ ու արդիւնաւոր դուռ մը» փնտռել, դուն եւս կրնաս վարձատրուիլ (Ա. Կոր. 16։9

ԱՂՕԹՔԻ ՄԷՋ ԱՐԹՈՒՆ ԿԵՆԱԼ

10. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ աղօթքի մէջ արթուն կենալը կենսական է արթնութեան համար։

10 Այժմ նկատի առ արթուն մնալու նկատմամբ երկրորդ դաս մը, որ առաջին դարու մեր եղբայրներէն կրնանք սորվիլ,– անոնք արթուն կեցան՝ աղօթելու համար (Ա. Պետ. 4։7)։ Աղօթքի մէջ յարատեւելը, արթուն մնալու համար կենսական է։ Յիշէ թէ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, ձերբակալուելէ առաջ, Յիսուս իր երեք առաքեալներուն ըսաւ. «Արթո՛ւն մնացէք եւ շարունակ աղօ՛թք ըրէք» (Մատ. 26։41, ՆԱ

11, 12. Հերովդէս ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս գէշ կերպով վարուեցաւ քրիստոնեաներուն հետ, ներառեալ՝ Պետրոսին։

11 Պետրոս, որ հոն ներկայ էր, յետագային ջերմեռանդ աղօթքներուն զօրութիւնը փորձառաբար նկատեց (կարդա՛ Գործք 12։1-6Այս արձանագրութեան բացման համարներէն կը գիտնանք, թէ հրեաներուն հաճութիւնը շահելու համար, Հերովդէս քրիստոնեաներուն հետ գէշ կերպով վարուեցաւ։ Ան հաւանաբար գիտէր, թէ Յակոբոս առաքեալ մըն էր, որ Յիսուսի ամէնէն մօտիկ անհատներէն եղած էր։ Ուստի, Հերովդէս Յակոբոսը «սրով սպաննեց» (համար 2)։ Այսպէս, ժողովքը սիրելի առաքեալ մը կորսնցուց։ Ի՜նչ փորձութիւն մը եղբայրներուն։

12 Հերովդէսի յաջորդ քայլը ի՞նչ էր։ 3–րդ համարը կը բացատրէ. «Տեսնելով որ Հրեաներուն հաճելի է, Պետրոսն ալ բռնեց»։ Բայց նախապէս, կարգ մը առաքեալներ՝ ներառեալ Պետրոս, հրաշալիօրէն բանտէն ազատ արձակուած էին (Գործք 5։17-20)։ Զգուշաւոր Հերովդէսը ասիկա լաւ գիտնալով ուզեց վստահ ըլլալ որ Պետրոս պիտի չփախչէր։ Ատոր համար, ան Պետրոսը «չորս կարգ չորսական զինուորներու յանձնեց, որպէս զի պահեն եւ կ’ուզէր զատկէն յետոյ ժողովուրդին հանել զանիկա» (համար 4)։ Երեւակայէ՛։ Հերովդէս Պետրոսը երկու զինուորներու միջեւ շղթաներով կապել տուաւ եւ 16 բանտապահ նշանակեց՝ որ հերթափոխով առաքեալին գիշեր–ցերեկ հսկեն։ Հերովդէս մտադրած էր՝ Պասեքէն ետք ժողովուրդը հաճեցնել՝ Պետրոսը սպաննելով։ Այս դժուարին պարագային, Պետրոսի հաւատակիցները ի՞նչ կրնային ընել։

13, 14. ա) Ժողովքը Պետրոսի բանտարկութեան ինչպէ՞ս հակազդեց։ բ) Աղօթքի նկատմամբ Պետրոսի հաւատակիցներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

