Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 27

Ինչո՞ւ պէտք է Եհովայէն վախնանք

Ինչո՞ւ պէտք է Եհովայէն վախնանք

«Տէրոջը բարեկամութիւնը իրմէ վախցողներուն հետ է» (ՍԱՂ. 25։14

ԵՐԳ 49 Եհովան մեր ապաւէնն է

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1-2. Սաղմոս 25։14–ի համաձայն, ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ կ’ուզենք Եհովային հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունենալ։

 ԵԹԷ կ’ուզես մէկու մը հետ մտերիմ բարեկամութիւն ունենալ, ո՞ր յատկութիւնները կը կարծես կարեւոր են։ Հաւանաբար ըսես որ լաւ բարեկամները պէտք է իրար սիրեն եւ իրարու օգնեն։ Թերեւս միտքէդ իսկ չանցնի որ վախը լաւ բարեկամութեան մը համար կարեւոր յատկութիւն մըն է։ Բայց, ինչպէս որ այս յօդուածին գլխաւոր համարը ցոյց կու տայ, անոնք որոնք կ’ուզեն Եհովային հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունենալ, պէտք է ‘իրմէ վախնան’ (կարդա՛ Սաղմոս 25։14

2 Որքա՛ն ալ երկար ատենէ կը ծառայենք Եհովային, բոլորս ալ պէտք է իրմէ ճիշդ կերպով վախնանք։ Բայց ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծմէ վախնալ։ Ինչպէ՞ս կրնանք սորվիլ Եհովայէն վախնալ։ Եւ ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուծմէ վախնալուն մասին Աբդիա տնտեսէն, Յովիադա քահանայապետէն եւ Յովաս թագաւորէն։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԱՍՏՈՒԾՄԷ ՎԱԽՆԱԼ

3. Բացատրէ թէ վախը ինչպէ՛ս կրնայ պաշտպանել մեզ։

3 Կը վախնանք, երբ զգանք որ ձեւով մը պիտի վնասուինք։ Այս տեսակի վախը օգտակար է եւ կը մղէ որ իմաստութեամբ վարուինք։ Օրինակ, տեղէ մը իյնալու վախը մեզ ետ պիտի պահէ որ վտանգաւոր տեղերէ չքալենք։ Վիրաւորուելու վախը պիտի ձգէ որ վտանգաւոր պարագայէ մը հեռու կենանք։ Իսկ մտերիմ բարեկամութեան մը վնաս հասցնելու վախը պատճառ պիտի ըլլայ որ անազնիւ բան մը չըսենք կամ չընենք։

4. Սատանան ի՞նչ տեսակի վախ կ’ուզէ որ ունենանք Եհովային հանդէպ։

4 Սատանան կ’ուզէ որ մարդիկ Եհովային հանդէպ սխալ տեսակի վախ ունենան։ Ան կ’ուզէ որ հաւատանք Եղիփազին ըսած գաղափարին, որ Եհովան շուտով բարկացող Աստուած մըն է, Ան կ’ուզէ մեզ պատժել եւ թէ մենք բնա՛ւ չենք կրնար զինք ուրախացնել (Յոբ 4։18, 19)։ Սատանան կ’ուզէ որ Եհովայէն այնքա՛ն վախնանք, որ իրեն ծառայելէ կենանք։ Որպէսզի այդ ծուղակին մէջ չիյնանք, պէտք է որ Եհովային հանդէպ ճիշդ տեսակի վախ զարգացնենք։

5. Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծմէ վախնալ։

5 Անհատ մը որ Եհովային հանդէպ ճիշդ տեսակի վախ ունի, զինք կը սիրէ եւ չ’ուզեր ընել բան մը, որ կրնայ իրենց փոխյարաբերութեան վնասել։ Յիսուս ունէր այսպիսի «աստուածավախութիւն» (Եբ. 5։7, ՆԱ)։ Ան Եհովայէն չէր սարսափիր (Եսա. 11։2, 3)։ Հապա անոր հանդէպ խոր սէր ունէր եւ կ’ուզէր իրեն հնազանդիլ (Յովհ. 14։21, 31)։ Յիսուսին պէս, մենք ալ Եհովային հանդէպ խոր յարգանք ունինք, քանի որ ան սիրալիր, իմաստուն, արդար եւ զօրաւոր Աստուած է։ Նաեւ գիտենք որ Եհովան մեզ շատ կը սիրէ եւ իրեն համար կարեւոր է որ մենք ինչպէ՛ս կը վարուինք, երբ ինք մեզի բան մը սորվեցնէ։ Մենք կրնանք կա՛մ Եհովան նեղացնել կամ իր սիրտը ուրախացնել (Սաղ. 78։41. Առ. 27։11

