Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Զաւակներդ ինչպէ՞ս պէտք է խրատես

Զաւակներդ ինչպէ՞ս պէտք է խրատես

«Ջղագրգիռ էի. իւրաքանչիւր անցող ինքնաշարժի ձայնին ականջ կու տայի։ Ասիկա երրորդ անգամն էր որ Ճօրտըն տուն վերադառնալու սահմանուած ժամանակը չէր յարգեր։ ‘Ո՞ւր է’, հարց կու տայի։ ‘Արդեօք անոր բա՞ն մը պատահեցաւ։ Նոյնիսկ իր միտքէն կ’անցընէ՞ թէ մտահոգուած ենք’։ Երբ ան վերջապէս տուն վերադարձաւ, քիչ մնաց որ պոռթկայի» (ՃՈՐՃ

«Աղջիկս յանկարծ պոռաց, ինչ որ զիս վախցուց։ Դարձայ ու տեսայ թէ գլուխը բռնած կու լար։ Իր չորս տարեկան եղբայրը իրեն զարկած էր» (ՆԻԳՈԼ

‘Մատանին չգողցայ։ Զայն գտայ’, ըսաւ Նաթալին՝ մեր վեց տարեկան աղջիկը, իր կապոյտ մեծ աչքերը անմեղութիւն արտացոլելով։ Իր յարատեւ ժխտումը մեր սիրտը այնքան ցաւցուց որ սկսանք լալ։ Գիտէինք թէ ան սուտ կը խօսէր» (ՍԹԻՎԸՆ

ԵԹԷ ծնող ես, բացման խօսքերուն արտայայտած ապրումները ունեցա՞ծ ես։ Այսպիսի պարագաներու, հարց կու տա՞ս թէ ինչպէ՛ս,– կամ թէ արդեօք,– զաւակդ պէտք է խրատես։ Զաւակներդ խրատելը սխա՞լ է։

Ի՞ՆՉ Է ԽՐԱՏԸ

Աստուածաշունչին մէջ, «խրատ» բառը պարզապէս պատիժ բառին մէկ հոմանիշը չէ։ Խրատը գլխաւորաբար առնչուած է դաստիարակութեան, կրթութեան եւ սրբագրութեան։ Անիկա բնաւ կապ չունի վիրաւորանքին կամ անգթութեան հետ (Առակաց 4։1, 2

Ծնողական խրատը կրնայ պարտիզպանութեան նմանցուիլ։ Պարտիզպանը հողը կը պատրաստէ, բոյսը կը ջրէ ու կը սնուցանէ, եւ զայն վնասակար միջատներէն ու խոտերէն կը պաշտպանէ։ Մինչ բոյսը կ’աճի, պարտիզպանը թերեւս զայն յօտէ, որպէսզի ճիշդ ուղղութեամբ շարունակէ աճիլ։ Պարտիզպանը կը գիտակցի թէ միեւնոյն ժամանակ զանազան հմտութիւններ գործածելը, առողջ բոյս մը մէջտեղ բերելու պիտի օգնէ։ Նմանապէս, ծնողներ զանազան կերպերով իրենց զաւակներուն հոգ կը տանին։ Բայց ատեններ հարկ է որ զանոնք խրատեն,– որ յօտելու նման կրնայ սկիզբէն ճշդել սխալ հակումները եւ օգնել որ զաւակները շիտակ ուղղութեամբ մեծնան։ Սակայն, ինչպէս որ պարտիզպանը պէտք է ուշադրութեամբ յօտէ, թէ ոչ բոյսը կրնայ մնայուն կերպով վնասուիլ, նմանապէս ծնողները պէտք է սիրալիր հոգատարութեամբ խրատեն։

Եհովա Աստուած այս առնչութեամբ ծնողներուն գեղեցիկ օրինակ կը հանդիսանայ։ Այն խրատը որ իր հնազանդ երկրպագուներուն կու տայ, այնքան ազդու եւ ցանկալի է, որ անոնք իրականութեան մէջ կը սկսին ‘խրատը սիրել’ (Առակաց 12։1)։ Անոնք ‘ամուր կը բռնեն խրատը’ ու զայն ‘բնաւ չեն թողուր’ (Առակաց 4։13)։ Կրնաս զաւակիդ օգնել որ դրականօրէն ընդառաջէ, Աստուծոյ խրատին երեք հիմնական երեսակները սերտօրէն ընդօրինակելով. անիկա 1) սիրալիր, 2) չափաւոր, եւ 3) հաստատ է։

