Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՁԵՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԻՆ

Աղէտէ տուժածներուն օգնել 2022–ին. Եղբայրսիրութիւնը գործով ցոյց կը տրուի

Աղէտէ տուժածներուն օգնել 2022–ին. Եղբայրսիրութիւնը գործով ցոյց կը տրուի

1 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023

 Աստուածաշունչը մարգարէացաւ որ մեր օրերուն պատերազմներ, երկրաշարժներ, համաճարակներ եւ ուրիշ «սոսկալի բաներ» պիտի ըլլան (Ղուկաս 21։10, 11)։ Այս մարգարէական խօսքերը շարունակուեցան կատարուիլ 2022–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին a։ Օրինակ, Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմը շարունակուեցաւ եւ ասիկա միլիոնաւորներու կեանքին ազդեց։ Աշխարհի մեծ մասը տակաւին ՔՈՎԻՏ–19 համավարակէն դուրս չեկաւ։ Ասկէ զատ, միլիոնաւորներ վնասուեցան բնական աղէտներէ։ Ասոր քանի մը օրինակներն են՝ Հայիթիի երկրաշարժները եւ Կեդրոնական Ամերիկայի, Ֆիլիփիններու եւ հարաւարեւելեան Ափրիկէի կործանարար փոթորիկները։ Եհովայի վկաները ինչպէ՞ս օգնեցին այս աղէտներէն տուժածներուն։

 2022–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, մեր կազմակերպութիւնը շուրջ 200 աղէտներէ տուժածներուն օգնութիւն հայթայթեց։ Ընդամէնը, մենք մօտ 12 միլիոն տոլար ծախսեցինք տուժածներուն օգնելու համար։ Նկատի առ թէ ձեր նուիրատուութիւնները ի՛նչ կերպով գործածուեցան երկու աղէտներէ տուժածներուն օգնելու համար։

Հայիթիի երկրաշարժները

 14 օգոստոս 2021–ին, 7.2 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը հարուածեց Հայիթիի հարաւային շրջանը։ Ցաւօք սրտի, մեր քոյրերէն երկու հոգի եւ եղբայր մը մահացան։ Երկրաշարժէն վերապրողները ֆիզիքական ու զգացական գետնի վրայ շատ վնասուեցան։ Սթէֆան անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Քաղաքին մէջ այնքան շատ մարդ մեռաւ, որ աւելի քան երկու ամսուան տեւողութեան՝ ամէն շաբաթ քանի մը թաղում կ’ըլլար»։ Էլիէզըր անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Վկաներէն շատեր տուն–տեղ, հագուելիք, կօշիկ եւ ուրիշ հիմնական պէտքեր չունէին։ Ամիսներ շարունակ շատեր վախի մէջ էին, քանի որ ուրիշ երկրաշարժներ ալ եղան»։

 Մեր կազմակերպութիւնը շատ արագօրէն գործի լծուեցաւ։ Հայիթիի մասնաճիւղը աւելի քան 53 թոն ուտելիք կարգադրեց, ինչպէս նաեւ՝ վրաններ, անձրեւէն պաշտպանող ծածկոցներ, անկողիններ եւ արեւի ճառագայթները օգտագործող հեռաձայնի լիցքաւորման գործիքներ (չարճըրներ)։ Ասկէ զատ, 2022–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, աւելի քան 100 տուներ վերաշինուեցան կամ նորոգուեցան։ Աւելի քան մէկ միլիոն տոլար ծախսուեցաւ աղէտէն տուժածներուն օգնելու համար։

Ուտելիք կը բաժնուի՝ Հայիթիի մէջ

 Մեր եղբայրներն ու քոյրերը ծայր աստիճան գնահատեցին այս բոլորը։ Լորէթը կ’ըսէ. «Երկրաշարժը ամբողջովին կործանեց մեր տունը եւ հացի ճամբան։ Ուտելիք բան մը չմնաց։ Բայց Եհովային կազմակերպութիւնը մեր կողքին կեցաւ եւ ամէն ինչ որ մեզի պէտք էր ապահովեց»։ Միշլինը կ’ըսէ. «Երկրաշարժը կործանեց այն վայրը, ուր ես ու երկու տղաքս կ’ապրէինք։ Աղօթելէ զատ չէի գիտեր ինչ ընեմ, եւ Եհովան իմ օգնութեանս հասաւ իր կազմակերպութեան միջոցաւ։ Հիմա մենք լաւ շինուած տուն մը ունինք եւ որոշած եմ ձեռքէս եկածը ընել, որ Եհովային շնորհակալութիւնս յայտնեմ»։

 Կառավարական պատասխանատուները նկատեցին տուժածներուն օգնելու մեր ջանքերը։ Լէզիլ քաղաքի քաղաքապետը ըսաւ. «Կ’ուզեմ ձեզ գովել, քանի որ արագօրէն օգնութեան հասաք եւ կառավարութեան հանդէպ մեծ յարգանք ցոյց կու տաք։ Ուրախ եմ որ դրամով հետաքրքրուած չէք, հապա կ’ուզէք մարդոց օգնել։ Դուք կ’օգնէք, քանի որ սէր ունիք»։

