Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Իրողութիւնները գիտցիր

Իրողութիւնները գիտցիր

Խնդիրը

Նախապաշարումը յաճախ սխալ տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած կ’ըլլայ։ Նկատի առ հետեւեալ օրինակները.

  • Կարգ մը գործատէրեր այն սխալ կարծիքը ունին, թէ կիները չեն կրնար ընել կարգ մը գիտական կամ գիտարուեստական գործեր։

  • Քաղաքացիները իրենց անգործութեան համար գաղթականները պատճառ կը բռնեն։

  • Շատեր սխալ կերպով կ’եզրակացնեն, թէ բոլոր անոնք, որոնք անկարողութիւն ունին, տխուր են կամ կեանքին հանդէպ դառնացած են։

Անոնք, որոնք ասանկ բաներու կը հաւատան, իրենց նախապաշարումին թիկունք կանգնող օրինակներ կը բերեն։ Եւ կը կարծեն, թէ ամէն ով որ իրենց հետ չի համաձայնիր, տգէտ է։

Սուրբ Գիրքէն սկզբունք

«Լաւ չէ անձի մը տգիտութիւնը» (ԱՌԱԿԱՑ 19։2, ԱԾ

Ի՞նչ կը նշանակէ։ Առանց իրողութիւնները գիտնալու, սխալ որոշումներ կ’առնենք։ Եթէ սուտերու կը հաւատանք, եւ ոչ թէ իրողութիւններու, մարդոց մասին սխալ գաղափար պիտի կազմենք։

Իրողութիւնները գիտնալը ինչպէ՞ս կ’օգնէ

Երբ մարդոց մասին իրողութիւնները գիտենք, աւելի քիչ հաւանական է, որ հաւատանք անոնց մասին տարածուած բայց սխալ ենթադրութիւններուն։ Եւ մէյ մը որ որոշ խումբի մը մասին ճշմարտութիւնը գիտնանք, հարցականի տակ պիտի առնենք ուրիշ խումբերու մասին մեր ըրած ենթադրութիւնները։

Ի՞նչ կրնաս ընել

  • Յիշէ, թէ որոշ խումբի մը մասին ընդհանուր կարծիքները այդ խումբի բոլոր անհատներուն չեն կիրարկուիր։

  • Ընդունէ, որ ուրիշներուն մասին ունեցած տեղեկութիւններդ կրնան սահմանափակ ըլլալ։

  • Ջանա՛ իրողութիւնները վստահելի աղբիւրէ մը առնել։