Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յոյսդ բնաւ մի՛ կտրեր

Յոյսդ բնաւ մի՛ կտրեր

Արդեօք տարիներէ ի վեր Եհովայի վկա՞յ մըն ես, որ կը փափաքի իր կողակիցն ալ Եհովան պաշտէ։

Կամ յուսախաբ կը զգա՞ս, քանի որ Աստուածաշունչի աշակերտդ, որ սկիզբը շատ հետաքրքրուած կը թուէր, ճշմարտութեան կողմը դիրք չբռնեց։

Բրիտանիայէն կարգ մը փորձառութիւններ քեզի պիտի օգնեն, որ նկատես թէ ինչո՛ւ բնաւ պէտք չէ յոյսդ կտրես։ Նաեւ պիտի տեսնես թէ ի՛նչ կրնաս ընել որ «հացդ ջուրերու երեսին վրայ [ձգես]», այլաբանօրէն խօսելով, որպէսզի օգնես անոնց՝ որոնք տակաւին ճշմարտութեան չեն ընդառաջած (Ժող. 11։1

ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ԱԶԴԱԿ ՄԸՆ Է

Քու կողմէդ կարեւոր ազդակ մըն է՝ յարատեւութիւնը։ Պէտք է ճշմարտութեան կառչիս եւ Եհովային յարիս (Բ. Օր. 10։20)։ Ճիշդ ասիկա է որ Գորգինա ըրաւ։ 1970–ին, երբ ան սկսաւ Աստուածաշունչը Վկաներուն հետ ուսումնասիրել, իր ամուսինը Քիրեաքոս զայրացաւ։ Ան ջանաց անոր ուսումնասիրութիւնը կասեցնել, Վկաները ներս չընդունեց եւ անոնց հրատարակութիւնները թափեց։

Երբ Գորգինան սկսաւ ժողովներու ներկայ գտնուիլ, Քիրեաքոս ա՛լ աւելի զայրացաւ։ Օր մը, Քիրեաքոս Թագաւորութեան սրահ գնաց վիճաբանելու համար։ Քոյր մը, երբ նկատեց որ ան անգլերէնէ աւելի յունարէն գիտէր, ուրիշ ժողովքի պատկանող յոյն եղբօր մը հեռաձայնեց որ գայ եւ օգնէ։ Քիրեաքոս այդ եղբօր ազնիւ մօտեցումին լաւ կերպով ընդառաջեց, եւ քանի մը ամիս միասնաբար Աստուածաշունչը ուսումնասիրեցին։ Բայց ետքը, ան ուսումնասիրելը դադրեցուց։

Երեք տարի եւս Գորգինան շարունակեց հակառակութիւն դիմագրաւել։ Քիրեաքոս ըսաւ որ զինք պիտի լքէր, եթէ երբեք ան մկրտուէր։ Իր մկրտութեան օրը, Գորգինան ջերմեռանդօրէն Եհովայի աղօթեց՝ խնդրելով որ Քիրեաքոս զինք չլքէր։ Երբ Վկաները եկան որ զինք համաժողովին տանին, Քիրեաքոս անոնց ըսաւ. «Մենք մեր ինքնաշարժով ձեր ինքնաշարժին պիտի հետեւինք»։ Այսպէս, ան առաւօտեան նիստին ներկայ գտնուեցաւ եւ իր կնոջ մկրտութիւնը դիտեց։

Վկաներուն հետ իր ունեցած առաջին հանդիպումէն գրեթէ 40 տարի ետք, Գորգինան իր ամուսինին մկրտութեան ականատես եղաւ

Անկէ ետք, Քիրեաքոսի հակառակութիւնը նուազեցաւ եւ աստիճանաբար սկսաւ հսկայ փոփոխութիւններ ընել։ Վկաներուն հետ իր ունեցած առաջին հանդիպումէն գրեթէ 40 տարի ետք, Գորգինան իր ամուսինին մկրտութեան ականատես եղաւ։ Ի՞նչը օգնեց Քիրեաքոսին։ Ան կ’ըսէ. «Գորգինայի վճռականութիւնը շա՛տ կը հաւնէի»։ Իսկ Գորգինա կ’ըսէ. «Հակառակ ամուսինիս հակառակութեան, պիտի չդադրէի Աստուծոյս պաշտամունք մատուցանելէ։ Ամէն ատեն, շարունակեցի Եհովային աղօթել եւ բնա՛ւ յոյսս չկտրեցի»։

