Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Anton Petrus/Moment via Getty Images

ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԷՔ

Արդեօք աշխարհը դէպի համաշխարհային պատերա՞զմ կ’ուղղուի. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Արդեօք աշխարհը դէպի համաշխարհային պատերա՞զմ կ’ուղղուի. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

 Անցեալ 30 տարուան ընթացքին, շատեր կը զգային որ տարբեր–տարբեր երկիրներու կապերը լաւ էին եւ նոյնիսկ կը բարելաւուէին։ Բայց վերջին դէպքերը ցոյց կու տան, որ ասիկա թերեւս իրողութիւն չէր։

  •   «Մարդիկ մտահոգ են, որ Կազայի պատերազմը ազդեցութիւն ունենայ շրջանի ուրիշ երկիրներու վրայ, մինչ Իսրայէլը եւ Հըզպալլան կը շարունակեն իրարու դէմ կռուիլ Լիբանանի սահմանին վրայ» (Reuters, 6 յունուար 2024)։

  •   «Իրանի հետ կապ ունեցող խումբեր տարբեր–տարբեր շրջաններու վրայ կը յարձակին։ Իսկ Իրան, յանկարծ նորէն սկսաւ հիւլէական զէնքեր արտադրել։ Ասկէ զատ, Ռուսիան եւ Չինաստանը հիմա Իրանի դաշնակիցները դարձած են, եւ ասիկա արեւմտեան երկիրներուն համար նոր սպառնալիք մըն է» (The New York Times, 7 յունուար 2024)։

  •   «Ռուսիոյ կատարած յարձակումները կը շարունակեն հսկայ վնասներ հասցնել Ուքրանիայի տարբեր շրջաններուն» (UN News, 11 յունուար 2024)։

  •   «Չինաստան մեծ յառաջդիմութիւն կ’արձանագրէ տնտեսական եւ զինուորական գետնի վրայ, իսկ Թայուանի ազգային արժանապատուութիւնը երթալով ծայրայեղութեան կ’երթայ։ Միւս կողմէ, Չինաստանի եւ Ամերիկայի լարուած փոխյարաբերութիւնը, վիճակները այնպիսի պարագայի մատնած են, որ պատերազմ մը դիւրաւ կրնայ պայթիլ» (The Japan Times, 9 յունուար 2024)։

 Արդեօք Աստուածաշունչը բան մը կ’ըսէ՞ աշխարհի այս անկայուն վիճակին մասին։ Արդեօք այս տակնուվրայ վիճակին պատճառով, աշխարհը դէպի համաշխարհային պատերա՞զմ կ’ուղղուի։

Աստուածաշունչը մեր օրերու դէպքերուն մասին մարգարէացաւ

 Աստուածաշունչը չի մարգարէացաւ մեր օրերուն տեղի ունեցող որոշ պատերազմներուն մասին։ Հապա մարգարէացաւ, որ մեր օրերուն անզուսպ պատերազմներ տեղի պիտի ունենային եւ ‘երկրէն խաղաղութիւնը պիտի վերցնէին’ (Յայտնութիւն 6։4

 Աստուածաշունչի Դանիէլ գիրքը մարգարէացած էր, որ «վերջին ժամանակը» իրարու դէմ մրցակցող համաշխարհային ուժեր իրարու վրայ պիտի ‘յարձակէին’, կամ ուրիշ խօսքով իրարու դէմ պիտի կռուէին, որ ամէնէն զօրաւոր ուժը դառնան։ Այդ զինուորական գործողութիւններուն համար, «գանձեր» կամ հսկայ գումարներ պիտի ծախսուէին (Դանիէլ 11։40, 42, 43

Գալիք պատերազմ մը

 Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ աշխարհին վիճակները շա՛տ գէշ պիտի դառնան՝ առա՛ջ որ բարելաւուին։ Յիսուս մարգարէացաւ, որ «այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն... եղած չէ» (Մատթէոս 24։21)։ Այդ «մեծ նեղութիւն»ը պիտի առաջնորդէ պատերազմի մը, որ կը կոչուի Արմագեդոն։ Աստուածաշունչը Արմագեդոն պատերազմին մասին կ’ըսէ, որ ‘Ամենակալ Աստուծոյ մեծ օրուանը պատերազմն է’ (Յայտնութիւն 16։14, 16

 Բայց, Արմագեդոն պատերազմը մարդիկը պիտի ազատէ, եւ ոչ թէ՝ բնաջնջէ։ Այս պատերազմով, Աստուած մէջտեղէն պիտի վերցնէ մարդկային կառավարութիւնները, որոնք մեծ թիւով կործանիչ պատերազմներ պատճառած են։ Տեսնելու համար, որ Արմագեդոն պատերազմը ինչպէ՛ս մնայուն խաղաղութիւն պիտի բերէ, կարդա՛ այս յօդուածները.