ԿՐՆԱՆՔ ՍՈՐՎԻԼ ԱՍՏՈՒԾՄԷ ՎԱԽՆԱԼ

6. Ի՞նչ է կերպերէն մէկը, որով կրնանք սորվիլ Աստուծմէ վախնալ (Սաղմոս 34։11

6 Երբ կը ծնինք, մեր մէջ Եհովային հանդէպ վախ չ’ըլլար։ Ատիկա պէտք է ետքը մշակենք (կարդա՛ Սաղմոս 34։11)։ Ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է՝ ստեղծագործութիւնը քննել։ Ո՛րքան աւելի «ստեղծուածներ»ուն մէջ տեսնենք Աստուծոյ իմաստութիւնը, զօրութիւնը եւ մեզի հանդէպ իր խոր սէրը, ա՛յնքան աւելի զինք պիտի սիրենք ու յարգենք (Հռով. 1։20)։ Ատրիըն անունով քոյր մը ըսաւ. «Երբ ստեղծագործութեան մէջ կը տեսնեմ Եհովային իմաստութիւնը, կը հիանամ, եւ ասիկա ինծի կ’օգնէ որ անդրադառնամ թէ Եհովան ինծի համար լաւագոյնը կ’ուզէ»։ Ատրիըն կանոնաւորաբար խոկալով, այս հարցը տուաւ. «Ինչո՞ւ ընեմ բան մը, որ արգելք դնէ իմ եւ Եհովային միջեւ, որ ինծի կեանք տուաւ»։ Լաւ կ’ըլլայ որ այս շաբաթ ժամանակ տրամադրես խոկալու բանի մը մասին, որ Եհովան ստեղծեց։ Ասիկա ընելը քեզի պիտի օգնէ որ Եհովան ա՛լ աւելի սիրես ու յարգես (Սաղ. 111։2, 3

7. Աղօթելը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել որ Եհովայէն ճիշդ կերպով վախնանք։

7 Աստուծոյ հանդէպ վախ մշակելու ուրիշ կերպ մըն է՝ կանոնաւորաբար աղօթել։ Ո՛րքան աւելի աղօթենք, ա՛յնքան աւելի Եհովան մեզի համար իրական կը դառնայ։ Ամէն անգամ որ իրմէ զօրութիւն խնդրենք, որպէսզի դժուարութեան մը տոկանք, կը յիշենք իր անսահման ուժը։ Երբ իր Որդիին համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք, ասիկա մեզի կը յիշեցնէ որ Եհովան մեզ որքա՜ն կը սիրէ։ Իսկ երբ իրեն աղաչենք որ մեզի օգնէ խնդիրի մը հետ գլուխ ելլելու համար, ասիկա մեզի կը յիշեցնէ որ ան որքա՜ն իմաստուն է։ Այս տեսակ աղօթքներ Եհովայի հանդէպ մեր յարգանքը կ’աւելցնեն եւ կը ձգեն որ ա՛լ աւելի վճռենք չընել բան մը, որ կրնայ իրեն հետ մեր փոխյարաբերութեան վնաս հասցնել։