13 Ժողովքը գիտէր ճիշդ ի՛նչ ընել։ 5–րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Պետրոս բանտին մէջ պահուած էր, բայց եկեղեցին անդադար աղօթք կ’ընէր Աստուծոյ՝ անոր համար»։ Արդարեւ, անոնց աղօթքները ջերմեռանդ, սրտագին պաղատանքներ էին։ Արդ, Յակոբոսի մահը զիրենք յուսահատութեան մատնած չէր. ոչ ալ պատճառ դարձած էր որ աղօթքը անօգուտ նկատէին։ Ընդհակառա՛կը, անոնք գիտէին թէ հաւատարիմ երկրպագուներու աղօթքները Եհովայի համար շատ կարեւորութիւն ունին։ Եթէ այսպիսի աղօթքներ իր կամքին հետ ներդաշնակ են, Եհովա անոնց կը պատասխանէ (Եբ. 13։18, 19. Յակ. 5։16

14 Ժողովքին հակազդեցութենէն ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։ Արթուն մնալը կը պարփակէ ոչ միայն մեզի համար աղօթել, այլ նաեւ՝ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար (Եփ. 6։18)։ Գիտե՞ս հաւատակիցներ որոնք փորձութիւններով շրջապատուած են։ Ոմանք թերեւս հալածանքի, պետական արգելումի կամ բնական աղէտի կը տոկան։ Ինչո՞ւ զանոնք սրտագին աղօթքներուդ նիւթը չդարձնես։ Թերեւս կը ճանչնաս ուրիշներ՝ որոնք նուազ–աչքառու դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ Անոնք թերեւս կը մաքառին, որպէսզի ընտանեկան խնդիրներու, յուսահատութեան կամ վատառողջութեան հետ գլուխ ելլեն։ Լաւ կ’ըլլայ որ խորհիս մասնայատուկ անհատներու մասին եւ անոնց անունը նշես, մինչ «աղօթքի լսող»ին՝ Եհովային հետ կը խօսիս (Սաղ. 65։2

15, 16. ա) Նկարագրէ թէ ինչպէ՛ս Եհովայի հրեշտակը Պետրոսը բանտէն ազատեց (տե՛ս վարի նկարը)։ բ) Ինչո՞ւ մխիթարական է խոկալ այն կերպին վրայ, որով Եհովա Պետրոսը ազատեց։

15 Սակայն, Պետրոսի ի՞նչ պատահեցաւ։ Բանտին մէջ իր վերջին գիշերը, մինչ ան երկու բանտապահներուն միջեւ խոր քունի մէջ էր, ապշեցուցիչ բան մը տեղի ունեցաւ (կարդա՛ Գործք 12։7-11Մտապատկերէ՛ պատահածը. յանկարծ, բանտին խցիկին մէջ լոյս շողաց։ Հրեշտակ մը, որ բանտապահները չէին տեսներ, հոն կայնեցաւ եւ արթնցուց Պետրոսը։ Անոր ձեռքի շղթաները պարզապէս վար ինկան։ Ապա, հրեշտակը զինք բանտի խցիկէն դուրս առաջնորդեց՝ բանտապահներուն ճիշդ քովէն անցնելով, եւ եկան մինչեւ երկաթէ հսկայ դուռը, որ «ինքնիրմէ բացուեցաւ»։ Անգամ մը որ բանտէն դուրս եղան, հրեշտակը անհետացաւ։ Պետրոս ազատեցա՛ւ։

16 Երբ կը խոկանք իր ծառաները ազատելու Եհովայի զօրութեան մասին, մեր հաւատքը կը զօրանայ։ Անշուշտ, ներկայիս չենք ակնկալեր որ Եհովա մեզ հրաշալիօրէն ազատէ։ Սակայն, լման հաւատք ունինք թէ ան այսօր իր ժողովուրդին ի նպաստ իր զօրութիւնը կը գործածէ՛ (Բ. Մն. 16։9)։ Իր հզօր սուրբ հոգիին միջոցաւ, Եհովա մեզ կրնայ զօրացնել որպէսզի որեւէ փորձութեան տոկանք (Բ. Կոր. 4։7. Բ. Պետ. 2։9)։ Եւ ան շուտով Յիսուսին զօրութիւն պիտի տայ, որպէսզի յարուցանէ միլիոնաւորներ՝ որոնք այժմ մահուան կողմէ բանտարկուած են (Յովհ. 5։28, 29)։ Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ մեր հաւատքը կրնայ մեզի մեծ քաջութիւն տալ, երբ փորձութիւններ դիմագրաւենք։

