Եհովայի վկաները իրենց հանդիպման վայրերը ինչո՞ւ եկեղեցի չեն կոչեր
Աստուածաշունչին մէջ, յաճախ «եկեղեցի» թարգմանուած յունարէն բառը կ’ակնարկէ խումբ մը երկրպագուներու, եւ ոչ թէ այն վայրին՝ ուր կը հաւաքուին։
Նկատի առ հետեւեալ օրինակը. երբ Պօղոս առաքեալ Հռոմի քրիստոնեաներուն գրեց, բարեւներ ղրկեց ամուսնացած զոյգի մը՝ Ակիւղասին եւ Պրիսկիղային, ապա աւելցուց որ «անոնց տանը մէջի եկեղեցիին ալ» բարեւեն (Հռովմայեցիս 16։5)։ Պօղոս շինարարական կառոյցի մը բարեւներ չէր ղրկեր, այլ՝ այն մարդոց, որոնք այդ տան մէջ կը հաւաքուէին a։
Փոխանակ մեր պաշտամունքի վայրը «եկեղեցի» կոչելու, մենք զայն կը կոչենք «Թագաւորութեան սրահ»։
Ինչո՞ւ «Եհովայի վկաներու Թագաւորութեան սրահ»
Այս արտայայտութիւնը շատ յարմար է, քանի որ...
Վայրը սրահ մըն է։
Հոն կը հաւաքուինք Աստուածաշունչի Աստուածը՝ Եհովան պաշտելու եւ իր մասին վկայելու (Սաղմոս 83։18. Եսայի 43։12)։
Հոն նաեւ կը հաւաքուինք սորվելու Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին, որուն մասին Յիսուս յաճախ խօսեցաւ (Մատթէոս 6։9, 10. 24։14. Ղուկաս 4։44)։
Քեզ կը հրաւիրենք որ քեզի մօտ գտնուող Թագաւորութեան սրահ մը այցելես եւ անձամբ տեսնես, թէ Եհովայի վկաները իրենց ժողովները ինչպէ՛ս կը վարեն։
a Նման արտայայտութիւններ կը գտնենք հետեւեալ համարներուն մէջ՝ Ա. Կորնթացիս 16։19. Կողոսացիս 4։15. Փիլիմոն 2։