ՍԻՐԱԼԻՐ ԽՐԱՏ

Սէրը Աստուծոյ խրատին թէ՛ հիմը եւ թէ մղումն է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրը իր սիրածը կը խրատէ, ինչպէս հայր մը իր սիրական զաւկին կ’ընէ» (Առակաց 3։12)։ Ասկէ զատ, Եհովան «ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ» է (Ելից 34։6)։ Այս պատճառով, Եհովան բնաւ չի վիրաւորեր կամ անգութ չէ։ Ան չի գործածեր կոպիտ խօսքեր, յարատեւ քննադատութիւն կամ խայթող ծաղրանք, որոնք բոլորն ալ կրնան ‘սուրի պէս խոցոտել’ (Առակաց 12։18

ՄՏԻԿ ԸՐԷ

Անկասկած, կարելի չէ որ ծնողներ Աստուծոյ ինքնազսպումի կատարեալ օրինակը լիովին ընդօրինակեն։ Երբեմն համբերութիւնդ պիտի հատնի, բայց մասնաւորապէս դժուար ժամանակներուն, միշտ յիշէ թէ բարկութեան վրայ հիմնուած պատիժը յաճախ ընկճիչ ու չափազանց է եւ հակառակ արդիւնք կու տայ։ Ասկէ աւելին, բարկութենէ կամ յուսախաբութենէ մղուած պատիժը բնաւ խրատ չէ։ Անիկա պարզապէս ինքնազսպում կորսնցնել է։

Միւս կողմէ, երբ սիրով եւ ինքնազսպումով խրատես, հաւանական է որ աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգես։ Նկատի առ նախապէս նշուած Ճորճն ու Նիգոլը, թէ ինչպէ՛ս հարցերը ձեռք առին։

ԱՂՕԹԷ

«Երբ Ճօրտըն վերջապէս տուն մտաւ, ես ու կինս կ’եռայինք, բայց մենք մեզ զսպեցինք մինչ իր բացատրութեան մտիկ կ’ընէինք։ Քանի որ շատ ուշ էր, որոշեցինք հարցը առաւօտուն քննարկել։ Միասնաբար աղօթեցինք ու քնացանք։ Յաջորդ օրը, աւելի ի վիճակի էինք հարցը մեղմութեամբ քննարկելու եւ մեր տղուն սրտին հասնելու։ Ան յօժարակամ կերպով ընդունեց մեր դրած սահմանափակումները եւ իր արարքներուն պատասխանատուութիւնը իր վրայ առաւ։ Ուրախ ենք որ անդրադարձանք, թէ երբ մարդիկ նեղացած ըլլան՝ արագ հակազդեցութիւնը հակառակ արդիւնք կու տայ։ Երբ մեր առաջին քայլը մտիկ ընել էր, հարցերը յաճախ լաւագոյն կերպով կ’ընթանային» (Ճորճ

ԽՕՍԷ

«Բարկութիւնս բորբոքեցաւ երբ տեսայ թէ տղաս ինչպէ՛ս իր քրոջ ցաւցուցած էր։ Փոխանակ անմիջապէս հակազդելու, զինք իր սենեակը ղրկեցի, քանի որ այնքան բարկացած էի որ այդ պահուն չէի կրնար բանաւոր որոշում կայացնել։ Ետքը, երբ հանդարտեցայ, խստօրէն բացատրեցի թէ բռնութիւնը ընդունելի չէ եւ իրեն ցոյց տուի թէ իր քրոջ ինչպէս վնասած էր։ Այս մօտեցումը յաջողութիւն գտաւ։ Ան իր քրոջմէն ներողութիւն խնդրեց եւ զինք ողջագուրեց» (Նիգոլ

Արդարեւ, պատշաճ խրատին շարժառիթը միշտ սէրն է, նոյնիսկ երբ պատիժ պարփակէ։

ՉԱՓԱՒՈՐ ԽՐԱՏ

Եհովան միշտ «չափաւորութեամբ» կը խրատէ (Երեմիա 30։11. 46։28)։ Ան բոլոր պարագաները նկատի կ’առնէ, ներառեալ՝ այն ինչ որ բացայայտ չէ։ Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան նոյնը ընել։ Սթիվըն, որ բացման մէջ նշուեցաւ, կը բացատրէ. «Թէեւ շատ վիրաւորուած էինք եւ մատանիին նկատմամբ Նաթալիին յարատեւ ժխտումը չէինք հասկնար, փորձեցինք իր տարիքն ու հասունութեան տարողութիւնը հաշուի առնել»։

