Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք» (ՄԱՏԹԷՈՍ 10։31)

Աստուած քեզ կը նկատէ՞

Աստուած քեզ կը նկատէ՞

ՄԱՐԴ ԱՐԱՐԱԾԸ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԵՐՊԷՆ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆՔ

Նորածին մանուկի մը առաջին 60 վայրկեանը իր մօր արգանդէն դուրս՝ շատ կարեւոր ժամանակ է որ ան իր նոր միջավայրին յարմարի։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ երբ մայրերը իրենց նորածին մանուկները այս կարեւոր ժամանակին գրկեն եւ անոնց հետ շփման մէջ գան, խորապէս կ’ազդեն անոնց աճման եւ զարգացման *։

Ի՞նչը կը մղէ մայր մը, որ քնքշօրէն հոգ տանի իր նորածինին։ Փրոֆէսոր Ճընէթ Գրէնշօ կը բացատրէ, որ օքսիթոսին հորմոնին բարձրացած քանակը «ծննդաբերութենէ ետք մայրական զգացումներ կը յառաջացնէ՝ մինչ մայրը իր նորածինին կը դպնայ, կը նայի կամ կաթ կու տայ» (The Journal of Perinatal Education)։ Նոյն ատեն, ուրիշ հորմոն մը կ’արտադրուի եւ «մօր կ’օգնէ, որ իր նորածինին հետ շփման մէջ գայ», ինչպէս նաեւ անոնց միջեւ եղած կապը կ’ամրացնէ։ Ասիկա ինչո՞ւ աչքառու է։

Մօր մը եւ իր նորածինին միջեւ եղած այս մտերմիկ կապը ծրագրուած է մեր սիրալիր Ստեղծիչին՝ Եհովա Աստուծոյ կողմէ *։ Դաւիթ թագաւոր Աստուծոյ համար ըսաւ, որ ա՛ն զինք իր ‘մօրը արգանդէն հանեց’ եւ ապահով զգացուց իր մօր գիրկը։ Դաւիթ աղօթեց. «Արգանդէն ես քեզի յանձնուեցայ. իմ մօրս որովայնէն դուն ես իմ Աստուածս» (Սաղմոս 22։9, 10

ՊԱՀ ՄԸ ՄՏԱԾԷ։ Եթէ Աստուած այս խրթին հորմոնային սիստեմը ստեղծած է, որ մայր մը քնքշօրէն իր նորածինին հոգ տանի եւ անոր պէտքերը հոգայ, ուրեմն տրամաբանական չէ՞ որ Աստուած հետաքրքրուի ամէն մէկովս՝ իր «զաւակներով» (Գործք 17։29, ՆԹ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՈԳԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Յիսուս Քրիստոս, որ ամէնէն շատ կը ճանչնայ Ստեղծիչը, սորվեցուց. «Չէ՞ որ երկու ճնճղուկ մէկ դանկի կը ծախուին եւ անոնցմէ մէկը գետինը չ’իյնար առանց ձեր Հօրը հրամանին։ Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են։ Ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք» (Մատթէոս 10։29-31

Քիչեր կը նշմարեն պզտիկ թռչունները, ուր մնաց որ նշմարեն որ թռչուն մը գետին ինկած է։ Բայց մեր երկնաւոր Հայրը անոնցմէ ամէն մէկը կը տեսնէ։ Եւ թռչունները, որքա՛ն ալ որ շատ ըլլան, իր աչքին այդքան արժէքաւոր չեն՝ որքան մարդ արարածը։ Ուրեմն կէտը յստակ է. ‘Մի՛ վախնար’. Աստուած քեզ կը նշմարէ՛, քանի որ քեզմով շա՛տ հետաքրքրուած է։

Աստուած մեր լաւութիւնը կ’ուզէ եւ մեր վրայ կը հսկէ, քանի որ մեզմով շա՛տ հետաքրքրուած է

