Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչին պատասխանները

Աստուածաշունչին պատասխանները

Ինչպէ՞ս կրնաս լաւ ծնողք մը ըլլալ։

Զաւակիդ կը սորվեցնե՞ս որ Աստուած սիրէ

Այն տան մէջ ուր ծնողներ իրարու հանդէպ սէր եւ յարգանք ունին, երեխան լաւագոյն կերպով կը մեծնայ (Կողոսացիս 3։14, 19)։ Լաւ ծնողներ իրենց զաւակները կը սիրեն եւ կը գովեն, ճիշդ ինչպէս որ Եհովան իր Որդին գովեց (կարդա՛ Մատթէոս 3։17

Մեր երկնաւոր հայրը իր ծառաներուն մտիկ կ’ընէ եւ անոնց զգացումները հաշուի կ’առնէ։ Լաւ կ’ըլլայ որ ծնողներ Եհովա Աստուած ընդօրինակեն եւ իրենց զաւակներուն մտիկ ընեն, երբ անոնք արտայայտուին (Յակոբոս 1։19)։ Անոնք պէտք է հաշուի առնեն իրենց զաւակներուն զգացումները եւ մտահոգութիւնները (կարդա՛ Թուոց 11։11, 15

Ինչպէ՞ս կրնաս պատասխանատու երեխաներ մեծցնել։

Որպէս ծնողք, օրէնքներ դնելու հեղինակութիւն ունիս (Եփեսացիս 6։1)։ Աստուծոյ օրինակէն սորվէ՛։ Ան իր զաւակներուն հանդէպ իր սէրը կը յայտնէ, երբ յստակ կերպով կը նշէ օրէնքները եւ անոնց չհնազանդելուն հետեւանքները (Ծննդոց 3։3)։ Փոխանակ մարդիկը ստիպելու որ ատոնց հնազանդին, ան անոնց կը սորվեցնէ ճիշդը ընելով ինչպէ՛ս օգտուիլ (կարդա՛ Եսայի 48։18, 19

Ջանա՛ զաւակներուդ օգնել որ Եհովան սիրեն։ Այն ատեն անոնք իմաստուն կերպով պիտի վարուին, նոյնիսկ երբ իրենց հետ չես։ Ճիշդ ինչպէս որ Աստուած կը սորվեցնէ օրինակով, նոյնպէս զաւակներուդ սորվեցուր որ Աստուած սիրեն՝ անոնց օրինակ հանդիսանալով (կարդա՛ Բ. Օրինաց 6։5-7. Եփեսացիս 4։32. 5։1