8. Ի՞նչ կրնանք ընել, որ շարունակենք Աստուծմէ վախնալ։

8 Կրնանք շարունակել Աստուծոյ հանդէպ վախ ունենալ, երբ Աստուածաշունչը կը սերտենք՝ նպատակ դնելով որ սորվինք անոր մէջի լաւ եւ գէշ օրինակներէն։ Պիտի խօսինք Եհովային երկու հաւատարիմ ծառաներուն մասին. Աքաաբ թագաւորին տան տնտեսը՝ Աբդիան, եւ Յովիադա քահանայապետը։ Ետքը, պիտի տեսնենք թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ Յուդայի Յովաս թագաւորէն, որ սկիզբը Եհովայէն կը վախնար, բայց ետքը իրմէ հեռացաւ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՎԱԽ ԱԲԴԻԱՅԻ ՊԷՍ, ՔԱՋ ԵՂԻՐ

9. Աստուածավախութիւնը ինչպէ՞ս օգնեց Աբդիային (Գ. Թագաւորաց 18։3, 12

9 Աստուածաշունչը Աբդիան b կը ներկայացնէ հետեւեալ բառերով. «Աբդիան Տէրոջմէն շատ կը վախնար» (կարդա՛ Գ. Թագաւորաց 18։3, 12)։ Աստուածավախութիւնը ինչպէ՞ս ազդեց Աբդիային։ Կերպերէն մէկը այն էր, որ անիկա զինք պարկեշտ եւ վստահելի մէկը ըրաւ։ Ատոր համար ալ թագաւորը զինք իր թագաւորական տան վրայ պատասխանատու դրաւ (համեմատէ՛ Նէեմիա 7։2)։ Աբդիայի աստուածավախութիւնը նաեւ իրեն տուաւ սովորական չեղող քաջութիւն մը, որուն ինքը շատ պէտք ունեցաւ։ Ան ապրեցաւ Աքաաբ չար թագաւորին իշխանութեան ժամանակ, որ «բոլոր իրմէ առաջ եղողներէն [թագաւորներէն] աւելի Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ» (Գ. Թագ. 16։30)։ Ասկէ զատ, Աքաաբի Բաաղ պաշտող կինը՝ Յեզաբէլ, այնքա՛ն կ’ատէր Եհովան, որ փորձեց ճշմարիտ պաշտամունքը բնաջնջել հիւսիսային թագաւորութեան մէջ։ Ան նոյնիսկ Աստուծոյ մարգարէներէն շատերը սպաննեց (Գ. Թագ. 18։4)։ Անկասկած, Աբդիան Եհովան պաշտեց շատ դժուար ժամանակի մը մէջ։

10. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Աբդիան շատ քաջ էր։

10 Աբդիան ինչպէ՞ս սովորական չեղող քաջութիւն ցոյց տուաւ։ Երբ Յեզաբէլ Աստուծոյ մարգարէները կը փնտռէր մեռցնելու համար, Աբդիան անոնցմէ 100 հոգի առաւ, եւ ‘յիսուն յիսուն, քարայրներու մէջ պահեց ու զանոնք հացով ու ջուրով կերակրեց’ (Գ. Թագ. 18։13, 14)։ Եթէ իր ըրածը մէջտեղ ելլէր, քաջ Աբդիան վստահաբար պիտի մեռցուէր։ Եւ անշուշտ, մեզմէ ոեւէ մէկուն պէս, ան չէր ուզեր մեռնիլ։ Բայց ան Եհովան եւ իրեն ծառայողները աւելի՛ սիրեց քան իր անձը։

Արգիլուած երկրի մը մէջ, եղբայր մը քաջաբար հոգեւոր սնունդ կը բաժնէ իր հաւատակիցներուն (տե՛ս պարբ. 11) c