Նիգոլին ամուսինը՝ Ռապըրթ, եւս կը փորձէ բոլոր պարագաները հաշուի առնել։ Երբ զաւակները վատ վարուելակերպ կ’ունենան, ան կրկին անգամ ինքն իրեն կը հարցնէ. «Ասիկա մէ՞կ անգամ պատահող բան մըն է, թէ ոչ նկարագիրի վատ գիծ մըն է։ Արդեօք զաւակս յոգնա՞ծ է կամ անհանգի՞ստ է։ Արդեօք այս արարքը ուրիշ խնդիրի մը նշա՞ն է»։

Տրամաբանական ծնողներ նաեւ կը գիտակցին թէ զաւակները մանրանկար չափահասներ չեն։ Պօղոս առաքեալ այդ իրողութիւնը ընդունեց, երբ գրեց. «Երբ տղայ էի, տղայի պէս կը խօսէի, տղայի պէս կը խորհէի» (Ա. Կորնթացիս 13։11)։ Ռապըրթ կ’ըսէ. «Ինքզինքիս յիշեցնելը այն ինչ որ կ’ընէի երբ տղեկ էի, ինծի կ’օգնէ որ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենամ եւ չափազանց չհակազդեմ»։

Կարեւոր է որ ակնկալութիւններուդ վերաբերեալ իրապաշտ ըլլաս եւ միեւնոյն ժամանակ չարդարացնես կամ չհանդուրժես վատ արարքները կամ կեցուածքները։ Զաւակիդ կարողութիւնները, սահմանափակումները եւ ուրիշ պարագաներ հաշուի առնելով, վստահ պիտի ըլլաս թէ խրատդ հաւասարակշռուած ու չափաւոր է։

ՀԱՍՏԱՏ ԽՐԱՏ

«Ես Եհովա եմ, չեմ փոխուիր», կ’ըսէ Մաղաքիա 3։6–ը։ Աստուծոյ ծառաները այս ճշմարտութեան կ’ապաւինին եւ անով ապահով կը զգան։ Զաւակները ե՛ւս պէտք ունին հաստատ խրատին բերած ապահովութիւնը զգալու։ Եթէ չափանիշներդ կը փոխուին ըստ տրամադրութեանդ, զաւակդ կրնայ շուարիլ եւ յուսախաբ ըլլալ։

Յիշէ թէ Յիսուս ըսաւ. «Ձեր խօսքը ըլլայ այոն՝ այո, եւ ոչը՝ ոչ»։ Ասիկա մեծապէս կը կիրարկուի ծնողներուն (Մատթէոս 5։37)։ Լաւ մտածէ նախքան վերջնագիր տալդ, որ ի գործ դնելու միտք չունիս։ Եթէ զաւակդ զգուշացնես թէ զինք որոշ կերպով պիտի խրատես եթէ վատ վարուելակերպ ունենայ, վստահ եղիր որ ըսածդ ընես։

Հաստատ խրատին համար, երկու ծնողներուն միջեւ լաւ հաղորդակցութիւնը անհրաժեշտ է։ Ռապըրթ կը բացատրէ. «Եթէ զաւակներս առանց անդրադառնալուս հաւանութիւնս առնեն բանի մը առնչութեամբ, որուն համար կինս իրենց ո՛չ ըսած էր, որոշումս կը փոխեմ՝ կնոջս թիկունք կանգնելով»։ Երբ ծնողներ հարց մը ինչպէս ձեռք առնելու առնչութեամբ անհամաձայն գտնուին, լաւագոյն բանը կ’ըլլայ այդ տարակարծութիւնները առանձնաբար քննարկել եւ մէկ որոշումի յանգիլ։

ԽՐԱՏԸ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է

Եթէ Եհովայի սիրալիր, չափաւոր եւ հաստատ խրատը ընդօրինակես, կրնաս վստահ ըլլալ որ թափած ջանքերդ պիտի օգտեն զաւակներուդ։ Սիրալիր ուղղութիւնդ կրնայ զաւակներուդ օգնել որ հասուն, պատասխանատու եւ հաւասարակշռուած չափահասներ դառնան։ Ինչպէս որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէս զի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի» (Առակաց 22։6