Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաներուն ի՞նչ պատահեցաւ Հրէական ողջակիզումին ժամանակ

Եհովայի վկաներուն ի՞նչ պատահեցաւ Հրէական ողջակիզումին ժամանակ

 Նացի Գերմանիոյ եւ անոր իշխանութեան տակ գտնուող երկիրներուն մէջ մօտ 35000 Եհովայի վկաներ կ’ապրէին։ Անոնցմէ մօտ 1500–ը մահացան Հրէական ողջակիզումին ժամանակ։ Մենք չենք գիտեր թէ ոմանք ճիշդ ինչպէ՛ս մահացան։ Բայց տակաւին պրպտումներ տեղի կ’ունենան, որոնք կը բացայայտեն նոր մանրամասնութիւններ։

 Անոնք ինչպէ՞ս մահացան

  • Նացիներուն գործածած գլխատումի գործիքը

      Մահապատիժ։ Մօտ 400 Վկաներ մահապատիժի ենթարկուեցան Գերմանիայի եւ նացի իշխանութեան տակ գտնուող երկիրներուն մէջ։ Զոհերուն մեծամասնութիւնը դատուեցաւ, մահուան դատապարտուեցաւ եւ գլխատուեցաւ։ Ուրիշներ գնդակահարուեցան կամ կախաղան հանուեցան առանց պաշտօնական դատանիստի։

  •   Բանտարկութեան գէշ պայմաններ։ Աւելի քան 1000 Վկաներ մահացան նացի համակեդրոնացման ճամբարներուն եւ բանտերուն մէջ։ Անոնք մահացան, քանի որ ուժասպառ եղան ծանր աշխատելնուն պատճառով, չարչարուեցան, սովամահ դարձան, ցուրտին չդիմացան, հիւանդացան կամ բաւարար բժշկական խնամք չստացան։ Իսկ ուրիշներ Բ. Աշխարհամարտի աւարտէն ետք՝ ազատ արձակուելէ քիչ ետք, մահացան վայրագ վերաբերմունքի պատճառով։

  •   Ուրիշ պատճառներ։ Կարգ մը Վկաներ մահացան կազով լեցուած սենեակներու մէջ կամ բժշկական մահացու փորձերու եւ կամ մահացու ներարկումներու պատճառով։

 Անոնք ինչո՞ւ հալածուեցան

 Եհովայի վկաները հալածուեցան, քանի որ Աստուածաշունչի ուսուցումներուն կառչած էին։ Երբ նացի իշխանութիւնները Եհովայի վկաներէն պահանջեցին ընել բաներ՝ որոնք Աստուածաշունչը կ’արգիլէ, Վկաները մերժեցին համակերպիլ։ Անոնք նախընտրեցին ‘Աստուծոյ հնազանդիլ, քան թէ՝ մարդոց’ (Գործք 5։29)։ Եհովայի վկաները երկու մարզերու մէջ նախընտրեցին Աստուծոյ հնազանդիլ։ Ի՞նչ են ատոնք։

  1.   Քաղաքական հարցերու մէջ չէզոք մնալ։ Ինչպէս այսօր, անցեալին ալ Եհովայի վկաները նացի իշխանութեան ներքեւ չէզոք դիրք բռնեցին քաղաքական հարցերու մէջ (Յովհաննէս 18։36)։ Անոր համար, անոնք մերժեցին

  2.   Իրենց հաւատալիքներուն կառչիլ։ Հակառակ անոր որ Եհովայի վկաներուն գործունէութիւնը արգիլումի տակ էր, անոնք շարունակեցին

 Փրոֆէսոր Ռուպարթ Կէրուարթ կ’ըսէ որ Եհովայի վկաները «Երրորդ Ռայխին մէջ միակ խումբն էին, որոնք հալածուեցան պարզապէս իրենց կրօնական հաւատալիքներուն պատճառով» a։ Եհովայի վկաներուն հետ համակեդրոնացման ճամբարներու մէջ եղող բանտարկեալները զմայլեցան, տեսնելով անոնց հաստատ դիրքորոշումը։ Աւստրիացի բանտարկեալ մը ըսաւ. «Անոնք պատերազմի չեն երթար։ Անոնք կը նախընտրեն սպաննուիլ, քան թէ ուրիշ մէկը սպաննել»։

 Ո՞ւր մահացան

  •   Համակեդրոնացման ճամբարներ։ Եհովայի վկաներուն մեծամասնութիւնը մահացաւ համակեդրոնացման ճամբարներու մէջ, ինչպէս՝ Զագսընհաուզըն, Մաութհաուզըն, Նիտերհակըն, Նոյենկամմէ, Պուխընվալտ, Ռավընսպրիւք, Տախաու, Օշվիթց եւ Ֆլոսընպիւրկ։ Փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, որ միայն Զագսընհաուզընի մէջ մօտ 200 Եհովայի վկաներ մահացան։

  •   Բանտեր։ Կարգ մը Վկաներ բանտերու մէջ մինչեւ մահ չարչարուեցան։ Իսկ ուրիշներ ալ մահացան՝ վայրագ հարցաքննութիւններու ժամանակ իրենց ստացած վնասուածքներուն պատճառով։

  •   Մահապատիժի վայրեր։ Եհովայի վկաները գլխաւորաբար մահապատիժի ենթարկուեցան Բլեդզընսիի (Պերլին), Հալէ/Սաալէի եւ Պրանտենպուրկի բանտերուն մէջ։ Ասկէ զատ, փաստուած է որ մօտ 70 ուրիշ վայրերու մէջ ալ Եհովայի վկաները մահապատիժի ենթարկուեցան։

 Մահապատիժի ենթարկուողներէն ոմանք

  •  Անուն։ Հիլինա Կոթհոլտ

     Մահապատիժի վայր։ Բլեդզընսի (Պերլին)

     Հիլինան ամուսնացած էր եւ երկու զաւակի մայր էր, որ քանի մը անգամ ձերբակալուեցաւ։ 1937–ին, անոր հետ այնքան վայրագ կերպով վարուեցան հարցաքննութեան մը ժամանակ, որ իր պզտիկը կորսնցուց։ 8 դեկտեմբեր 1944–ին գլխատուեցաւ Բլեդզընսի բանտին մէջ, Պերլին։

  •  Անուն։ Կէրհարտ Լիպոլտ

     Մահապատիժի վայր։ Պրանտենպուրկ

     20 տարեկան Կէրհարտը գլխատուեցաւ 6 մայիս 1943–ին, իր հայրը նոյն բանտին մէջ գլխատուելէն 2 տարի ետք։ Իր ընտանիքին եւ նշանածին ուղղած հրաժեշտի նամակին մէջ ան գրեց. «Առանց Աստուծոյ զօրութեան, ես չէի կրնար այս ճամբուն մէջ քալել»։

  •  Անուն։ Ռուտոլֆ Աուշնէ

     Մահապատիժի վայր։ Հալէ/Սաալէ

     Ռուտոլֆը միայն 17 տարեկան էր երբ գլխատուեցաւ 22 սեպտեմբեր 1944–ին։ Իր մօր ուղղած հրաժեշտի նամակին մէջ ան գրեց. «Շատ մը եղբայրներ ասկէ անցան, ես ալ պիտի անցնիմ»։

a Hitler’s Hangman: The Life of Heydrich, էջ 105։