Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՁԵՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԻՆ

Խուլերը չեն մոռցուած

Խուլերը չեն մոռցուած

1 ՅՈՒԼԻՍ 2022

 Եհովա Աստուած կ’ուզէ որ ամէն մարդ,– ինչ որ ալ ըլլան անոնց պարագաները,– իր եւ իր երկնային Թագաւորութեան մասին սորվի (Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4)։ Անոր համար, Եհովայի վկաները կ’արտադրեն Աստուածաշունչ եւ Աստուածաշունչի սերտողութիւնը դիւրացնող հրատարակութիւններ՝ կարելի եղածին չափ շատերու,– մէջը ըլլալով խուլերու,– համար։ Իրականութեան մէջ, մեր կազմակերպութիւնը աւելի քան 100 նշանային լեզուով արտադրած է հազարաւոր հրատարակութիւններ վիտէօներու ձեւով a։ Այս հրատարակութիւնները ինչպէ՞ս կ’արտադրենք եւ կը բաժնենք։ Եւ, տարիներու ընթացքին ի՞նչ բարելաւումներ եղած են այս մարզին մէջ։

Նշանային լեզուով վիտէօները ինչպէ՞ս կը պատրաստուին

 Նշանային լեզուով հրատարակութիւնները կը պատրաստուին թարգմանչական խումբերու կողմէ, որոնք կը գտնուին ամբողջ աշխարհի մէջ։ Թարգմանչական խումբի ամէն մէկ անդամ ուշի–ուշով աչքէ կ’անցընէ թարգմանուելիք հրատարակութիւնը։ Յետոյ խումբը կ’որոշէ տեղեկութիւնները նշանային լեզուով թարգմանելու լաւագոյն կերպը։ Անկէ ետք, խումբը հրատարակութիւնը վիտէօ կ’արձանագրէ։ Հիմակուհիմա, 60 թարգմանչական խումբեր կանոնաւորաբար նշանային լեզուով կը թարգմանեն Աստուածաշունչի սերտողութիւնը դիւրացնող հրատարակութիւններ, իսկ ուրիշ 40 թարգմանչական խումբեր ատոնք կը թարգմանեն ատեն–ատեն։

 Անցեալին, նշանային լեզուով վիտէօներ արտադրելը սուղի կը նայէր։ Վիտէօ քամերաները եւ ուրիշ գործիքները շատ աւելի սուղ էին, քան՝ այսօր։ Ասկէ զատ, վիտէօները կ’արձանագրուէին սթիւտիօներու մէջ, որոնք մենք կը շինէինք՝ երբեմն շէնք մը նորոգելով։ Ընդհանուր առմամբ, մէկ թարգմանչական խումբի համար ամէն բան կարգադրելը եւ պատրաստելը աւելի քան 30,000 ամ. տոլարի կը նայէր։

 Նուիրատուութիւնները լաւագոյն կերպով գործածելու համար, մեր կազմակերպութիւնը կերպեր փնտռեց թարգմանչական աշխատանքը բարելաւելու եւ պարզացնելու համար։ Հիմա, մենք կ’աշխատինք արդի գործիքներով, որոնք թէ՛ գործնական են եւ թէ աժան։ Փոխանակ սթիւտիօ գործածելու, թարգմանչական խումբերը կրնան գործածել կանաչ պատ կամ պաստառ (green screen) եւ վիտէօները արձանագրել իրենց գրասենեակին մէջ։ Եթէ նշանային լեզուով վիտէօ մը արձանագրելու ժամանակ, քանի մը անհատներու պէտքը ըլլայ, եղբայրները եւ քոյրերը կրնան իրենց բաժինները արձանագրել իրենց գրասենեակէն կամ տունէն։ Այլեւս սթիւտիօ երթալու պէտք չկայ։

 Մենք նաեւ պատրաստած ենք ծրագրակազմ մը (software), որ թարգմանիչներուն գործը դիւրացնենք։ Այս բարելաւումները թարգմանչական աշխատանքին ժամանակը կէսի իջեցուցած են։ Մեր եղբայրները այս բարելաւումները կ’արժեւորեն։ Ալեքսենտըր անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Նշանային լեզուով վիտէօները աւելի յաճախ կ’արտադրուին եւ ասոր համար ես շատ ուրախ եմ։ Ես այս վիտէօները ամէն օր կը դիտեմ»։

