Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս ինչպէ՞ս «շատերու համար փրկանք» տուաւ

Յիսուս ինչպէ՞ս «շատերու համար փրկանք» տուաւ

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Մարդիկ մեղաւոր են եւ կը մեռնին։ Բայց Աստուած զանոնք կ’ազատէ կամ կը փրկէ Յիսուսին տուած փրկանքին միջոցաւ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Յիսուսին արիւնը այն գինն է որ վճարուեցաւ մարդիկը ազատելու համար (Եփեսացիս 1։7. Ա. Պետրոս 1։18, 19)։ Անոր համար է որ Յիսուս ըսաւ որ ինք եկաւ «իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու» համար (Մատթէոս 20։28

Ինչո՞ւ «շատերու համար փրկանք»ի պէտք կար

 Աստուած առաջին մարդը՝ Ադամը՝ կատարեալ, այսինքն՝ առանց մեղքի, ստեղծեց։ Ադամ կրնար յաւիտեան ապրիլ, բայց այդ առիթը կորսնցուց, քանի որ ընտրեց Աստուծոյ չհնազանդիլ (Ծննդոց 3։17-19)։ Եւ երբ զաւակներ ունեցաւ, Ադամ անոնց փոխանցեց մեղքը (Հռովմայեցիս 5։12)։ Անոր համար, Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Ադամ ինքզինք եւ իր զաւակները մեղքին ու մահուան ‘ծախեց’ (Հռովմայեցիս 7։14)։ Եւ քանի՛ որ իր բոլոր զաւակները անկատար էին, չէին կրնար ետ գնել այն ինչ որ ինք կորսնցուց (Սաղմոս 49։7, 8

 Աստուած Ադամի սերունդին հետ զգաց, քանի որ անոնք յոյս չունէին (Յովհաննէս 3։16)։ Բայց քանի որ Աստուած արդար է, ան չէր կրնար պարզապէս անտեսել կամ ներել անոնց մեղքերը՝ առանց որեւէ հիմ ունենալու (Սաղմոս 89։14. Հռովմայեցիս 3։23-26)։ Աստուած մարդիկը կը սիրէ, անոր համար օրինական կարգադրութիւն մը ըրաւ, որ թէ՛ իրենց մեղքերը ներէ եւ թէ ջնջէ (Հռովմայեցիս 5։6-8)։ Եւ այդ օրինական կարգադրութիւնը փրկանքն է։

Փրկանքին դերը ի՞նչ է

 Աստուածաշունչին մէջ, «փրկանք» բառին մէջ կ’իյնայ երեք բան.

  1.   Ատիկա գին մըն է որ կը վճարուի (Թուոց 3։46, 47

  2.   Ատիկա կ’ազատագրէ կամ կը փրկէ (Ելից 21։30

  3.   Ատիկա կը համապատասխանէ, կը ծածկէ կամ հաւասար է վնասուած բանին արժէքին a։

 Տես թէ այս երեք կէտերը ինչպէ՛ս յստակ կը դառնան Յիսուս Քրիստոսի փրկանքին պարագային։

  1.   Ատիկա գին մըն է որ վճարուեցաւ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ քրիստոնեաները ‘գնով ծախու առնուեցան’ (Ա. Կորնթացիս 6։20. 7։23)։ Եւ այդ գինը Յիսուսին արիւնն է, որով ‘մեզ ծախու առաւ Աստուծոյ համար ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ’ (Յայտնութիւն 5։8, 9

  2.   Ատիկա կ’ազատագրէ։ Յիսուսին տուած փրկանքը մեզ կ’ազատագրէ մեղքէն (Ա. Կորնթացիս 1։30. Կողոսացիս 1։14. Եբրայեցիս 9։15

  3.   Ատիկա կը համապատասխանէ։ Յիսուսին զոհը կը համապատասխանէ կամ ուրիշ խօսքով հաւասար արժէքը ունի Ադամին կորսնցուցածին, այսինքն՝ կատարեալ մարդկային կեանքին (Ա. Կորնթացիս 15։21, 22, 45, 46)։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ինչպէս մէկ մարդու [Ադամ] անհնազանդութիւնովը շատեր մեղաւոր եղան, այնպէս մէկուն [Յիսուս Քրիստոս] հնազանդութիւնովը շատեր արդար պիտի ըլլան» (Հռովմայեցիս 5։19)։ Ասիկա կը բացատրէ որ ինչպէ՛ս մէկ մարդու մը մահը կրնայ շատ մը մեղաւորներու համար փրկանք վճարել։ Իրականութեան մէջ, Յիսուսին զոհը «ամենուն տեղ փրկանք» է, այսինքն, ատիկա փրկանք է բոլոր անոնց՝ որոնք պէտք եղած քայլերը կ’առնեն որ ատկէ օգտուին (Ա. Տիմոթէոս 2։5, 6

a Աստուածաշունչին մէջ, «փրկանք» թարգմանուած բառերը կու տան գինի մը կամ արժէքաւոր բանի մը գաղափարը, որ կը վճարուի։ Օրինակ եբրայերէն քա·ֆար բայը կը նշանակէ «ծածկել»։ Ատիկա ընդհանրապէս կը նշանակէ մեղքը քաւել կամ ծածկել, ներել (Սաղմոս 65։3)։ Իսկ այդ բային գոյականով՝ քոֆեր բառով՝ կը հասկնանք այն «փրկագինը» կամ գինը, որ կը վճարուի որեւէ բան ծածկելու կամ ոեւէ մէկը փրկելու համար (Ելից 21։30)։ Նոյնպէս, յունարէն բառը՝ լիթրոն, որ ընդհանրապէս կը թարգմանուի՝ «փրկանք», կրնայ նշանակել նաեւ «փրկագին» (Մատթէոս 20։28)։ Յոյն գրողները այս բառը գործածեցին, երբ կը գրէին այն գինին մասին որ կը վճարուէր, պատերազմի բանտարկեալ մը փրկելու կամ ստրուկ մը ազատագրելու համար։