Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հոգեւոր կարիքներդ գոհացուր

Հոգեւոր կարիքներդ գոհացուր

Գաղտնիք 5

Հոգեւոր կարիքներդ գոհացուր

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ։ «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն [«Երջանիկ են անոնք, որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն», ՆԱ]» (Մատթէոս 5։3

ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ Ի՞ՆՉ Է։ Հազարաւոր կրօնքներ կան, եւ անոնցմէ շատեր հոգեւոր կարիքներդ գոհացնելու հակասական կերպեր կը սորվեցնեն։ Ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ թէ ո՛ր մէկը ճշմարտութիւնը կը սորվեցնէ եւ իրապէս Աստուած կը հաճեցնէ։ Կարգ մը երեւելի հեղինակներ կը պնդեն, թէ Աստուծոյ հաւատալը ու զինք պաշտելը անտրամաբանական է, եւ նոյնիսկ՝ վնասակար։ Maclean’s պարբերաթերթը կարկառուն անաստուածի մը տեսակէտները հետեւեալ կերպով կ’ամփոփէ. «Այս քրիստոնէական ըմբռնումը, թէ գիտութենէն ու մեր զգայարանքներէն անդին բան մը գոյութիւն ունի. . . կ’արժէքազրկէ մեր ունեցած միակ կեանքը եւ մեզ վայրագութեան հակամէտ կը դարձնէ»։

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։ Աստուծոյ գոյութեան ապացոյցները քննէ (Հռովմայեցիս 1։20. Եբրայեցիս 3։4)։ Ոեւէ անհատի թոյլ մի՛ տար որ քեզ վհատեցնէ կարեւոր հարցումներու պատասխանները փնտռելէ, ինչպէս՝ ինչո՞ւ հոս ենք։ Մահէն ետք կեանք կա՞յ։ Ինչո՞ւ ա՛յսքան տառապանք կայ։ Աստուած ինձմէ ի՞նչ կը պահանջէ։ Այս հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխաններ գտնելը էական է, որ մնայուն գոհունակութիւն ձեռք ձգես։

Սակայն, ուրիշներուն ըսածները կուրօրէն մի՛ ընդունիր։ Աստուծոյ Խօսքը քեզ կը քաջալերէ, որ ‘բանականութիւնդ’ գործածես, քննելու համար թէ ի՛նչ բան իրեն հաճելի է (Հռովմայեցիս 12։1, 2)։ Թափած ջանքերդ պիտի օրհնուին։ Եթէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան համար ժամանակ յատկացնես եւ անոր գործնական խրատները կիրարկես, խնդիրներէ պիտի խուսափիս, մտահոգութիւններդ պիտի նուազեցնես ու կեանքէն աւելի հաճոյք պիտի առնես։ Ասիկա ունայն խոստում մը չէ։ Ամէն տեսակ ենթահողէ միլիոնաւոր անհատներ, Աստուծոյ եւ իր նպատակներուն մասին ճշմարտութիւնը սորվելով օգտուած են։

Մինչ Աստուածաշունչի իմաստուն խրատները գործադրելով կ’օգտուիս, Աստուծոյ հանդէպ նուիրումդ պիտի խորանայ։ Ինչո՞ւ Եհովայի վկաներու հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու հրաւէրը չընդունիս։ Եթէ ասիկա ընես, հաւանաբար պիտի համաձայնիս Պօղոս առաքեալին հետ, որ գրեց. «Աստուածպաշտութիւնը գոհունակութիւնով մէկտեղ մեծ շահավաճառութիւն մըն է» (Ա. Տիմոթէոս 6։6

[Նկար՝ էջ 8]

Քննէ թէ ի՛նչ բան Աստուծոյ հաճելի է