Մխիթարիչ համարներ

  • «Տէրոջը աչքերը ամէն տեղ չարերն ու բարիները կը դիտեն» (ԱՌԱԿԱՑ 15։3

  • «Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին» (ՍԱՂՄՈՍ 34։15

  • «Քու ողորմութիւնովդ պիտի ցնծամ եւ ուրախ ըլլամ. վասն զի իմ թշուառութիւնս տեսար ու իմ տառապանքներս գիտցար» (ՍԱՂՄՈՍ 31։7

«ԶԳԱՑԻ ՈՐ ԵՀՈՎԱՆ ԶԻՍ ՉԻ ՍԻՐԵՐ»

Մեզի համար տարբերութիւն կ’ընէ՞ երբ գիտնանք որ Աստուած մեր լաւութիւնը կ’ուզէ եւ մեր վրայ կը հսկէ, քանի որ մեզմով շա՛տ հետաքրքրուած է։ Այո՛։ Հաննան *, որ Անգլիայէն է, կը բացատրէ.

«Շա՜տ, շա՜տ անգամներ զգացած եմ, թէ Եհովան զիս չի սիրեր եւ թէ աղօթքներս չէին պատասխանուեր։ Կը կարծէի որ պատճառը տկար հաւատքս է։ Կը զգայի որ կը պատժուիմ կամ կ’անտեսուիմ, քանի որ կարեւոր մէկը չեմ։ Կը զգայի որ Աստուած ինձմով հետաքրքրուած չէ»։

Բայց այսօր Հաննան այլեւս կասկածներ չունի Աստուծոյ հոգատարութեան եւ սիրոյն նկատմամբ։ Ինչո՞ւ։ «Այս փոփոխութիւնը կամաց–կամաց եղաւ», կը բացատրէ ան։ «Կը յիշեմ որ օր մը՝ տարիներ առաջ, սուրբգրային դասախօսութիւն մը տրուեցաւ Յիսուսի զոհին մասին եւ ատիկա ինծի շա՛տ ազդեց եւ օգնեց որ Եհովայի սիրոյն վստահիմ։ Եւ ամէն անգամ որ աղօթքներս կը պատասխանուէին, կու լայի, քանի որ կ’անդրադառնայի, որ Եհովան իրա՛ւ զիս կը սիրէ։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը սերտելով եւ ժողովներու երթալով՝ աւելի՛ սորվեցայ Եհովային, իր անձնաւորութեան եւ մեզի հանդէպ իր զգացումներուն մասին։ Հիմա յստակ կերպով կը տեսնեմ, որ Եհովան մեզի կռնակ կը կենայ, կը սիրէ եւ սրտա՛նց կը փափաքի ամէն մէկուս հոգ տանիլ»։

Հաննային ըսածները քաջալերական են։ Բայց ինչպէ՞ս կրնաս վստահ ըլլալ, որ Աստուած քեզ կը հասկնայ եւ գիտէ ինչ կը զգաս։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումին պիտի պատասխանէ։

^ պարբ. 3 Կարգ մը մայրեր, որոնք ծննդաբերելէ ետք կ’ընկճուին, թերեւս դժուարութիւն ունենան իրենց նորածինը գրկելու եւ անոր հետ շփման մէջ գալու։ Բայց անոնք պէտք չէ իրենք զիրենք այպանեն։ Մտային առողջութեան հաստատութեան մը համաձայն, այս տեսակ ընկճուածութիւն «հաւանաբար ֆիզիքական եւ զգացական ազդակներու արդիւնքն է. . . ոչ թէ որովհետեւ մայրը բան մը ըրաւ կամ չըրաւ» (U.S. National Institute of Mental Health)։ Եթէ կ’ուզես այս նիւթին մասին աւելի՛ն գիտնալ, տես «Հասկնանք յետ–ծննդեան ընկճուածութիւնը» յօդուածը Զարթի՛ր–ի 8 յունիս 2003 թիւին մէջ (անգլերէն)։

^ պարբ. 5 Ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը յայտնէ, Աստուծոյ անունը «Եհովա» է (Սաղմոս 83։18

^ պարբ. 15 Այս յօդուածաշարքին մէջ կարգ մը անուններ փոխուած են։