Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները ի՞նչ տեսակէտ ունին ուսումին նկատմամբ

Եհովայի վկաները ի՞նչ տեսակէտ ունին ուսումին նկատմամբ

 Ուսումի նկատմամբ մեր տեսակէտը հիմնուած է Աստուածաշունչի սկզբունքներուն վրայ։ Ամէն մէկ Վկայ Աստուածաշունչին հիման վրայ մարզուած իր խիղճով առաջնորդուելով՝ կ’որոշէ թէ ինչպէ՛ս պէտք է գործադրէ այս սկզբունքները. a

 Ուսումը անհրաժեշտ է

 Ուսումը մէկու մը կ’օգնէ, որ զարգացնէ «իմաստութիւն ու խոհեմութիւն», որոնք Աստուածաշունչի մէջ նշուած են որպէս կարեւոր յատկութիւններ (Առակաց 2։10, 11. 3։21, 22)։ Ասկէ զատ, Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ, որ իր պատուիրանները սորվեցնեն ուրիշներու (Մատթէոս 28։19, 20)։ Ատոր համար, մենք Վկաները կը քաջալերենք եւ անոնց կ’օգնենք, որ շատ բան սորվին, ինչպէս՝ գրել, կարդալ եւ ուրիշներու հետ հաղորդակցիլ b։ Անոնց նաեւ ուրիշ կրօնքներու եւ մշակոյթներու մասին տեղեկութիւններ կու տանք (Ա. Կորնթացիս 9։20-22. Ա. Տիմոթէոս 4։13

 Կառավարութիւնները նոյնպէս ուսումը կարեւոր կը սեպեն, եւ կը պահանջեն, որ պզտիկները նախակրթական եւ երկրորդական ուսում առնեն։ Մենք կը հնազանդինք այդպիսի օրէնքներու՝ հետեւելով այս պատուէրին. «Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի» (Հռովմայեցիս 13։1)։ Ասկէ զատ, մեր պզտիկները կը քաջալերենք, որ դպրոցէն առաւելագոյնս օգտուին՝ իրենց լաւագոյնը տալով, փոխանակ միայն պահանջուածը ընելու c։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց» (Կողոսացիս 3։23

 Ուսումը կ’օգնէ, որ մեր ընտանիքները հոգանք։ Աստուածաշունչի համաձայն. «Եթէ մէկը իրեններուն ու մանաւանդ իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է» (Ա. Տիմոթէոս 5։8)։ Աշխարհիկ ուսումը կրնայ մեզի օգնել, որ ատիկա կարենանք ընել։ Ինչպէս համայնագիտարան մը կը բացատրէ, ուսումին գլխաւոր նպատակն է՝ «մարդիկը կարող դարձնել, որ ընկերութեան օգտակար դառնան եւ տնտեսութիւնը բարելաւեն» (The World Book Encyclopedia)։ Վարպետ եւ ուսեալ անհատ մը իր ընտանիքին աւելի դիւրութեամբ կրնայ հոգ տանիլ, քան ուրիշ մը՝ որ կարողութիւններ եւ հիմնական ուսում չունի (Առակաց 22։29

 Դպրոցը նաեւ ծնողներուն կ’օգնէ որ իրենց զաւակները չափահասութեան պատրաստեն։ Այս ուղղութեամբ, երկրորդական վարժարանը մեծ դեր կը խաղայ (Բ. Կորնթացիս 12։14)։ Մենք ծնողները կը քաջալերենք, որ իրենց զաւակները երկրորդական ուսում ստանան, նոյնիսկ եթէ կ’ապրին այնպիսի շրջաններու մէջ, ուր ատիկա ձրի չէ, դժուար է ձեռք ձգել կամ մշակոյթին հակառակ է d։ Ասկէ զատ, ծնողներուն գործնական խրատներ կու տանք, որ իրենց զաւակներուն օգնեն՝ անոնց ուսման մարզին մէջ e։

 Ուսումի նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ

 Ուշադրութեամբ կը քննենք, թէ աշխարհիկ ուսման ի՛նչ ընտրութիւններ կան։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ, բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ» (Առակաց 14։15)։ Այս սկզբունքը կը գործադրենք, երբ ուշի–ուշով կը մտածենք, որ երկրորդական վարժարանէն ետք ի՛նչ ընտրութիւններ կան, եւ ի՛նչ են անոնց ծախսը եւ օգուտները։ Օրինակ, արհեստ մը ուսանիլը օգտակար է եւ երկար ժամանակ չ’առներ։

