Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՄԱՐԴ ԱՐԱՐԱԾԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ՞

Աստուծոյ ինչո՛ւ պէտք ունինք

Աստուծոյ ինչո՛ւ պէտք ունինք

Մտային առողջութեան մասնագէտներ կ’ըսեն, թէ մարդիկ իսկապէս ուրախ ըլլալու համար, հոգեւոր արժանիքներու պէտք ունին։ Ասիկա կարելի է շօշափել, տեսնելով թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կ’ուզեն բանի մը պատկանիլ կամ իրենցմէ մեծ մէկու մը կամ հարցի մը ծառայել։ Այս կարիքը գոհացնելու համար, ոմանք իրենց ազատ ժամանակը կը տրամադրեն բնութեան, գեղարուեստի, երաժշտութեան, եւ այլն։ Բայց եւ այնպէս, այսպիսի հետապնդումներ ունենալը անոնց մեծամասնութեան իսկական կամ մնայուն գոհունակութիւն չի տար։

Աստուած կ’ուզէ որ մարդիկ ուրախ ըլլան հիմա ե՛ւ յաւիտեան

Աստուածաշունչը կարդացողները շատ լաւ գիտեն, թէ մարդ արարածը ի ծնէ իր մէջ հոգեւոր տենչ ունի։ Ծննդոցի առաջին գլուխները ցոյց կու տան, թէ առաջին զոյգը ստեղծելէ ետք, Աստուած կանոնաւորաբար անոնց հետ կը խօսէր, թոյլ տալով որ իրեն հետ հոգեւոր փոխյարաբերութիւն մը հաստատեն (Ծննդոց 3։8-10)։ Աստուած չծրագրեց որ մարդիկ իրմէ անկախ ապրին։ Անոնք իրենց Ստեղծիչին հետ հաղորդակցելու կարիք ունին։ Աստուածաշունչը այս կարիքին մասին շատ յաճախ կը խօսի։

Օրինակ, Յիսուս նշեց. «Երջանիկ են անոնք, որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն» (Մատթէոս 5։3, ՆԱ)։ Այդ խօսքերէն կրնանք եզրակացնել, որ ուրախ եւ գոհունակ կեանք վարելու կարեւոր մէկ ազդակն է՝ մեր բնածին հոգեւոր պապակը յագեցնել։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնանք ընել։ Յիսուս պատասխանը տուաւ՝ ըսելով. «Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ» (Մատթէոս 4։4)։ Ի՞նչ կերպերով աստուածաշնչական խրատներն ու ցուցմունքները կարելի կը դարձնեն որ ուրախ եւ իմաստալից կեանք վարենք։ Նկատի առնենք հիմնական երեք կերպ։

Օգտակար ուղղութեան պէտք ունինք

Ներկայիս անհամար մասնագէտներ պատրաստ են խրատներ տալու սիրոյ, ընտանեկան կեանքի, խնդիրներ լուծելու, երջանկութեան, եւ նոյնիսկ կեանքի իմաստին մասին։ Բայց միայն մարդկութեան Ստեղծիչը՝ Եհովա Աստուած՝ լաւագոյն կերպով որակեալ է առողջ եւ հաւասարակշռուած ուղղութիւն տալու այս բոլո՛ր մարզերուն մէջ։

Ձեռագիրքի մը նման, Աստուածաշունչը մեր կեանքը կ’առաջնորդէ

Լուսաբանենք. երբ նոր ապրանք մը գնես, ինչպէս՝ լուսանկարի մեքենայ կամ համակարգիչ, կ’ակնկալես որ անոր հետ ստանաս ձեռագիրք մը, որ կը բացատրէ ինչպէ՛ս զայն լաւագոյն կերպով գործածել։ Աստուածաշունչը կրնայ այսպիսի ձեռագիրքի մը նմանցուիլ։ Անիկա մարդկային կեանքի առնչուող ձեռագիրք մըն է, որ Աստուած՝ այլաբանական գործարանատէրը՝ մատչելի դարձուցած է մեզի, որպէսզի գիտնանք կեանքին նպատակը եւ ինչպէ՛ս զայն լաւագոյն կերպով գործածել։

Ինչպէս որ է պարագան որեւէ լաւ–պատրաստուած ձեռագիրքի, Աստուածաշունչը ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնէ որոշ սովորութիւններ, որոնք կրնան ‘պիտոյքին’՝ մեր կեանքին՝ ապահով եւ վստահելի գործածութիւնը վտանգել։ Ուրիշներուն տուած խորհուրդները թերեւս հաճելի թուին, նոյնիսկ դիւրաւ կիրարկելի, բայց տրամաբանական չէ՞ մտածել, որ կրնանք լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգել եւ խնդիրներէ խուսափիլ, եթէ Արարիչին ուղղութիւններուն հետեւինք։

«Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ։ Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր։ Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ՝ գետի պէս ու արդարութիւնդ ծովուն ալիքներուն պէս պիտի ըլլար» (Եսայի 48։17, 18

Աստուածաշունչին մէջ կրնանք գտնել մեզի հարկ եղած ուղղութիւնը եւ օգնութիւնը

Թէեւ Եհովա Աստուած ուղղութիւններ եւ ցուցմունքներ կը հայթայթէ, բայց մեզ չի ստիպեր որ ատոնք ընդունինք։ Փոխարէն, քանի որ ան մեզ կը սիրէ եւ կ’ուզէ օգնել, մեզի կ’ըսէ. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ։ Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր։ Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ՝ գետի պէս ու արդարութիւնդ ծովուն ալիքներուն պէս պիտի ըլլար» (Եսայի 48։17, 18)։ Ուրեմն, եթէ Աստուծոյ ուղղութեան հետեւինք, ուրախութեամբ պիտի ապրինք։ Ուրիշ խօսքով, լաւ եւ ուրախ կենցաղակերպ ունենալու համար, Աստուծոյ պէտք ունինք։

Կեանքի շփոթեցուցիչ հարցումներուն պատասխանները առնելու պէտք ունինք

Ոմանք կը խորհին թէ Աստուծոյ պէտք չունին, քանի որ կեանքի շփոթեցուցիչ հարցեր կը դժուարացնեն որ սիրառատ Աստուծոյ մը հաւատան։ Օրինակ, թերեւս հարց տան. ‘Բարի մարդիկ ինչո՞ւ կը տառապին’։ ‘Ինչո՞ւ կարգ մը անմեղ մանուկներ այլանդակ կը ծնին’։ ‘Կեանքը ինչո՞ւ այսքան անարդար է’։ Ասոնք իսկապէս լուրջ հարցեր են եւ գոհացուցիչ պատասխաններ առնելը կրնայ խոր ազդեցութիւն ունենալ մեր կեանքին վրայ։ Բայց փոխանակ շուտով Աստուած մեղադրելու այսպիսի խնդիրներու համար, տեսնենք թէ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչը այս նիւթին վրայ լոյս կը սփռէ։

Ծննդոցի երրորդ գլուխին մէջ, կը տեսնենք թէ Սատանան ինչպէ՛ս օձ մը գործածելով ջանաց առաջին զոյգը մղել, որ Եհովա Աստուծոյ պատուէրին չհնազանդին, այսինքն՝ «բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն» ուտեն։ Ան Եւային ըսաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք. քանզի Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով» (Ծննդոց 2։16, 17. 3։4, 5

Այդ խօսքերով, Սատանան ոչ միայն նշեց թէ Աստուած ստախօս է, այլեւ՝ ցոյց տուաւ որ Աստուծոյ կառավարելու կերպը անարդար է։ Բանսարկուն պնդեց որ եթէ մարդկութիւնը իրեն մտիկ ընէ, արդիւնքը աւելի լաւ պիտի ըլլայ։ Այս հարցերը ինչպէ՞ս կրնային լուծուիլ։ Եհովան որոշեց ժամանակ տալ, որպէսզի բոլորը կարենան տեսնել, թէ իրեն դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնները ճի՛շդ են կամ ոչ։ Իրականութեան մէջ, Աստուած Սատանային եւ անոր կողքին դիրք բռնողներուն պատեհութիւն տուաւ, որ փորձեն ապացուցանել թէ մարդիկ կրնա՛ն առանց Աստուծոյ լաւ կեանք վարել։

Դուն ի՞նչ կ’ըսես։ Մարդիկ կրնա՞ն յաջողապէս լաւ կեանք վարել եւ իրենք զիրենք իշխել առանց Աստուծոյ։ Տառապանքը, անարդարութիւնը, հիւանդութիւնը եւ մահը, ինչպէս նաեւ՝ ոճիրը, բարոյական անկումը, պատերազմները, ջարդերը եւ ա՛յլ գազանային արարքներ, որոնք դարեր շարունակ մարդկութիւնը տանջած են, անհերքելիօրէն կ’ապացուցանեն թէ Աստուծմէ անկախ՝ մարդկային իշխանութիւնը մեծապէս ձախողած է։ Փոխանակ ըսելու թէ մարդկութիւնը հարուածող վայերուն պատճառը Աստուած է, Աստուածաշունչը կը նշէ հիմնական պատճառ մը. «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար» (Ժողովող 8։9

Այդ բոլորին ի տես, յստակ չէ՞ որ հարկ ունինք Աստուծոյ դիմելու ոչ թէ միայն շփոթեցուցիչ հարցումներու պատասխանները առնելու համար, այլեւ՝ լուծումին համար։ Ան ի՞նչ պիտի ընէ։

