Անցնիլ բովանդակութեան

Անհատ մը կրնա՞յ հրաժարիլ Եհովայի վկայ ըլլալէ

Անհատ մը կրնա՞յ հրաժարիլ Եհովայի վկայ ըլլալէ

 Այո։ Անհատ մը կրնայ մեր կազմակերպութենէն հրաժարիլ երկու կերպերով.

  •   Պաշտօնապէս խնդրելով։ Անհատ մը կրնայ բերանացի կամ գրաւոր կերպով յայտնել իր որոշումը, որ ա՛լ չ’ուզեր ճանչցուիլ որպէս Եհովայի վկայ։

  •   Վարքով։ Անհատ մը թերեւս վարուի որոշ ձեւով մը, որ ցոյց կու տայ թէ ան ա՛լ չ’ուզեր Եհովայի վկայ մը ըլլալ։ Օրինակ, կրնայ ըլլալ որ ան ուրիշ կրօնքի մը հետեւի եւ ցոյց տայ որ կը մտադրէ ատոր մէկ անդամը դառնալ (Ա. Յովհաննէս 2։19

Եթէ անհատ մը դադրի քարոզելէ կամ ժողովներու ներկայ գտնուելէ, արդեօք կը սեպէ՞ք որ ան հրաժարեցաւ

 Ո՛չ։ Հրաժարիլը կամ մեր ընկերակցութիւնը ձգելը հաւատքի մէջ տկարանալէն տարբեր է։ Շատ անգամ, անոնք՝ որոնք ատեն–ատեն ժողովներէ կը բացակային կամ բնաւ չեն գար, իրենց հաւատքը լքած չեն ըլլար. այլ՝ յուսահատութենէ կը տառապին։ Փոխանակ այսպիսիներէն հեռու կենալու, պէտք է անոնց աջակցինք եւ մխիթարենք (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14. Յուդա 22)։ Եթէ անհատը օգնութեան պէտք ունի, գլխաւորաբար ժողովքի երէցները անոր հոգեւորապէս կ’օգնեն (Գաղատացիս 6։1. Ա. Պետրոս 5։1-3

 Բայց երէցները իրաւասութիւն չունին անհատը ճնշելու կամ ստիպելու, որ Եհովայի վկայ մնայ։ Կրօնքի հարցով, ամէն մարդ ի՛նք պէտք է որոշում առնէ (Յեսու 24։15)։ Մենք համոզուած ենք, որ անոնք՝ որոնք Աստուած կը պաշտեն, պէտք է այս մէկը ընեն կամաւ եւ սրտանց (Սաղմոս 110։3. Մատթէոս 22։37