ՀԱԿԱՌԱԿ ԽՈՉԸՆԴՈՏՆԵՐՈՒ՝ ՀԻՄՆՈՎԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼ

17. Նախանձախնդրութեամբ եւ հրատապութեան զգացումով քարոզելուն մէջ, Պօղոս ի՞նչ ուշագրաւ օրինակ հանդիսացաւ։

17 Ահա երրորդ դաս մը, որ արթուն մնալու նկատմամբ առաքեալներէն կրնանք սորվիլ. հակառակ խոչընդոտներու, անոնք շարունակեցին հիմնովին վկայութիւն տալ։ Նախանձախնդրութեամբ եւ հրատապութեան զգացումով քարոզելը, արթուն մնալու համար կենսական է։ Պօղոս առաքեալ այս առնչութեամբ ուշագրաւ օրինակ հանդիսացաւ։ Ան քարոզչութեան գործին մէջ ջանադրութեամբ աշխատեցաւ։ Ան շատ անգամ ճամբորդեց եւ բազմաթիւ ժողովքներ հաստատեց։ Պօղոս շատ մը դժուարութիւններու տոկաց, սակայն բնա՛ւ իր նախանձախնդրութիւնը կամ հրատապութեան զգացումը չկորսնցուց (Բ. Կոր. 11։23-29

18. Երբ Հռոմի մէջ կալանաւորուած էր, Պօղոս ինչպէ՞ս շարունակեց վկայել։

18 Գործք Առաքելոց գրքին մէջ, Պօղոսի մասին վերջին անգամ ըլլալով կը կարդանք 28–րդ գլուխին մէջ։ Պօղոս Հռոմ հասաւ, Ներոնի առջեւ ներկայանալու համար։ Ան կալանաւորուած էր, եւ թերեւս իր պահակին շղթայուած էր։ Սակայն ո՛չ մէկ շղթայ կրնար այս նախանձախնդիր առաքեալը լռեցնել։ Պօղոս շարունակեց վկայելու համար կերպեր փնտռել (կարդա՛ Գործք 28։17, 23, 24Երեք օր ետք, Պօղոս «Հրեաներուն գլխաւորները կանչեց», որպէսզի անոնց վկայէ։ Տեղացի հրեաները զինք դարձեալ տեսնելու համար յաւելեալ օր մը ընտրեցին, եւ այս անգամ Պօղոս աւելի մեծ վկայութիւն տուաւ։ 23–րդ համարը կը նշէ. «Օր մը որոշելով, շատեր գացին իր բնակած տեղը, որոնց Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը ծանուցանէր վկայութիւնով եւ կը համոզէր զանոնք Յիսուսին վրայով Մովսէսին օրէնքէն ու մարգարէներէն սորվիլ, առաւօտէն մինչեւ իրիկուն»։

19, 20. ա) Վկայութիւն տալու մէջ Պօղոս ինչո՞ւ ազդու էր։ բ) Պօղոս ինչպէ՞ս հակազդեց, երբ բոլորը բարի լուրը չընդունեցին։

19 Վկայութիւն տալու մէջ, Պօղոս ինչո՞ւ ա՛յսքան ազդու էր։ Նկատէ՛ թէ 23–րդ համարը կարգ մը պատճառներ կը նշէ. 1) Ան Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ Յիսուս Քրիստոսի վրայ կեդրոնացաւ։ 2) Ան իր ունկնդիրներուն օգնեց ‘համոզելով’, այսինքն՝ հաւատալու լաւ պատճառներ տալով անոնց։ 3) Ան Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանեց։ 4) Ան անձնուրաց կեցուածք ցուցաբերեց՝ «առաւօտէն մինչեւ իրիկուն» վկայելով։ Պօղոս զօրաւոր վկայութիւն տուաւ, բայց ո՛չ բոլորը ընդառաջեցին։ «Ոմանք հաւատացին ըսածներուն, ոմանք չհաւատացին», կը նշէ 24–րդ համարը։ Անոնք իրարու հետ չհամաձայնած՝ բաժնուեցան։