 Մեր օրերուն, նշանային լեզու թարգմանող մէկ խումբի ապրանքները եւ գործիքները 5000 ամ. տոլարէն պակաս կ’արժեն։ Ասիկա կ’օգնէ որ նշանային լեզուով վիտէօները յաւելեալ լեզուներով ալ պատրաստուին։

Նշանային լեզուով վիտէօները ինչպէ՞ս խուլերուն կը հասնին

 Մէյ մը որ թարգմանչական խումբ մը հրատարակութիւն մը արձանագրելը վերջացնէ, վիտէօները պէտք է հասնին անոնց՝ որոնք ատոնց պէտքը ունին։ Անցեալին, պատկերիզներ (videocassettes) եւ DVD–ներ կ’արտադրէինք, բայց ատոնք սուղի կը նայէին, ժամանակ կ’առնէին եւ երկար–բարակ գործ կը պահանջէին։ Յետոյ ատոնք ընկերութեան մը կը ղրկէինք, որ ատոնցմէ կրկնօրինակներ պատրաստէ։ Վերջը, այդ պատկերիզները եւ DVD–ները ժողովքներուն կը ղրկէինք։ Միայն 2013–ին, աւելի քան 2,000,000 ամ. տոլար ծախսեցինք նշանային լեզուներով DVD–ներ արտադրելու համար։

 Խուլերը շատ կ’արժեւորէին այս կարգադրութիւնները։ Բայց վիտէօները գործածելը միշտ դիւրին չէր, մանաւանդ երբ պատկերիզներուն կամ DVD–ներուն քանակը աւելցաւ։ Կ’ըլլային պարագաներ, երբ քանի մը DVD–ներու պէտքը կար՝ միայն մէկ Աստուածաշունչի գիրք պատրաստելու համար։ Ժիլնա անունով եղբայր մը Պրազիլէն կ’ըսէ. «Երբ որ կ’ուզէինք համար մը կարդալ, դժուար էր գտնել ճիշդ պատկերիզը եւ յետոյ փնտռել համարը։ Շա՛տ դժուար էր»։ Հաֆայանի անունով քոյր մը, որ նշանային լեզուով DVD–ներ կը գործածէր, կ’ըսէ. «Անձնական ուսումնասիրութիւն ընելը յոգնեցուցիչ էր։ Երկա՜ր ժամանակ կը տրամադրէինք միայն համար մը կամ աղբիւր մը բանալու համար»։ Ասկէ զատ, երբ մեր եղբայրները կը քարոզէին, անոնք հետերնին կը տանէին DVD–ներ կամ պատկերիզներ, որոնք կրնային հետաքրքրուած անհատներուն դիտել տալ անոնց հեռատեսիլներուն վրայ։ Կարգ մը եղբայրներ նոյնիսկ իրենց հետ կը տանէին իրենց անձնական գործիքները, որոնցմով կարելի էր DVD–ի մը բովանդակութիւնը ցոյց տալ։ Քիչ ետք, DVD դիտելու դիւրատար գործիքներ (portable DVD players) սկսան մատչելի դառնալ եւ շատ մը եղբայրներ ատոնք գործածեցին։ Պապին, որ Միացեալ նահանգներու մէջ կ’ապրի, կ’ըսէ. «Եթէ համար մը բանալէ ետք, կ’ուզէիր ուրիշ համար մըն ալ բանալ, պէտք էր տարբեր DVD բանայիր եւ դիտել տայիր։ Ասիկա շատ ժամանակ կ’առնէր եւ խօսակցութեան մը մէջ համարներ գործածելը կը դժուարացնէր»։