ՆՈՐ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԸ

Կողակիցիդ օգնելու ուրիշ ազդակ մըն է՝ քրիստոնէական անձնաւորութիւնը մշակել։ Պետրոս առաքեալ քրիստոնեայ կիները յորդորեց. «Կիները հնազանդ պէտք է ըլլան իրենց այրերուն, որպէս զի եթէ ոմանք խօսքին հնազանդ չըլլան ալ, առանց խօսքի շահուին իրենց կիներուն վարուելակերպովը» (Ա. Պետ. 3։1)։ Քրիսթին այդ յորդորին համաձայն գործեց, թէեւ իր ամուսինը շահիլը տարիներ առաւ։ Երբ ան Վկայ եղաւ աւելի քան 20 տարի առաջ, իր ամուսինը՝ Ճոն՝ Աստուծոյ չէր հաւատար։ Ճոն չէր ուզեր կրօնքի միջամուխ ըլլալ, բայց եւ այնպէս կը նկատէր թէ Քրիսթինի նոր հաւատքը որքա՜ն արժէք ունէր անոր։ Ան կ’ըսէ. «Կը տեսնէի թէ անոր կրօնքը որքա՜ն զինք կ’ուրախացնէր։ Անոր անձնաւորութիւնը զօրացաւ. ինչ որ ինծի օգնեց բազմաթիւ դժուար պարագաներու ընթացքին»։

Քրիսթին բնա՛ւ իր հաւատալիքները չպարտադրեց իր ամուսինին, որ կ’ըսէ. «Քրիսթինը սկիզբէն կը գիտակցէր, թէ աւելի լաւ է ինծի հետ կրօնքի նիւթ չբանալ, եւ համբերութեամբ թոյլ տուաւ որ կամաց–կամաց եւ իմ կերպովս քայլեր առնեմ»։ Երբ Քրիսթին Դիտարան կամ Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն մէջ կը նշմարէր նիւթեր, որոնք Ճոնը կը հետաքրքրեն,– ինչպէս՝ գիտութեան եւ բնութեան առնչուած նիւթեր,– անոր ցոյց կու տար՝ ըսելով. «Կը կարծեմ որ այս նիւթը քեզ կը հետաքրքրէ»։

Ժամանակի ընթացքին, Ճոն հանգստեան կոչուեցաւ եւ սկսաւ պարտիզպանութեամբ զբաղիլ։ Հիմա որ աւելի ազատ ժամանակ ունէր մտածելու կեանքի խոր հարցումներուն մասին, ան հարց տուաւ. ‘Մենք դիպուածո՞վ գոյացանք կամ նպատակով մը ստեղծուած ենք’։ Օր մը, երբ Ճոն եղբօր մը հետ կը խօսակցէր, եղբայրը հարցուց. «Կ’ուզե՞ս միասնաբար ուսումնասիրենք»։ «Քանի որ սկսած էի Աստուծոյ հաւատալ, իր առաջարկը ընդունեցի», կ’ըսէ Ճոն։

Որքա՜ն կարեւոր էր որ Քրիսթին բնա՛ւ իր յոյսը չկտրէր։ 20 տարի աղօթելէ ետք, որ իր ամուսինը ճշմարտութիւնը ընդունի, Ճոն մկրտուեցաւ։ Այժմ, անոնք նախանձախնդրաբար միասին Եհովային կը ծառայեն։ Ճոն կը նշէ. «Մասնաւորաբար երկու բաներ ինծի ազդեցին։ Առաջին՝ Վկաներուն ազնուութիւնն ու բարեկամական ըլլալը։ Երկրորդ՝ երբ Եհովայի վկայի մը հետ ամուսնացած ես, ուրեմն հաւատարիմ, վստահելի եւ անձնազոհ կողակից մը ունիս»։ Արդարեւ, Քրիսթինը Ա. Պետրոս 3։1–ի խօսքը ի գործ դնելով արդիւնքներ ձեռք ձգեց։

ՍԵՐՄԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ՅԵՏԱԳԱՅԻՆ ՊՏՈՒՂ ԿՈՒ ՏԱՆ

Ի՞նչ կարելի է ըսել Աստուածաշունչի աշակերտներու մասին, որոնք պատճառի մը համար իրենց սկզբնական հետաքրքրութիւնը կը կորսնցնեն։ Սողոմոն թագաւոր գրեց. «Առտուն քու սերմդ ցանէ եւ իրիկունը քու ձեռքդ պարապ մի՛ թողուր. վասն զի չես գիտեր թէ ո՞րը օգտակար պիտի ըլլայ՝ ա՞յս թէ այն, կամ թէ երկուքը հաւասարապէս աղէկ պիտի ըլլան» (Ժող. 11։6)։ Ատեններ, ճշմարտութեան սերմերը ծլելու համար տարինե՜ր կ’առնեն։ Ասով հանդերձ, անհատը կրնայ ի վերջոյ գիտակցիլ Աստուծոյ մօտենալու կարեւորութեան (Յակ. 4։8)։ Արդարեւ, կրնայ ըլլալ որ օր մը ուրախ անակնկալի առջեւ գտնուիս։

Նկատի առ Ալիսը, որ Հնդկաստանէն Անգլիա փոխադրուած էր։ 1974–ին, ան սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Ան հինտի կը խօսէր, բայց ուզեց իր անգլերէնը բարելաւել։ Ուսումնասիրութիւնը քանի մը տարի շարունակեց, եւ անգլիախօս ժողովքի մը քանի մը ժողովներու ներկայ գտնուեցաւ։ Ան գիտէր թէ ճշմարտութիւնը կը սորվէր, բայց զայն զբաղմունք նկատեց։ Ասկէ զատ, ան կեդրոնացած էր դրամ շահելուն վրայ եւ կը սիրէր խնճոյքներու երթալ։ Ի վերջոյ, Ալիս դադրեցաւ ուսումնասիրելէ։

