Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՁԵՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԻՆ

JW կայանը կը հասնի հոն՝ ուր Ինթըրնէթ չկայ

JW կայանը կը հասնի հոն՝ ուր Ինթըրնէթ չկայ

1 ԱՊՐԻԼ 2021

 Ամէն ամիս, մենք անհամբեր կը սպասենք հոգեւոր յայտագիրներուն եւ վիտէօներուն, որոնք կ’երեւին JW Հեռատեսիլի կայանին վրայ։ Բայց Ափրիկէի մէջ, մեր եղբայրներէն շատերու համար դժուար է այս յայտագիրները Ինթըրնէթ–ով բանալ։ Ինչո՞ւ։

 Ափրիկեան երկիրներուն մեծամասնութեան մէջ սահմանափակ Ինթըրնէթ կայ։ Եւ այդ շրջաններուն մէջ ուր Ինթըրնէթ կայ, ատիկա կա՛մ դանդաղ է կամ ալ՝ շատ սուղ։ Օրինակ, Մատակասքարի մէջ, շրջանային տեսուչ մը առիթով մը կրցաւ սրճարանի մը մէջ ամսական յայտագիր մը բեռնել։ Բայց ատիկա 16 ամ. տոլար արժեց, ինչ որ կարգ մը մարդոց շաբթականէն շատ աւելի մեծ գումար է։

 Հակառակ այս բոլոր դժուարութիւններուն, հիմա միլիոնաւորներ Ափրիկէի մէջ կրնան JW Հեռատեսիլի կայանին յայտագիրները դիտել առանց նոյնիսկ Ինթըրնէթ ունենալու։ Ինչպէ՞ս։

 2017–էն ի վեր, Ափրիկեան Սահարային հարաւը գտնուող երկիրներուն մէջ ապրողները սկսան JW Հեռատեսիլի կայանին յայտագիրները դիտել՝ հեռատեսիլի արբանեակային կայանի մը միջոցաւ (satellite-television channel)։ Այս կայանը ձրի է, եւ օրը 24 ժամ ու շաբաթը 7 օր՝ 16 լեզուներով յայտագիրներ կը ցուցադրէ։

Մոզամպիկի մէջ, եղբայրները JW արբանեակային կայանը կարգի կը դնեն Թագաւորութեան սրահին մէջ (2018)

 Ասիկա կարելի դարձնելու համար, Եհովայի վկաները մեծ գումար կը վճարեն. ամիսը աւելի քան 12,000 ամ. տոլար։ Իսկ այս կարգադրութենէն կ’օգտուին 35 երկիրներ։ Ատենը մէյ մը, յաւելեալ գումար ալ կը վճարուի որ եղբայրներն ու քոյրերը կարենան տարբեր կայանի վրայ յատուկ առիթներ դիտել։ Ասիկա հազարաւորներու առջեւ առիթ բացած է որ կարենան դիտել համաժողովները եւ Կեդրոնատեղիին ներկայացուցիչներուն այցելութիւնները։

Մալաուիի մէջ, Տեղական ծրագրման/շինարարութեան խումբը կը դիտէ JW կայանը (2018)

 Շատեր, մէջը ըլլալով ոչ–Վկաներ, JW Հեռատեսիլի կայանին յայտագիրները կը դիտեն իրենց տունը՝ հեռատեսիլով։ Բայց կան եղբայրներ եւ քոյրեր, որոնք չեն կրնար պէտք եղած գործիքները գնել որ կարենան այս կայանը դիտել։ Իրենց օգնելու համար, աւելի քան 3670 Թագաւորութեան սրահներու մէջ պէտք եղած գործիքները եւ ապրանքները բերուեցան, որպէսզի եղբայրներն ու քոյրերը կարենան հոն երթալ եւ դիտել։ Այդ գործիքները եւ անոնց փոխադրութեան ծախսերը (delivery) մօտաւորապէս կ’արժեն 70 ամ. տոլար, ասիկա եթէ Թագաւորութեան սրահին մէջ արդէն կան հեռատեսիլ կամ լուսարձակ (projector)։ Թէ ոչ, ատոնց ծախսը կը հասնի 530 ամ. տոլարի։

 Մեր եղբայրներն ու քոյրերը շա՛տ երախտապարտ են այս կայանին համար։ Քամերունի մէջ երէց մը ըսաւ. «Մեր ընտանիքին համար ատիկա անապատի մէջ իջած մանանային պէս է»։ Օտէպոտէն, եղբայր մը Նիկերիայի մէջ, կ’ըսէ. «Շաբաթը երեք օր ընտանեօք կայանը կը դիտենք։ Մեր պզտիկները անհամբեր կը սպասեն այս պահերուն։ Անոնք նոյնիսկ ուրիշ ժամանակներ ալ կ’ուզեն JW կայանը դիտել»։ Ռոզը, որ նաեւ կ’ապրի Նիկերիայի մէջ, կ’ըսէ. «Շատ ուրախ եմ որ գիշեր–ցերեկ լուրեր մտիկ ընելու տեղ, հիմա միայն JW կայանը կը դիտեմ։ Երբ որ լուրեր կը դիտէի շա՛տ կը ջղայնանայի եւ արեան ճնշումս կը բարձրանար։ Բայց JW կայանը շա՛տ շինիչ յայտագիրներ ունի եւ ջիղերս կը հանդարտեցնէ։ Ատիկա նախասիրած կայանս է եւ Եհովայէն մեծ օրհնութիւն է»։

Մալաուիի մէջ, ընտանիք մը պզտիկներու յատուկ վիտէօ մը կը դիտէ JW կայանէն

 Մոզամպիկի մէջ շրջանային տեսուչ մը կ’ըսէ, որ իր շրջանին մէջի Թագաւորութեան սրահները պատրաստուեցան, որ եղբայրներն ու քոյրերը հոնկէ դիտեն JW կայանը։ Եւ, ան ըսաւ որ անոնք աւելի քան մէկ ժամ առաջ սրահ կու գան որ ամսական յայտագիրը դիտեն։

Եթովպիայի մէջ, ժողովք մը ամսական յայտագիրը առանց Ինթըրնէթ–ի վայելելէ ետք (2018)

 2019–ի Ճօհանէսպըրկի միջազգային համաժողովին (Հարաւային Ափրիկէ), կարգադրութիւններ եղան որ այս կայանին միջոցաւ եղբայրներն ու քոյրերը ուրիշ 9 շրջաններու մէջ կարենան դիտել գլխաւոր դասախօսութիւնները, մէջը ըլլալով Կառավարիչ մարմինի անդամին տուած դասախօսութիւնները։ Սֆումէլէլէն որ կը ծառայէ յայտագիրը ուղղակի սփռող բաժանմունքին մէջ (Հարաւային Ափրիկէ), կ’ըսէ. «Առաջ, պէտք էր որ եղբայրները Ինթըրնէթ–ով դիտէին դասախօսութիւնները։ Բայց պէտք էր նախ եւ առաջ կայուն Ինթըրնէթ ունենալ եւ գումարներ վճարել։ Մինչդեռ JW կայանը աւելի աժան է եւ Ինթըրնէթ–է կախեալ չէ»։

 Համաշխարհային գործին համար եղած նուիրատուութիւնները կարելի կը դարձնեն որ Ափրիկէի մեր եղբայրներն ու քոյրերը կարենան JW Հեռատեսիլի կայանին յայտագիրները դիտել։ Շատ կը գնահատենք ձեր բոլոր նուիրատուութիւնները, որոնք կ’ընէք donate.isa4310.com կայքին մէջ յիշուած տարբեր մեթոտներով։