Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուսին զոհէն օգտուէ

Յիսուսին զոհէն օգտուէ

 Աշխարհի չորս կողմը, տարին անգամ մը, Եհովայի վկաները եւ միլիոնաւոր հիւրեր կը հաւաքուին, որ Յիսուսի մահը յիշատակեն, ինչպէս որ ան խնդրած էր (Ղուկաս 22։19)։ Այս առիթը մեզի կ’օգնէ, որ Յիսուսին ըրած զոհին կարեւորութիւնը հասկնանք։ Ասկէ զատ, այս առիթին ժամանակ կը տեսնենք, որ բոլոր մարդոց համար ըրած իր այդ զոհը ինչպէ՛ս մեր կեանքին կ’ազդէ թէ՛ հիմա եւ թէ ապագային (Յովհաննէս 3։16

 Այս տարի Յիշատակատօնին ներկայ եղար կամ ոչ, ինչպէ՞ս կրնաս օգտուիլ Յիսուսին զոհէն։ Յիսուս սորվեցուց որ պէտք է երկու կարեւոր բան ընենք.

  1.  1. Աստուծոյ եւ Յիսուսին մասին սորվինք։ Երբ որ Յիսուս իր երկնաւոր Հօր կ’աղօթէր, ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս 17։3

  2.  2. Մեր սորվածները գործադրենք։ Յիսուս շեշտեց որ իր սորվեցուցածները գործադրենք։ Օրինակ, ան իր ծանօթ Լերան քարոզը եզրափակեց՝ գովելով այն անձը որ իր «խօսքեր[ը] կը լսէ ու զանոնք կը կատարէ» (Ղուկաս 6։46-48)։ Նոյնպէս, ուրիշ առիթով մը ան ըսաւ. «Եթէ դուք այս բաները գիտէք, երանելի էք եթէ ասոնք կատարէք» (Յովհաննէս 13։17

 Կ’ուզե՞ս աւելի սորվիլ Աստուծոյ եւ Յիսուսին մասին։ Կ’ուզե՞ս գիտնալ որ ինչպէ՛ս կրնաս սորվածներդ գործադրել։ Նկատի առ կարգ մը կերպեր, որոնցմով կրնաս օգտակար տեղեկութիւններ առնել։

Աստուածաշունչի դասընթացք

 Աստուածաշունչի մեր ձրի դասընթացքը շատերու օգնած է, որ Աստուածաշունչը քննեն եւ ատոր սորվեցուցածները գործադրեն։

  •   Բաց Սուրբ Գիրքի դասընթացք՝ Եհովայի վկայի մը հետ էջը, որ այս դասընթացքին մասին աւելին գիտնաս։

  •   Դիտէ Սուրբ Գիրքի դասընթացքը ինչպէ՞ս կ’ըլլայ վիտէոն, որ տեսնես թէ Եհովայի վկայի մը հետ Աստուածաշունչը սերտելը ինչպէ՛ս կ’ըլլայ։

Եհովայի վկաներու ժողովներ

 Եհովայի վկաները շաբաթը երկու անգամ կը հաւաքուին իրենց պաշտամունքի վայրին մէջ, որ կը կոչուի Թագաւորութեան սրահ։ Այս ժողովներուն ընթացքին, մենք Աստուածաշունչը կը սերտենք եւ կը սորվինք ատոր սորվեցուցածները գործադրել։

 Ամէն մարդ կրնայ այս ժողովներուն ներկայ ըլլալ։ Պէտք չունիս Եհովայի վկայ ըլլալու որ այս ժողովներուն ներկայ ըլլաս։ Կրնաս ժողովներուն անձամբ ներկայ ըլլալ կամ ալ համացանցի ճամբով ատոնք դիտել։ Ասիկա կախեալ է ապրած շրջանիդ պարագաներէն։

  •   Դիտէ Թագաւորութեան սրահին մէջ ի՞նչ կ’ըլլայ վիտէոն, որ գաղափար առնես թէ ժողովները ինչպէ՛ս կ’ըլլան։

Յօդուածներ եւ վիտէօներ՝ jw.org կայքին վրայ

 Այս կայքին վրայի շատ մը յօդուածները եւ վիտէօները կրնան քեզի օգնել, որ Յիսուսին սորվեցուցածներուն եւ անոր ըրած զոհին մասին աւելին գիտնաս։

 Օրինակ, տեսնելու համար թէ ինչպէ՛ս կարելի է որ մէկ մարդու մահը միլիոնաւորներու օգտակար կը դառնայ, կարդա՛ «Յիսուս ինչպէ՞ս կը փրկէ» եւ «Յիսուս ինչո՞ւ տառապեցաւ ու մեռաւ» յօդուածները կամ դիտէ Յիսուս ինչո՞ւ մեռաւ վիտէոն։