Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԷՔ

Ռուսիան կը յարձակի Ուքրանիոյ վրայ

Ռուսիան կը յարձակի Ուքրանիոյ վրայ

 24 Փետրուար 2022–ին, առտուն կանուխ, Ռուսիան սկսաւ զինուորական յարձակումներ գործել Ուքրանիոյ վրայ, հակառակ անոր որ տարբեր երկիրներու կառավարիչներ ջանքեր թափեցին որ պատերազմ չպայթի։ Այս պատերազմը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել աշխարհին։ ՄԱԿ–ի ընդհանուր քարտուղար՝ Անթոնիօ Կութիերես՝ քանի մը օր առաջ ըսաւ. «Չենք կրնար նոյնիսկ երեւակայել, թէ այս պատերազմը որքա՜ն չարչարանք եւ կործանում պիտի պատճառէ եւ եւրոպական երկիրներուն ու ամբողջ աշխարհին ապահովութեան պիտի ազդէ»։

Ըստ Աստուածաշունչին, այս տեսակ դէպքեր ի՞նչ նշանակութիւն ունին

  •   Յիսուս Քրիստոս խօսեցաւ ժամանակուան մը մասին, երբ «ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ» (Մատթէոս 24։7)։ Կարդա՛ «‘Վերջին օրեր’ուն կամ ‘վերջի ժամանակ’ին նշանը ի՞նչ է» յօդուածը, որ տեսնես թէ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, որ մեր օրերուն տեղի ունեցող պատերազմները՝ Յիսուսին տուած մարգարէութեան կատարումն են։

  •   Աստուածաշունչի «Յայտնութիւն» գիրքը կը խօսի ‘շառագոյն ձիու մը վրայ հեծնողին’ մասին։ Այդ ձիաւորը կը ներկայացնէ պատերազմը, եւ ան ‘երկրէն խաղաղութիւնը կը վերցնէ’ (Յայտնութիւն 6։4)։ Կարդա՛ «Որո՞նք են չորս ձիաւորները» յօդուածը, որ տեսնես թէ ինչպէ՛ս այս մարգարէութիւնը այսօր տեղի ունեցող պատերազմներուն կ’ակնարկէ։

  •   Աստուածաշունչի «Դանիէլ» գիրքը կը մարգարէանայ «հիւսիսի թագաւոր»ին եւ «հարաւի թագաւոր»ին միջեւ եղող թշնամութեան մասին (Դանիէլ 11։25-45)։ Դիտէ Մարգարէութիւն մը կ’իրականանայ. Դանիէլ 11–րդ գլուխ վիտէոն, որ տեսնես թէ ինչո՛ւ կրնանք ըսել որ Ռուսիան եւ իր դաշնակիցները կը ներկայացնեն հիւսիսի թագաւորը a։

  •   Աստուածաշունչի «Յայտնութիւն» գիրքը նաեւ կը խօսի «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին» մասին (Յայտնութիւն 16։14, 16)։ Բայց ասիկա ազգերու կամ երկիրներու միջեւ պատերազմ մը չէ,– ինչպէս որ սովորաբար մեր օրերուն կը տեսնենք։ Կարդա՛ «Արմագեդոն պատերազմը ի՞նչ է» յօդուածը, որ աւելի տեղեկութիւններ առնես ապագային տեղի ունենալիք աս դէպքին մասին։

Ինչո՞ւ կրնաս ապագան դրական աչքով եւ յոյսով դիտել

 Ուքրանիոյ մէջ աւելի քան 129,000 Եհովայի վկաներ կ’ապրին։ Բոլոր երկիրներուն մէջ գտնուող Եհովայի վկաներուն նման, անոնք կ’ընդօրինակեն Յիսուսը՝ քաղաքական հարցերու մէջ կողմ չբռնելով եւ պատերազմներու չմասնակցելով (Յովհաննէս 18։36)։ Ամբողջ աշխարհի մէջ, Եհովայի վկաները կը շարունակեն քարոզել Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրին մասին, որ մարդոց պատմեն թէ անոնց խնդիրներուն,– մէջը ըլլալով պատերազմներուն,– լուծումը Աստուծո՛յ Թագաւորութիւնն է։ Քեզ կը հրաւիրենք որ մեզի հետ կապ պահես, որ աւելի՛ն գիտնաս Աստուածաշունչին տուած յոյսին մասին։

a Այս մարգարէութիւնը մանրամասն կերպով սերտելու համար, տես «‘Հիւսիսի թագաւորը’ վերջին ժամանակին մէջ» յօդուածը եւ «Ներկայիս ո՞վ է ‘հիւսիսի թագաւորը’» յօդուածը։