11. Ներկայիս Եհովայի ծառաները ինչպէ՞ս Աբդիային կը նմանին (տե՛ս նաեւ նկարը)։

11 Ներկայիս, Եհովայի ծառաներէն շատերը կ’ապրին երկիրներու մէջ՝ ուր մեր գործը արգիլուած է։ Անոնք կառավարութիւնները կը յարգեն, բայց Աբդիայի պէս, այս եղբայրներն ու քոյրերը Եհովային բացարձակ պաշտամունք կու տան, որուն ան արժանի է (Մատ. 22։21)։ Անոնք աստուածավախութիւն ցոյց կու տան՝ Աստուծոյ հնազանդելով, քան մարդոց (Գործք 5։29)։ Եւ ասիկա կ’ընեն՝ շարունակելով բարի լուրը քարոզել եւ գաղտնաբար իրար քով հաւաքուելով (Մատ. 10։16, 28)։ Անոնք հոգ կը տանին, որ իրենց եղբայրներն ու քոյրերը պէտք եղած հոգեւոր սնունդը ստանան։ Նկատի առնենք Հէնրիի պարագան, որ կ’ապրի ուր մեր գործը ատեն մը արգիլուած էր։ Այդ ատեն, Հէնրին կանոնաւորաբար հոգեւոր սնունդ կը բաժնէր իր հաւատակիցներուն։ Ան գրեց. «Ես բնաւորութեամբ ամչկոտ եմ։ Անոր համար, համոզուած եմ որ Եհովային հանդէպ ունեցած խոր յարգանքս է որ ինծի պէտք եղած քաջութիւնը տուաւ»։ Դուն քեզ Հէնրիին պէս քաջ մէկը կը նկատե՞ս։ Կրնա՛ս իրեն պէս ըլլալ, եթէ Աստուծոյ հանդէպ ճիշդ տեսակի վախ մշակես։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՎԱԽ ՅՈՎԻԱԴԱ ՔԱՀԱՆԱՅԻՆ ՊԷՍ, ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԵՂԻ՛Ր

12. Յովիադա քահանայապետը եւ իր կինը ինչպէ՞ս ցոյց տուին որ Եհովային հաւատարիմ էին։

12 Յովիադա քահանայապետը Եհովայէն կը վախնար, անոր համար իրեն հաւատարիմ եղաւ եւ ուրիշները քաջալերեց որ զինք պաշտեն։ Ասիկա յստակ դարձաւ, երբ Յեզաբէլին աղջիկը՝ Գոթողիան, Յուդայի գահը խլեց։ Ժողովուրդը Գոթողիայէն կը վախնար, քանի որ ան անգութ էր եւ այնքա՛ն կ’ուզէր գահը ժառանգել, որ նոյնիսկ փորձեց իր բոլոր թոռնիկները՝ գահին ժառանգորդները մեռցնել (Բ. Մն. 22։10, 11)։ Բայց Յովիադային կինը Յօսաբէէն, այդ պզտիկներէն մէկուն՝ Յովասին կեանքը ազատեց։ Ան եւ իր ամուսինը պահեցին Յովասը եւ անոր հոգ տարին։ Այսպէս, Յովիադան եւ Յօսաբէէն Դաւիթի թագաւորական սերունդը պահպանեցին։ Յովիադան Եհովային հաւատարիմ էր եւ Գոթողիայէն չվախցաւ (Առ. 29։25

13. Երբ Յովաս եօթը տարեկան էր, Յովիադան ինչպէ՞ս անգամ մը եւս հաւատարմութիւն ցոյց տուաւ։

13 Երբ Յովաս եօթը տարեկան էր, Յովիադան անգամ մը եւս փաստեց որ Եհովային հաւատարիմ էր։ Ան ծրագիր մը դրաւ, որ եթէ յաջողէր, Յովասը Դաւիթի իրաւացի ժառանգորդը պիտի ըլլար։ Բայց եթէ ծրագիրը ձախողէր, Յովիադան շատ հաւանաբար իր կեանքը կորսնցնէր։ Եհովային օգնութեամբ, ծրագիրը յաջողեցաւ։ Եւ հարիւրապետներուն եւ ղեւտացիներուն օգնութեամբ, Յովիադան Յովասը թագաւոր ըրաւ եւ Գոթողիան սպաննել տուաւ (Բ. Մն. 23։1-5, 11, 12, 15. 24։1)։ Ետքը, Յովիադան «Տէրոջը ու թագաւորին ու ժողովուրդին մէջտեղ ուխտ ըրաւ, որպէս զի Տէրոջը ժողովուրդը ըլլան» (Դ. Թագ. 11։17)։ Յովիադան նաեւ «դռնապանները Տէրոջը տանը դռներուն քով կեցուց, որպէս զի ոեւէ կերպով անմաքուր եղող մարդ մը չմտնէ» (Բ. Մն. 23։19

