Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Այլեւս աղէտներ պիտի չըլլա՛ն

Այլեւս աղէտներ պիտի չըլլա՛ն

Այլեւս աղէտներ պիտի չըլլա՛ն

ԵԹԷ մէկը քեզի ըսէր. «Մօտ օրէն այլեւս աղէտներ պիտի չըլլա՛ն», ինչպէ՞ս պիտի հակազդէիր։ Թերեւս ըսէիր. «Կ’երազես. . . Աղէտները պարզապէս կեանքի մէկ իրողութիւնն են»։ Կամ թերեւս մտածէիր. ‘Վրա՞ս կը խնդայ’։

Թէեւ այնպէս կը թուի թէ միշտ բնական աղէտներ պիտի ըլլան, սակայն իսկական յոյսի հիմ մը կայ, թէ այս վիճակը պիտի փոխուի։ Բայց, փոփոխութիւնը մարդկային ջանքերով պիտի չգայ։ Մարդիկ կարող չեն լիովին հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ բնութեան մէջ բաներ կը պատահին, ուր մնաց ատոնք հակակշռի տակ առնելը կամ փոխելը։ Վաղեմի Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորը, որ իր իմաստութեամբ եւ սուր նկատողութեամբ հռչակաւոր էր, գրեց. «Մարդ չի կրնար գտնել այն գործը, որ արեւուն տակ կ’ըլլայ. վասն զի մարդ կ’աշխատի փնտռելու, բայց չի գտներ ու թէեւ իմաստունն ալ ‘Գիտեմ’ ըսէ՝ գտնելու կարող չըլլար» (Ժողովող 8։17

Եթէ մարդիկ չեն կրնար բնական աղէտները հակակշռի տակ առնել, ո՞վ կրնայ։ Աստուածաշունչը կը բնորոշէ մեր Ստեղծիչը որպէս Ան՝ որ այս փոփոխութիւնը պիտի ընէ։ Ա՛ն է որ երկրագունդին կենսոլորտային դրութիւնները հաստատեց, ինչպէս՝ ջուրի շրջանը (Ժողովող 1։7)։ Եւ մարդուն հակառակը, Աստուած անսահման զօրութիւն ունի։ Այս իրողութեան վկայելով, Երեմիա մարգարէն ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա դուն քու մեծ զօրութիւնովդ ու երկնցած բազուկովդ երկինքն ու երկիրը ստեղծեցիր. ոեւէ բան քեզի դժուար չէ» (Երեմիա 32։17)։ Քանի որ Աստուած երկիրն ու անոր բոլոր տարրերը շինեց, տրամաբանօրէն ան գիտէ հարցերը ինչպէ՛ս վարել, որպէսզի մարդիկ կարենան խաղաղութեամբ եւ ապահովութեամբ ատոր վրայ բնակիլ (Սաղմոս 37։11. 115։16

Լաւ, Աստուած հարկ եղած փոփոխութիւնը ինչպէ՞ս պիտի բերէ։ Ներկայիս, երկրի վրայ պատահած բազմաթիւ սարսափազդու բաները, ‘աշխարհի վախճանին նշանը’ կը կազմեն։ Յիսուս ըսաւ. «Երբ այս բաները եղած տեսնէք, գիտցէք թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտ է» (Մատթէոս 24։3, ԱԾ. Ղուկաս 21։31)։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, աստուածակերտ երկնային կառավարութիւնը, երկրագունդի վրայ մեծ փոփոխութիւններ պիտի պատճառէ, նո՛յնիսկ բնական տարրերը հակակշռի տակ առնելով։ Թէեւ Եհովա Աստուած ասիկա անձնապէս ընելու զօրութիւնը ունի, սակայն ան այս գործը իր Որդիին յանձնած է։ Անոր մասին խօսելով, Դանիէլ մարգարէն ըսաւ. «Անոր իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն տրուեցաւ, որպէս զի բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր ծառայութիւն ընեն» (Դանիէլ 7։14

Աստուծոյ Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի տրուած է հարկ եղած զօրութիւնը, որպէսզի անհրաժեշտ բոլոր փոփոխութիւնները կատարելով՝ երկրագունդը հաճելի վայր մը դարձնէ։ Երկու հազար տարի առաջ, երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, բնական տարրերը հակակշռի տակ առնելու իր կարողութիւնը փոքր տարողութեամբ ցոյց տուաւ։ Առիթով մը, երբ ան եւ իր աշակերտները Գալիլիոյ ծովուն վրայ նաւու մը մէջ էին, «մեծ փոթորիկ մը ելաւ եւ ալիքները նաւուն վրայ կու գային, այնպէս որ գրեթէ նաւը կը լեցուէր»։ Աշակերտները խուճապի մատնուեցան։ Իրենց կեանքին վրայ վախնալով՝ Յիսուսի դիմեցին։ Յիսուս ի՞նչ ըրաւ։ Ան պարզապէս «սաստեց հովին եւ ծովուն ըսաւ. ‘Դադարէ՛, լո՛ւռ կեցիր’։ Հովը դադարեցաւ եւ մեծ խաղաղութիւն եղաւ»։ Աշակերտները ապշեցան ու հարց տուին. «Արդեօք ո՞վ է ասիկա, որ հովն ու ծովը ասոր կը հնազանդին» (Մարկոս 4։37-41