Աստուծոյ օգնութեան պէտք ունինք

Մարդիկ հինէն ի վեր կը տենչան ձերբազատուիլ հիւանդութենէ, ծերութենէ եւ մահէ։ Այս նպատակով, անոնք շա՜տ ժամանակ, ջանք ու միջոցներ տրամադրած են, բայց ի զուր։ Ոմանք յուսացած էին այդ ազատումը ձեռք ձգել կենսահեղուկին, երիտասարդութեան աղբիւրին, եւ աւելի վերջերս գիտութեան միջոցաւ։ Բայց ասոնք լոկ երազներ ըլլալով՝ զիրենք յուսախաբ ըրած են։

Աստուած կ’ուզէ որ մարդիկ լաւ կեանք վարեն եւ ուրախ ըլլան. ինչ որ մարդիկը ստեղծելու իր սկզբնական նպատակն էր, եւ զայն չէ մոռցած (Ծննդոց 1։27, 28. Եսայի 45։18)։ Եհովա Աստուած մեզ կը հաւաստիացնէ, թէ ինչ որ կը նպատակադրէ, ա՛նպայման պիտի իրագործուի (Եսայի 55։10, 11)։ Աստուածաշունչը կը պատմէ թէ Աստուած խոստացած է վերահաստատել առաջին զոյգին կորսնցուցած դրախտային պայմանները։ Աստուածաշունչի վերջին գրքին մէջ կը կարդանք. «[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան» (Յայտնութիւն 21։4)։ Աստուած այս օրհնութիւնները ինչպէ՞ս պիտի բերէ, եւ ինչպէ՞ս կրնանք այս խոստումէն օգտուիլ։

Շատեր գիտեն Տէրունական աղօթքը, որուն միջոցաւ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս՝ իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։9, 10)։ Արդարեւ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է, որ մարդկային իշխանութեան բերած վայերը պիտի վերացնէ եւ խոստացեալ արդար նոր աշխարհը բերէ (Դանիէլ 2։44. Բ. Պետրոս 3։13) *։ Աստուծոյ խոստումէն օգտուելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

Յիսուս Քրիստոս կը նշէ պարզ քայլ մը, որ պէտք է առնենք. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս 17։3)։ Արդարեւ, Աստուծոյ օգնութեամբ կրնանք անվերջ կեանք ունենալ խոստացեալ նոր աշխարհին մէջ։ Այդ հեռանկարէն զատ, տակաւին ա՛յլ պատճառ մըն ալ կրնայ քեզ համոզել թէ իրապէս Աստուծոյ պէտք ունինք։

Հիմա է ժամանակը Աստուծոյ մասին մտածելու

2000 տարի առաջ, Արիսպագոսի մէջ՝ Աթէնք, Պօղոս առաքեալ լայնախոհ աթենացիներու հետեւեալը ըսաւ Աստուծոյ մասին. «Ինք կու տայ ամենուն կեանք ու շունչ եւ ամէն բան։ Վասն զի անով կ’ապրինք եւ կը շարժինք ու կանք, ինչպէս ձեր բանաստեղծներէն մէկ քանիներն ալ ըսին. ‘Քանզի մենք անոր ցեղէն ալ ենք’» (Գործք 17։25, 28

Այն ինչ որ Պօղոս աթենացիներուն նշեց, մինչեւ օրս ճշմարիտ է։ Մեր Ստեղծիչը կը հայթայթէ մեր շնչելիք օդը, մեր ուտելիքը եւ մեր խմելիք ջուրը։ Մենք չենք կրնար ապրիլ առանց Եհովայի տուած բարի բաներուն, որոնք մեր կեանքը կը պահեն։ Բայց ան ինչո՞ւ կը շարունակէ այսպիսի կարգադրութիւններ ընել բոլոր մարդոց, թէեւ անոնցմէ ոմանք իրմով չեն հետաքրքրուիր։ Պօղոս կը պատասխանէ. «Որ փնտռեն Տէրը, ու թերեւս գտնեն զինք խարխափելով, թէպէտ մեզմէ իւրաքանչիւրէն ալ հեռու չէ» (Գործք 17։26, 27, ԱԾ

Կ’ուզե՞ս Աստուած աւելի լաւ ճանչնալ,– սորվիլ իր նպատակներուն մասին, ինչպէս նաեւ այժմ ե՛ւ յաւիտեան լաւ կեանք վարելու իր խրատներուն մասին։ Եթէ այո՛, հաճիս խօսէ այն անհատին հետ որ այս պարբերաթերթը քեզի տուաւ, կամ կապ պահէ հրատարակիչներուն հետ։ Անոնք քեզի օգնելով պիտի ուրախանան։

^ պարբ. 20 Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար թէ Թագաւորութիւնը ինչպէ՛ս Աստուծոյ կամքը պիտի իրագործէ երկրի վրայ, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 8–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։ Գիրքը մատչելի է նաեւ առցանց եւ բեռնելի մեր կայքէջէն www.isa4310.com։