14. Յովիադան ի՞նչ կերպերով փառաւորուեցաւ Եհովան փառաւորելուն համար։

14 Եհովան անկէ առաջ ըսած էր. «Զիս փառաւորողները պիտի փառաւորեմ», եւ այդպէս ալ ըրաւ (Ա. Թագ. 2։30)։ Օրինակ, ան այդ քահանայապետին բարի գործերը Սուրբ Գիրքին մէջ արձանագրել տուաւ, որպէսզի մենք անոնցմէ սորվինք (Հռով. 15։4)։ Եւ երբ Յովիադան մեռաւ, իրեն մեծ պատիւ տրուեցաւ, որ «Դաւիթին քաղաքին մէջ թագաւորներուն հետ թաղ[ուի]. քանզի անիկա Իսրայէլի մէջ Աստուծոյ ու անոր տանը համար աղէկութիւն ըրեր էր» (Բ. Մն. 24։15, 16

Յովիադա քահանայապետին պէս, աստուածավախութիւնը մեզ կը մղէ որ հաւատարմաբար մեր եղբայրներուն օգնենք (տե՛ս պարբ. 15) d

15. Յովիադայի հետ պատահածէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

15 Յովիադային մասին մեր սորվածը կրնայ մեզի օգնել որ աստուածավախութիւն մշակենք։ Քրիստոնեայ երէցները կրնան Յովիադան ընդօրինակել՝ արթուն մնալով եւ հաւատարմօրէն Աստուծոյ հօտը պաշտպանելով (Գործք 20։28)։ Իսկ տարեցները կրնան Յովիադայէն սորվիլ, որ երբ Եհովայէն վախնան եւ իրեն հաւատարիմ մնան, Ան զիրենք կրնայ գործածել իր կամքը կատարելու համար։ Եւ թէ զիրենք մէկ կողմ չի նետեր։ Երիտասարդներն ալ կրնան նկատել, թէ Եհովան ինչպէ՛ս վարուեցաւ Յովիադային հետ, եւ զինք ընդօրինակել՝ հաւատարիմ տարեցներուն հետ արժանապատուութեամբ եւ յարգանքով վարուելով։ Մանաւանդ եթէ այդ տարեցները տարիներով հաւատարմօրէն Եհովային ծառայած են (Առ. 16։31)։ Ի վերջոյ, բոլորս ալ կրնանք դաս մը սորվիլ հարիւրապետներէն եւ ղեւտացիներէն, որոնք Յովիադային թիկունք կանգնեցան։ Թող որ հաւատարմօրէն այդ «առաջնորդներուն» թիկունք կանգնինք՝ անոնց հնազանդելով (Եբ. 13։17

ՅՈՎԱՍ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՊԷՍ ՄԻ՛ ԸԼԼԱՐ

16. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Յովաս թագաւորը տկար էր։

16 Յովիադան Յովաս թագաւորին օգնեց որ լաւ անձ մը ըլլայ (Դ. Թագ. 12։2)։ Անոր համար, այս պատանի թագաւորը ուզեց Եհովան ուրախացնել։ Բայց Յովիադայի մեռնելէն ետք, Յովասը մտիկ ըրաւ հաւատուրաց իշխաններու։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ինքն ու իր ժողովուրդը «Աստարովթին կուռքերուն ու չաստուածներուն ծառայութիւն ըրին» (Բ. Մն. 24։4, 17, 18)։ Խորապէս վիրաւորուելով, Եհովան «անոնց մարգարէներ ղրկեց, որպէս զի զանոնք Տէրոջը դարձնեն,. . . բայց անոնք մտիկ չըրին»։ Անոնք նոյնիսկ մտիկ չըրին Յովիադային տղուն՝ Զաքարիային, որ ոչ միայն Եհովային մարգարէ եւ քահանայ էր, հապա նաեւ՝ Յովասին հօրաքրոջ տղան։ Յովաս նոյնիսկ ապերախտ գտնուեցաւ եւ մեռցուց Զաքարիան, որուն ընտանիքը իր կեանքը ազատած էր (Բ. Մն. 22։11. 24։19-22

