Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մահուան ցաւալի իրողութիւնը

Մահուան ցաւալի իրողութիւնը

ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ որ վիտէօ մը կը դիտես համբաւաւոր անձի մը մասին, թերեւս երաժշտուհիի մը մասին, որ շատ կը հաւնիս։ Վիտէոն ցոյց կու տայ անոր մանկութենէն պահեր, երաժշտութեան դասեր առնելը եւ անվերջ վարժութիւններ ընելը։ Ետքը կը տեսնես որ ան նուագահանդէսներու կը մասնակցի, բազմաթիւ երկիրներ կը ճամբորդէ եւ աշխարհահռչակ կը դառնայ։ Սակայն շուտով անոր ոսկեայ տարիները կ’անցնին եւ վիտէոն վերջ կը գտնէ անոր մահով։

Այս վիտէոն իրական պատմութիւնն է անհատի մը, որ հիմա մեռած է։ Անհատը ըլլա՛ր երաժիշտ, գիտնական, մարզիկ կամ ուրիշ նշանաւոր մէկը, պատմութիւնը նոյն ձեւով պիտի ընթանար։ Ան թերեւս իր կեանքին մէջ շա՛տ բան իրագործեց, բայց մտածէ թէ որքա՜ն աւելի պիտի իրագործէր, եթէ չծերանար ու չմեռնէր։

Բոլորս կը դիմագրաւենք այդ ցաւալի իրողութիւնը (Ժողովող 9։5)։ Որքա՛ն ալ ջանք թափենք որ երկար ապրինք, տակաւին կը ծերանանք ու կը մեռնինք։ Նաեւ, մեր կեանքը կրնայ մեզմէ խլուիլ արկածի մը կամ լուրջ հիւանդութեան մը պատճառաւ։ Ինչպէս որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, մենք կը նմանինք շոգիի կամ մշուշի, որ «քիչ մը ատեն կ’երեւնայ ու ետքը կ’ոչնչանայ» (Յակոբոս 4։14, 15

Որովհետեւ կարելի է որ որեւէ ժամանակ մեռնինք, ոմանք այս կեցուածքը ունին. «Ուտենք ու խմենք, վասն զի վաղը պիտի մեռնինք» (Ա. Կորնթացիս 15։32)։ Բայց չե՞ս կարծեր որ այս կերպով ապրողները մահուան ցաւալի իրողութիւնը իրապէս ընդունած են։ Ուշ կամ կանուխ, մանաւանդ երբ նեղ պարագաներէ անցնիս, թերեւս հարց տաս. ‘Կեանքը միայն ա՞յս է’։ Պատասխանը ո՞ւր կրնաս գտնել։

Շատեր կը յուսան որ գիտնականները պատասխանը պիտի գտնեն։ Գիտութիւնն ու բժշկութիւնը կեանքի միջին տեւողութիւնը աւելցուցած են։ Եւ կարգ մը գիտնականներ կը ջանան մարդուն կեանքը աւելի երկարել։ Բայց իրենց աշխատանքին արդիւնքը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, կը մնան այս հարցումները. Ինչո՞ւ կը ծերանանք ու կը մեռնինք։ Իսկ յոյս կա՞յ որ մեր թշնամին՝ մահը, վերջ պիտի գտնէ։ Յաջորդ յօդուածները այս հարցումները պիտի քննարկեն եւ պիտի պատասխանեն հետեւեալ հարցումին. Կեանքը միայն ա՞յս է։