Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Այնպիսիները պատուականներու կարգը բռնեցէք»

«Այնպիսիները պատուականներու կարգը բռնեցէք»

ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԸ 1992–էն սկսեալ նշանակած է փորձառու եւ հասուն երէցներ, որպէսզի իր յանձնախումբերուն օգնեն իրենց գործը կատարելու *։ Այս օգնականները «ուրիշ ոչխարներ»էն են եւ Կառավարիչ մարմինին մեծապէս կ’աջակցին (Յովհ. 10։16)։ Անոնք իրենց պատկանած յանձնախումբին շաբաթական ժողովին ներկայ գտնուելով՝ պէտք եղած տեղեկութիւններ եւ առաջարկներ կու տան։ Կառավարիչ մարմինի անդամները վերջնական որոշումները կ’առնեն, իսկ օգնականները յանձնախումբին որոշումը կը գործադրեն եւ իրենց տրուած բոլոր նշանակումները կը կատարեն։ Օգնականները Կառավարիչ մարմինի անդամներու հետ մասնաւոր եւ միջազգային համաժողովներու կ’երթան։ Անոնք նաեւ կրնան նշանակում ստանալ որ մասնաճիւղեր այցելեն որպէս կեդրոնատեղիի ներկայացուցիչներ։

Այս կարգադրութիւնը հաստատուելէն ի վեր ծառայող օգնականներէն մէկը կ’ըսէ. «Երբ նշանակումներս կը կատարեմ, Կառավարիչ մարմինը կրնայ լիովին կեդրոնանալ հոգեւոր բաներու վրայ»։ Ուրիշ եղբայր մը, որ 20 տարիէ օգնական է, կ’ըսէ. «Իմ ակնկալածէս շատ աւելի մեծ առանձնաշնորհում մը եղած է ասիկա»։

Կառավարիչ մարմինը շատ պատասխանատուութիւններ տուած է իր օգնականներուն, եւ կը գնահատէ այս հաւատարիմ ու ժրաջան եղբայրներուն ծառայութիւնը։ Թող բոլորս «այնպիսիները պատուականներու կարգը բռն[ենք]» (Փլպ. 2։29

^ պարբ. 2 Տե՛ս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛ գիրքին 12–րդ գլուխի «Կառավարիչ մարմինը Թագաւորութեան շահերուն ինչպէ՛ս հոգ կը տանի» շրջանակը, որպէսզի Կառավարիչ մարմինի վեց յանձնախումբերուն պատասխանատուութիւններուն մասին հակիրճ գաղափար մը ունենաս։