Անկէ ի վեր, Յիսուս դէպի հոգեղէն ծիր բարձրացած է եւ իրեն աւելի մեծ զօրութիւն ու հեղինակութիւն տրուած է։ Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը ըլլալով, ան ունի պատասխանատուութիւն ե՛ւ կարողութիւն բոլոր հարկ եղած փոփոխութիւնները կատարելու, որպէսզի երկրագունդի վրայ մարդոց խաղաղ ու ապահով կեանք տայ։

Սակայն, շատ մը խնդիրներուն եւ աղէտներուն ետին մարդը կը գտնուի. անձնասէր եւ ագահ անհատներու սխրագործութիւնները կա՛մ զանոնք կը պատճառեն եւ կամ կը բարդացնեն։ Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի ընէ այդ մարդոց, որոնք կը շարունակեն այս ճամբով գործել եւ կը մերժեն փոխուիլ։ Աստուածաշունչը կը խօսի Տէր Յիսուսի մասին, որ երկնքէն կու գայ «իր զօրաւոր հրեշտակներովը, բորբոքած կրակով վրէժ առնելու անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր»։ Արդարեւ, ան ‘պիտի ապականէ երկիրը ապականողները’ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։7, 8. Յայտնութիւն 11։18

Անկէ ետք, այս «Թագաւոր Թագաւորաց»ը՝ Յիսուս Քրիստոս երկրագունդի բնական ուժերը լիովին հակակշռի տակ պիտի առնէ (Յայտնութիւն 19։16)։ Ան վստահ պիտի ըլլայ, որ Թագաւորութեան հպատակները այլեւս աղէտներէ չտառապին։ Ան իր զօրութիւնը պիտի գործածէ, օդերեւութաբանական տարրերը կանոնաւորելու համար, որպէսզի օդը եւ եղանակային շրջանները մարդկութեան ի նպաստ գործեն։ Առ ի արդիւնք, շա՜տ առաջ իր ժողովուրդին տուած Եհովա Աստուծոյ խոստումը պիտի կատարուի. «Ես ալ ձեզի անձրեւը ատենին պիտի տամ եւ երկիրը իր հունձքը պիտի տայ ու դաշտին ծառերը իրենց պտուղը պիտի տան» (Ղեւտացւոց 26։4)։ Մարդիկ կարող պիտի ըլլան տուներ շինել, առանց վախնալու որ ատոնք աղէտով մը կորսնցնեն. «Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն» (Եսայի 65։21

Ի՞նչ պէտք է ընես

Շատերու նման, անկասկած աւերիչ աղէտներէ զերծ աշխարհի մը մէջ ապրելու գաղափարը քեզ կը հրապուրէ։ Սակայն, ի՞նչ պէտք է ընես հոն ըլլալու համար։ Քանի որ անոնք՝ որոնք «Աստուած չեն ճանչնար» եւ «աւետարանին չեն հնազանդիր», որակեալ պիտի չըլլան աղէտէ–զերծ գալիք աշխարհին մէջ ապրելու, յստակ է որ անհատ մը պէտք է հիմա Աստուծոյ մասին սորվի եւ երկրի իշխանութեան Իր կարգադրութեան աջակցի։ Աստուած կը պահանջէ, որ ճանչնանք զինք եւ հնազանդինք իր Որդիին միջոցաւ հաստատած Թագաւորութեան բարի լուրին։

Ասիկա ընելու կերպը սորվելու համար, լաւագոյն միջոցն է՝ Աստուածաշունչի ուշադիր ուսումնասիրութիւնը։ Ատիկա կը պարունակէ այն ցուցմունքները, որոնք մեզ որակեալ կը դարձնեն ապրելու Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ ապահով միջավայրին մէջ։ Ինչո՞ւ Եհովայի վկաներէն չխնդրես որ քեզի օգնեն գիտնալու, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը սորվեցնէ։ Այս ուղղութեամբ անոնք պատրաստ են քեզի օգտակար ըլլալու։ Մէկ բան ստոյգ է. եթէ ջանք թափես որ Աստուած ճանչնաս եւ բարի լուրին հնազանդիս, Առակաց 1։33–ի խօսքերը քու պարագայիդ պիտի կատարուին. «Ինծի մտիկ ընողը ապահովութեամբ պիտի բնակի ու չարիքներու վախէն հանդարտ պիտի ըլլայ»։