Շուրջ 30 տարի ետք, Սթէլլա՝ որ ժամանակին Ալիսի հետ կ’ուսումնասիրէր, անկէ նամակ մը ստացաւ, որ կ’ըսէր. «Վստահ եմ որ պիտի ոգեւորուիս գիտնալով, որ 1974–ի Աստուածաշունչի աշակերտդ վերջին նահանգային համաժողովին մկրտուեցաւ։ Իմ կեանքիս մէջ շատ կարեւոր դեր խաղցար։ Ճշմարտութեան սերմը իմ մէջս ցանեցիր, եւ թէեւ այդ ատեն պատրաստ չէի անձս Աստուծոյ նուիրելու, բայց ճշմարտութեան սերմը մտքիս ու սրտիս մէջ պահեցի»։

Ալիսի նամակը Սթէլլային կ’ըսէր. «Վստահ եմ որ պիտի ոգեւորուիս գիտնալով, որ 1974–ի Աստուածաշունչի աշակերտդ վերջին նահանգային համաժողովին մկրտուեցաւ»

Ի՞նչ պատահած էր։ Ալիս կը բացատրէ թէ 1997–ին, իր ամուսինին մահէն ետք շատ ընկճուեցաւ։ Ան Աստուծոյ աղօթեց. 10 վայրկեան չանցած, իր դուռը զարկին փենճապերէն խօսող երկու Վկաներ եւ իրեն տուին Ի՞նչ յոյս՝ մեր սիրելի ննջեցեալներուն համար թերթիկը։ Ալիս զգաց որ իր աղօթքը պատասխանուեցաւ եւ որոշեց Եհովայի վկաներուն հետ ընկերակցիլ։ Բայց ո՞ւր կրնար զանոնք գտնել։ Ան բացաւ հին օրագրութիւն մը, եւ տեսաւ փենճապերէն խօսող ժողովքի մը հասցէն, որ ժամանակին Սթէլլան իրեն տուած էր։ Ալիս Թագաւորութեան սրահը այցելեց, ուր ջերմ ընդունելութիւն գտաւ։ Ան կ’ըսէ. «Այդ ջերմ զգացումը ինծի հետ մնաց եւ ինծի օգնեց որ ընկճուածութենէս դուրս գամ»։

Ան սկսաւ ժողովներու կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլ, եւ վերսկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել՝ փենճապերէն խօսիլն ու գրելը սորվելով։ 2003–ին, ան մկրտուեցաւ։ Սթէլլային ուղղած իր նամակը, Ալիս հետեւեալ կերպով եզրափակեց. «Շատ շնորհակալ եմ որ 29 տարի առաջ այդ սերմերը մէջս ցանեցիր եւ հետեւելիք լաւ օրինակ հանդիսացար ինծի»։

«Շատ շնորհակալ եմ որ 29 տարի առաջ այդ սերմերը մէջս ցանեցիր եւ հետեւելիք լաւ օրինակ հանդիսացար ինծի» (Ալիս)։

Այս փորձառութիւններէն ի՞նչ կրնաս սորվիլ։ Կրնայ ըլլալ որ ակնկալածէդ աւելի ժամանակ առնէ, բայց եթէ անհատը անկեղծ, խոնարհ եւ հոգեւորապէս ծարաւ է, Եհովան թոյլ պիտի տայ որ ճշմարտութիւնը իր սրտին մէջ աճի։ Յիշէ Յիսուսի լուսաբանութեան մէջ նշուած սա կէտը. ‘Սերմը կը բուսնի ու կը մեծնայ ու սերմնացանը չի գիտեր թէ ի՛նչպէս։ Քանզի հողը ինքնիրմէ պտուղ կու տայ. առաջ խոտը, ետքը հասկը, անկէ ետք լեցուն ցորենը հասկին մէջ’ (Մար. 4։27, 28)։ Այս աճումը աստիճանաբար կ’ըլլայ եւ «ինքնիրմէ» տեղի կ’ունենայ։ Իրականութեան մէջ, իւրաքանչիւր քարոզիչ չի գիտեր թէ ատիկա ինչպէ՛ս կը պատահի։ Ուստի, շարունակէ առատօրէն սերմանել։ Այսպէս, առատօրէն կրնաս հնձել։

Եւ բնաւ մի՛ մոռնար աղօթքին կարեւորութիւնը։ Գորգինան եւ Քրիսթինը անդադար Եհովայի աղօթեցին։ Եթէ ‘ստէպ աղօթքի կենաս’ եւ բնաւ յոյսդ չկտրես, «շատ օրերէն ետքը» շա՛տ հաւանաբար ետ գտնես այն ‘հացը’, որ ջուրերու երեսին վրայ ձգած էիր (Հռով. 12։12. Ժող. 11։1