 Հոգեւոր ուսումը աւելի մեծ օգուտ ունի, քան՝ աշխարհիկ ուսումը։ Աշխարհիկ ուսումին հակառակը, Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած կրթութիւնը Աստուծոյ մասին գիտութիւն կու տայ, ինչ որ կեանքեր կը փրկէ (Յովհաննէս 17։3)։ Ատիկա նաեւ կը սորվեցնէ հետեւեալ բարոյական արժանիքները. ‘արդարութիւն, դատաստան, ուղղութիւն եւ ամէն աղէկ ճամբայ’ (Առակաց 2։9)։ Պօղոս առաքեալ այնպիսի ուսում առած էր, որ կարելի է բաղդատել արդի համալսարանական ուսումին հետ, բայց ան նախընտրեց «Քրիստոս Յիսուսին գերազանց գիտութիւնը» (Փիլիպպեցիս 3։8. Գործք 22։3)։ Այսօր նոյնպէս, թէեւ Եհովայի վկաներէն շատեր աշխարհիկ բարձր ուսում առած են, բայց կը հաւատան որ իրենց հոգեւոր կրթութիւնը աւելի գերազանց արժէք ունի f։

Հոգեւոր կրթութիւնը բարոյական բարձր չափանիշներ կը սորվեցնէ

 Բարձրագոյն ուսումը կրնայ հոգեւոր եւ բարոյական գետնի վրայ վտանգներու առաջնորդել

 Աստուածաշնչական առակ մը կ’ըսէ. «Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ» (Առակաց 22։3)։ Եհովայի վկաները անդրադարձած են, որ կարգ մը համալսարաններու կամ բարձր ուսման կեդրոններու միջավայրը կրնայ բարոյական եւ հոգեւոր վտանգներու առաջնորդել։ Այդ պատճառով, շատ մը Վկաներ կը նախընտրեն իրենք զիրենք կամ իրենց զաւակները չենթարկել նման միջավայրերու ազդեցութեան։ Անոնք նկատած են, որ բարձր ուսման կեդրոններու մէջ, շատ անգամ հետեւեալ սխալ գաղափարները կը սորվեցնեն.

  •   Սխալ գաղափար. Դրամը երջանկութիւն եւ ապահովութիւն կու տայ

     Շատ անգամ կ’ըսուի, որ եթէ մէկը կ’ուզէ բարձր եկամուտ ունենալ, ուրեմն պէտք է բարձր ուսում առնէ։ Անոր համար, շատե՜ր համալսարան կը յաճախեն՝ աւելի դրամ շահելու նպատակով։ Ոմանք կը յուսան որ դրամը իրենց երջանկութիւն եւ ապահովութիւն պիտի տայ, բայց Աստուածաշունչը յստակ կերպով ցոյց կու տայ, որ այս մտածելակերպը սխալ է (Ժողովող 5։10)։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը նաեւ կը սորվեցնէ, որ «բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է», որ յաճախ մէկու մը հաւատքը կը քանդէ (Ա. Տիմոթէոս 6։10)։ Եհովայի վկաները ամէն ջանք կ’ընեն, որ ‘հարստութեան խաբէութեան’ ծուղակը չիյնան (Մատթէոս 13։22

  •   Սխալ գաղափար. Բարձր ուսումը մէկը կարեւոր եւ երեւելի անձնաւորութիւն կը դարձնէ

     Օրինակ, Վրաստանի նախկին վարչապետ՝ Նիգա Կիլաուրի, իր հայրենիքին մէջ տարածուած տեսակէտին մասին գրեց. «Վրաստանի մէջ, երիտասարդները պէտք է համալսարանական վկայական առնեն, որ կարենան մեր ընկերութեան մէջ բարձր դիրքի վրայ աշխատիլ։ [Անցեալին,] այն երիտասարդները՝ որոնք համալսարանական վկայական չունէին, իրենց ընտանիքները ամօթով կը ձգէին» g։ Ասոր հակառակը, Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ երեւելիութեան ետեւէ ըլլալէ։ Յիսուս իր օրուան փառատենչ կրօնական առաջնորդներուն ըսաւ. «Դուք ի՞նչպէս կրնաք հաւատալ, երբ իրարմէ փառք կ’ակնկալէք» (Յովհաննէս 5։44)։ Համալսարանի միջավայրը մէկու մը մէջ կրնայ հպարտ ոգի մը զարգացնել, ինչ որ Աստուած կ’ատէ (Առակաց 6։16, 17. Ա. Պետրոս 5։5