20 Արդեօք Պօղոս վհատեցա՞ւ, քանի որ բոլորը չընդունեցին բարի լուրը։ Բնա՛ւ երբեք։ Գործք 28։30, 31–ը կ’ըսէ. «Պօղոս լման երկու տարի իր վարձքով բռնած տունը կեցաւ։ Բոլոր եկողները կ’ընդունէր։ Կը քարոզէր Աստուծոյ թագաւորութիւնը։ Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայով՝ առանց արգիլուելու՝ կը սորվեցնէր կատարեալ համարձակութեամբ»։ Այս քաջալերական խօսքերով կ’եզրափակէ ներշնչեալ Գործք Առաքելոց գիրքը։

21. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Պօղոսի օրինակէն, երբ տնային կալանքի տակ էր։

21 Պօղոսի օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Մինչ տնային կալանքի տակ էր, Պօղոս տունէ–տուն վկայելու ազատ չէր։ Այսուհանդերձ, ան դրական հայեցակէտ մը պահպանեց, վկայելով բոլո՛ր անոնց՝ որոնք իրեն կու գային։ Նմանապէս, ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդէն շատեր իրենց ուրախութիւնը կը պահպանեն եւ կը շարունակեն քարոզել, հակառակ անոր որ անիրաւօրէն բանտարկուած են, իրենց հաւատքին պատճառով։ Մեր սիրելի եղբայրներէն եւ քոյրերէն ոմանք տան մէջ արգելափակուած են, թերեւս նո՛յնիսկ յառաջացած տարիքի կամ հիւանդութեան պատճառով խնամատուներու մէջ կ’ապրին։ Երբ կարող ըլլան, անոնք կը քարոզեն բժիշկներու եւ հիւանդանոցի անձնակազմին, այցելուներու եւ ուրիշներու, որոնք իրենց կու գան։ Անոնց սրտին փափաքն է Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին հիմնովին վկայութիւն տալ։ Անոնց օրինակը ո՜րքան կը գնահատենք։

22. ա) Գործք Առաքելոց գիրքէն օգտուելու համար, ո՞ր կարգադրութիւնը մեզի կ’օգնէ (տե՛ս վերի շրջանակը)։ բ) Մինչ իրերու այս հին դրութեան վախճանին կը սպասես, ի՞նչ վճռած ես ընել։

22 Յստակ է որ սորվելիք շատ բան կայ Գործք Առաքելոց գրքին մէջ նշուած առաքեալներուն եւ առաջին դարու միւս քրիստոնեաներուն արթնութեան մասին։ Մինչ իրերու այս հին դրութեան վախճանին կը սպասենք, վճռենք այդ առաջին դարու քրիստոնեաները ընդօրինակել՝ խիզախօրէն եւ նախանձախնդրաբար վկայելով։ Այժմ, Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին «հիմնովին վկայութիւն տալ»է աւելի մեծ առանձնաշնորհում մը չենք կրնար ունենալ (Գործք 28։23, ՆԱ

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Մէջբերում՝ էջ 19]

«ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԳԻՐՔԸ ԻՆԾԻ ՀԱՄԱՐ ԲՆԱ՛Ւ ՆՈՅՆԸ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ»

«Հիմնովին վկայութիւն տանք» Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին գիրքը կարդալէ ետք, ճամբորդող տեսուչ մը այսպէս արտայայտուեցաւ. «Գործք Առաքելոց գիրքը ինծի համար բնա՛ւ նոյնը պիտի չըլլայ։ Շա՜տ անգամ անոր արձանագրութեան ընդմէջէն ‘քալած’ եմ, սակայն կարծես մոմ մը բռնած եւ պղտոր ակնոցներ դրած էի։ Հիմա կը զգամ, թէ օրհնուած եմ ատոր փառքը արեւուն պայծառ լոյսով տեսնելով»։

[Նկար՝ էջ 18]

Հրեշտակ մը Պետրոսը երկաթէ հսկայ դռնէն դուրս հանեց