Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները աշխատավարձ ստացող կղերներ ունի՞ն

Եհովայի վկաները աշխատավարձ ստացող կղերներ ունի՞ն

 Առաջին դարու քրիստոնեաներուն նման, Եհովայի վկաները կղերական դասակարգ չունին։ Բոլո՛ր մկրտուած անդամները կը նշանակուին որպէս ծառայողներ՝ բաժին բերելու քարոզչութեան եւ ուսուցանելու գործին մէջ։ Վկաները կազմակերպուած են շուրջ 100 անդամներէ բաղկացող ժողովքներու մէջ։ Իւրաքանչիւր ժողովքի մէջ հոգեւորապէս հասուն տղամարդիկ կը ծառայեն որպէս «երէցներ» (Տիտոս 1։5)։ Անոնք իրենց ծառայութիւններուն համար աշխատավարձ չեն ստանար։