  •   Սխալ գաղափար. Ամէն մէկը ինք կ’որոշէ թէ ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը՝ սխալ

     Եհովայի վկաները թոյլ կու տան, որ Աստուած որոշէ թէ ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը՝ սխալ (Եսայի 5։20)։ Բայց գրքոյկի մը մէջ հրատարակուած յօդուածի մը համաձայն, համալսարաններու մէջ ընկերակիցները իրար այնքա՛ն կը ճնշեն որ անոնցմէ շատեր «կ’առնեն այնպիսի որոշումներ, որոնք ճիշդի եւ սխալի վերաբերեալ իրենց գիտելիքներուն հակառակ են» (Journal of Alcohol and Drug Education) h։ Ասիկա ներդաշնակ է Աստուածաշունչի հետեւեալ սկզբունքին հետ. «Չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն» (Ա. Կորնթացիս 15։33)։ Համալսարանի միջավայրին մէջ Աստուծոյ աչքին ատելի վարք կը տեսնենք, ինչպէս՝ գինովութիւն, թմրեցուցիչի գործածութիւն եւ ամուսնութենէ դուրս սեռային յարաբերութիւն (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10. Բ. Կորնթացիս 7։1

  •   Սխալ գաղափար. Բարձր ուսումը աշխարհը բարելաւելու ամենալաւ կերպն է

     Գիտենք, որ շատեր ուսման ետեւէ են, ոչ թէ հարստանալու, հեղինակաւոր դիրքի հասնելու կամ անվայել հաճոյքներ վայելելու համար, հապա աւելի՛ զարգանալու կամ աշխարհը բարելաւելու նպատակաւ։ Ասոնք հոյակապ նպատակակէտեր են։ Բայց Եհովայի վկաները տարբեր ճամբայ ընտրած են։ Յիսուսին պէս, մենք Աստուծոյ Թագաւորութեան կը յուսանք՝ աւելի լաւ աշխարհի մը մէջ ապրելու համար (Մատթէոս 6։9, 10)։ Բայց մեր ձեռքերը ծալած նստած չենք, սպասելով այն ժամանակին՝ երբ Թագաւորութիւնը աշխարհի խնդիրները պիտի լուծէ։ Յիսուսին պէս մենք ալ «արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ» կը քարոզենք, օգնելով որ ամէն տարի հարիւր հազարաւոր մարդիկ իրենց կեանքը բարելաւեն i (Մատթէոս 24։14

a Ծնողներու հետ ապրող Վկայ պատանիները կը յարգեն ուսման վերաբերեալ անոնց կարծիքը, եթէ չի հակառակիր Աստուծոյ օրէնքներուն (Կողոսացիս 3։20

b Մենք հրատարակած ենք գրել–կարդալ սորվեցնող գիրքերու աւելի քան 11 միլիոն օրինակ, մէջը ըլլալով՝ Միտք դիր կարդալու եւ գրելու գրքոյկը։ Եւ աշխարհի տարածքին, գրել–կարդալու անվճար դասընթացքներ կը վարենք՝ 120 լեզուներով։ 2003–էն մինչեւ 2017, մօտ 70,000 մարդոց օգնած ենք, որ գրել–կարդալ սորվին։

c Տե՛ս «Պէ՞տք է դպրոցը ձգեմ» յօդուածը (անգլերէն)։

d Օրինակ, ծնողները կը քաջալերենք որ դպրոց ղրկեն թէ՛ իրենց տղաքը եւ թէ աղջիկները։ Տե՛ս «Զաւակս պէ՞տք է դպրոց երթայ» յօդուածը, Դիտարան–ի 15 մարտ 2003 թիւին մէջ (անգլերէն)։

e Տե՛ս «Ինչպէ՞ս կրնաս զաւակիդ օգնել, որ իր նիշերը բարելաւէ» յօդուածը (անգլերէն)։

f Տե՛ս jw.org կայքին վրայ՝ «Կեանքի ծագումին մասին տեսակէտներ» բաժինը։

g Practical Economics: Economic Transformation and Government Reform in Georgia 2004—2012, էջ 170։

h Հատոր 61, թիւ 1, ապրիլ 2017, էջ 72 (անգլերէն)։

i Տե՛ս jw.org կայքին վրայ՝ «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» մասը։ Հոն կը գտնես իրական կեանքէ առնուած փորձառութիւններ՝ անհատներու, որոնք Աստուծոյ Խօսքին եւ Թագաւորութեան պատգամին զօրութեան շնորհիւ իրենց կեանքը բարելաւեցին։