 2013–ին, Եհովային կազմակերպութիւնը յայտարարեց JW Library Sign Language էփ–ին մասին (JW Գրադարան Նշանային լեզու)։ Այս էփ–ին միջոցաւ, եղբայրները եւ քոյրերը կրնան բեռնել եւ դիտել նշանային լեզուով վիտէօներ իրենց սմարթֆոն հեռաձայններուն կամ թապլեթներուն վրայ։ Այս էփ–ը նախ լոյս տեսաւ ամերիկեան նշանային լեզուով։ Ետքը, 2017–ին, մեր կազմակերպութիւնը այս էփ–ը այժմէականացուց,– այսինքն update ըրաւ,– որ ուրիշ նշանային լեզուներով ալ մատչելի ըլլայ։ Ամբողջ աշխարհի մէջ, եղբայրները եւ քոյրերը ուրախացան։ Ճուսելինօ անունով եղբայր մը Պրազիլէն կ’ըսէ. «Աչքերուս չհաւատացի։ Անդադար կը մտածէի խուլերուն հանդէպ Կառավարիչ մարմինին ցոյց տուած սիրոյն մասին եւ թէ անոնք որքա՜ն կ’ուզեն որ մենք ալ,– խօսուած լեզուներ գործածող անհատներու նման,– հասուննանք որպէս քրիստոնեաներ։ Շա՛տ ուրախ էի եւ այս էփ–ը ինծի քաջալերութիւն տուաւ որ Աստուածաշունչը աւելի սերտեմ»։

JW Library Sign Language էփ–ը գործածել

 Այսօր, մենք նշանային լեզուով բոլոր վիտէօները կ’արտադրենք ելեկտրոնային ճամբով եւ ատոնք կը դնենք մեր կայքին վրայ եւ JW Library Sign Language էփ–ին մէջ։ Ասանկով, նշանային լեզուով հրատարակութիւնները կը թարգմանուին, կ’արձանագրուին եւ անհատներու ձեռքը կը հասնին քանի մը օրուան մէջ,– եւ ոչ թէ ամիսներ կամ տարիներ ետք։ Իրականութեան մէջ, շատ մը նշանային լեզուներով, կարգ մը հրատարակութիւններ կ’արտադրուին խօսուած լեզուներուն հետ, նոյն ատեն։

 Նկատի առ թէ կարգ մը խուլ եղբայրներ եւ քոյրեր ի՛նչ կ’ըսեն։ Քլիզիա անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Ո՞ր կազմակերպութիւնը ա՛յսքան կը հետաքրքրուի խուլերով, որ պատրաստ է հոգեւոր սնունդ տալու այս դիւրին կերպով։ Եհովային կազմակերպութեան ըրածը մեզի համար բանի՛ մը հետ չի բաղդատուիր»։ Վլատիմիրը կ’ըսէ. «Այս վիտէօները ինծի ցոյց կու տան, որ Եհովան նոյնքան կը հետաքրքրուի խուլերով, որքան՝ սովորական մարդոցմով»։

 Նշանային լեզուով պատրաստուած մեր վիտէօներուն մէջ շատ անգամ կը տեսնենք այս արտայայտութիւնը. «Այս հրատարակութիւնը Աստուածաշունչի համաշխարհային կրթական գործունէութեան մէկ մասն է, որ կամաւոր նուիրատուութիւններով կ’օժանդակուի»։ Շա՛տ կը գնահատենք ձեր նուիրատուութիւնները, որոնց մեծ մասը կ’ըլլայ donate.isa4310.com կայքին միջոցաւ։ Այս նուիրատուութիւնները կարելի կը դարձնեն, որ Աստուածաշունչ եւ Աստուածաշունչի սերտողութիւնը դիւրացնող հրատարակութիւններ արտադրենք բոլոր մարդոց համար, մէջը ըլլալով նշանային լեզու գործածող անհատներու համար։

a Քանի՛ որ նշանային լեզուներ գործածող անհատները «կը խօսակցին» եւ գաղափարներ կ’արտայայտեն ձեռքերու եւ դէմքի շարժուձեւերով, նշանային լեզուով հրատարակութիւնները կ’արտադրուին վիտէօներու ձեւով եւ ոչ թէ տպուած էջերու վրայ։