Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները միսիոնարական ծառայութիւն կ’ընե՞ն

Եհովայի վկաները միսիոնարական ծառայութիւն կ’ընե՞ն

 Այո՛։ Ո՛ւր որ ալ ապրին, Եհովայի վկաները կը ջանան միսիոնարական հոգի ցուցաբերել՝ կանոնաւորաբար իրենց հաւատքին մասին պատմելով բոլոր անոնց, որոնց կը հանդիպին (Մատթէոս 28։19, 20

 Ասկէ զատ, կարգ մը Վկաներ իրենց երկրին մէջ կ’երթան կամ կը փոխադրուին շրջաններ, ուր մարդիկ տակաւին Աստուածաշունչի բարի լուրը չեն լսած։ Իսկ ուրիշ Վկաներ կը փոխադրուին ա՛յլ երկիրներ՝ իրենց ծառայութիւնը ընդարձակելու համար։ Անոնք ուրախ են որ Յիսուսի այս մարգարէութեան կատարման մէջ բաժին կը բերեն. «Ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք... մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8

 1943–ին, հիմնեցինք դպրոց մը, որպէսզի կարգ մը միսիոնարներ մասնայատուկ մարզում ստանան։ Անկէ ի վեր, աւելի քան 8000 Վկաներ յաճախած են այդ դպրոցը, որ կը կոչուի՝ Գաղաադի աստուածաշնչական դպրոց։