17. Վերջաւորութեան ի՞նչ պատահեցաւ Յովասին։

17 Յովաս իր աստուածավախութիւնը չպահպանեց, եւ ասիկա իրեն վնասակար եղաւ։ Եհովան ըսած էր. «Զիս արհամարհողները պիտի անարգուին» (Ա. Թագ. 2։30)։ Յետագային, ասորական պզտիկ զօրք մը Յովասի «խիստ շատուոր եղող զօրք»ին վրայ յաղթանակ տարաւ, եւ Յովասը ‘մեծ հիւանդութիւններու մէջ ձգեց’։ Ասորիները երթալէն ետք, Յովասին ծառաները սպաննեցին զինք՝ Զաքարիան սպաննելուն համար։ Այդ չար թագաւորը նոյնիսկ արժանի չեղաւ «թագաւորներու գերեզմանին մէջ» թաղուելու (Բ. Մն. 24։23-25. տե՛ս «Բարաքիայի որդին»՝ Մատթէոս 23։35–ի սերտելու նոթին մէջ, անգլ.)։

18. Երեմիա 17։7, 8–ի համաձայն, ինչպէ՞ս կրնանք Յովասին պէս չըլլալ։

18 Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յովասին օրինակէն։ Ան կը նմանէր ծառի մը, որ տկար արմատներ ունէր եւ փայտի մը օգնութեամբ կանգուն կը կենար։ Երբ այդ փայտը՝ Յովիադան մեռաւ եւ Յովաս սկսաւ հաւատուրացներուն մտիկ ընել, այդ ծառը՝ Յովաս ինկաւ։ Ասիկա զօրաւոր կերպով ցոյց կու տայ, որ մեր աստուածավախութիւնը պէտք չէ կախեալ ըլլայ հաւատակիցներու լաւ օրինակէն, մէջը ըլլալով մեր ընտանիքի անդամները։ Հոգեւորապէս զօրաւոր մնալու համար, պէտք է մեր աստուածավախութիւնը զօրացնենք՝ կանոնաւոր սերտողութեան, խոկալու եւ աղօթելու միջոցաւ (Կարդա՛ Երեմիա 17։7, 8. Կող. 2։6, 7

19. Եհովան մեզմէ ի՞նչ կը խնդրէ։

19 Եհովան մեզմէ շատ բան չի պահանջեր։ Ինչ որ կը պահանջէ ամփոփած է Ժողովող 12։13–ի մէջ, որ կ’ըսէ, «Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է»։ Երբ Աստուծմէ վախնանք, պիտի կրնանք ապագայ փորձութիւնները դիմագրաւել եւ Աբդիայի եւ Յովիադայի պէս հաստատ մնալ։ Ո՛չ մէկ բան Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութեան վնաս պիտի հասցնէ։

ԵՐԳ 152 Մեր Վէմը, մեր Յոյսը, մեր Ապաւէնը

a Սուրբ Գրութիւններուն մէջ «վախ» բառը տարբեր–տարբեր իմաստներ ունի, կախեալ ըլլալով բովանդակութենէն։ Ատիկա կրնայ ակնարկել սարսափի կամ խոր յարգանքի։ Այս յօդուածը մեզի պիտի օգնէ որ զարգացնենք այնպիսի վախ, որ կրնայ մեզ մղել մեր երկնաւոր Հօր ծառայութեան մէջ քաջ եւ հաւատարիմ ըլլալու։

b Այս Աբդիան Աբդի մարգարէն չէ, որ դարեր ետքը ապրեցաւ եւ իր անունը կրող Աստուածաշունչի գիրքը գրեց։

c ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Այս նկարին մէջ, արգիլուած երկրի մը մէջ, եղբայր մը հոգեւոր սնունդ կը բաժնէ։

d ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երիտասարդ քոյր մը տարեց քրոջմէ մը կը սորվի ինչպէ՛ս հեռաձայնով վկայել։ Տարեց եղբայր մը քաջաբար հանրային վկայութեան կը մասնակցի։ Փորձառու եղբայր մը Թագաւորութեան սրահի նորոգութեան վերաբերեալ մարզում կու տայ։