Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դիտարան–ին մէջ երկրորդական յօդուածներ

Դիտարան–ին մէջ երկրորդական յօդուածներ

Շատ մը հրատարակիչներ JW Library® էփը կը գործածեն ժողովները պատրաստելու համար, եւ շատ կը գնահատեն որ էփին մէջ դիւրութեամբ կրնան Դիտարան–ի ամէն մէկ յօդուած պատրաստել։ Բայց Դիտարան–ի ուսումնասիրական հրատարակութեան մէջ յաճախ կան երկրորդական յօդուածներ, որոնք հոգեւոր սնունդ կու տան։ Ինչպէ՞ս կրնաս այս յօդուածները գտնել եւ ատոնցմէ օգտուիլ, մինչ JW Library էփը կը գործածես։

  • Դիտարան–ի ամէն մէկ ուսումնասիրութեան յօդուածին վերջաւորութեան պիտի գտնես «Կարդալու համար աւելի նիւթեր» ենթավերնագիրը։ Այդ ենթավերնագրին տակ կայ «Այս թիւին մէջ ուրիշ յօդուածներ» կապը։ Կապը սեղմէ եւ պիտի տեսնես բովանդակութեան ցանկը, ուր կ’երեւին ուսումնասիրութեան յօդուածներուն վերնագիրները եւ թիւերը։ Սեղմէ այն երկրորդական յօդուածին վերնագիրը, որ կ’ուզես կարդալ։

  • JW Library էփին գլխաւոր էջին վրայ, բա՛ց «Նորութիւններ» բաժինը, եւ բեռնէ Դիտարան–ի ամէն մէկ նոր թիւ, երբ անիկա երեւի։ Բեռնած Դիտարան–դ բա՛ց, անոր բովանդակութեան ցանկին նայէ եւ բոլոր յօդուածներէն օգտուէ։