Էնա արեւադարձային փոթորիկը կը հարուածէ Մալաուին եւ Մոզամպիկը

 24 յունուար 2022–ին, Էնա արեւադարձային փոթորիկը հարուածեց Մոզամպիկը եւ ետքը ուղղուեցաւ արեւմուտք, հարուածելով Մալաուին։ Փոթորիկը տեղատարափ անձրեւներ բերաւ, եւ ժամական մինչեւ 100 քիլոմեթր արագութեամբ զօրաւոր հովեր պատճառեց։ Անիկա ելեկտրականութիւնը ընդհատեց, կամուրջները քանդեց եւ հեղեղներ պատճառեց։

 Փոթորիկը ազդեց աւելի քան 30,000 վկաներու, որոնք կ’ապրին Մալաուիի եւ Մոզամպիկի մէջ։ Տուժածներուն օգնող Չարլզ անունով եղբայր մը, ըսաւ. «Երբ եղբայրներուն չարչարանքը եւ իրենց կորուստները տեսայ, սիրտս կտոր–կտոր եղաւ, եւ զգացի որ բանով մը չեմ կրնար օգտակար ըլլալ իրենց»։ Ինչ որ վիճակները աւելի դժուարացուց այն էր, որ հեղեղները անոնց ուտելիքն ու հունձքը առին տարին։ Շատեր իրենց տունը-տեղը կորսնցուցին։ Ցաւօք սրտի, եղբօր մը կինը եւ երկու պզտիկ աղջիկները մեռան։ Անոնք խեղդուեցաւ, երբ անոնց օգնելու եկած նաւը հակառակ դարձաւ։

Վկայ զոյգի մը վնասուած տունը՝ Մոզամպիկի մէջ

Վերաշինուած տունը

 Փոթորիկը շատ վախնալիք էր։ Մալաուիի՝ Նչալօ շրջանին մէջ ապրող Սենկերետօ ընտանիքը, առտուան ժամը 1–ին վախնալիք ձայներ լսեցին։ Ատիկա երկու յորդած գետերու ձայնն էր։ Եղբայր Սենկերետօն որոշեց որ պէտք է անմիջապէս իրենց տունէն հեռանան։ Ասիկա իմաստուն որոշում մըն էր, քանի որ շատ չանցած հեղեղները քանդեցին իրենց տունը։ Անոնց ունեցած–չունեցածը կա՛մ վնասուեցան, կամ ալ հեղեղները առին տարին։ Ընտանիքը որոշեց Թագաւորութեան սրահ երթալ, որ սովորաբար 30 վայրկեան կ’առնէ քալելով։ Բայց այս անգամ երկու ժամ առաւ։ Վերջապէս անոնք սրահ հասան՝ բոլորովին թրջուած եւ ուժասպառ։

 Մալաուիի եւ Մոզամպիկի մասնաճիւղերը արագօրէն սկսան տուժածներուն օգնութիւն տալ։ Անոնք շրջանային տեսուչներէն եւ երէցներէն խնդրեցին, որ իրենց տեղեկացնեն թէ փոթորիկէն ազդուած եղբայրներն ու քոյրերը ի՛նչ բաներու պէտք ունէին, ինչպէս նաեւ անոնց հոգեւոր ու զգացական պէտքերուն հոգ տանին։ Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբեր նշանակուեցան որ այս գործին հոգ տանին, եւ անոնք արագօրէն գործի լծուեցան մեր եղբայրներուն ուտելիք եւ ուրիշ պէտքեր ապահովելու համար։ Աւելի քան 33,000 տոլար ծախսուեցաւ օգնութիւն տալու համար, եւ աւելի քան 300,000 տոլար ալ ծախսուեցաւ, տուներ նորոգելու կամ վերաշինելու համար։

 Այս յանձնախումբերը տրամադրուած դրամները իմաստութեամբ գործածեցին։ Ասիկա շատ կարեւոր էր, քանի որ ամէն բան շատ սուղ էր։ Օրինակի համար, օգնութեան աշխատանքներուն առաջին եօթը ամիսներուն, Մալաուիի մէջ հիմնական ուտելիք նկատուող եգիպտացորենի ալիւրին գինը 70 առ հարիւր աւելցաւ։ Վառելանիւթի գիներն ալ գլուխնին առին գացին։ Դրամ խնայելու համար, մեր եղբայրները մեծ քանակներով ուտելիք ու շինարարական նիւթեր գնեցին տեղական շուկայէն։ Այս պատճառաւ ալ անոնք մեծաքանակի գիներէն օգտուեցան, եւ այդ նիւթերը փոխադրելն ալ շատ ծախսի չնայեցաւ։

 Օգնութեան այս աշխատանքները մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն սրտին դպան։ Մոզամպիկի մէջ ապրող Ֆելիշպերթօ անունով եղբայր մը ըսաւ. «Չեմ տեսած կազմակերպութիւն մը, որ այսքա՛ն շատ օգնութիւն կու տայ. շինարարական նիւթեր, փոխադրամիջոց, օգնական ձեռքեր, ուտելիք եւ սիրով տրուած ուղղութիւններ։ Տուժածներուն տրուած օգնութիւնը շատ աղուոր օրինակ մըն էր այն եղբայրսիրութեան, որուն մասին Յիսուս խօսեցաւ Յովհաննէս 13։34, 35–ին մէջ։ Մալաուիի մէջ ապրող Էսթըր անունով որբեւայրի քոյր մը, որուն տունը քանդուեցաւ, կ’ըսէ. «Յուսահատ զգացի, քանի որ նոր տուն մը շինելու կարողութիւնը չունէի։ Երբ եղբայրները եկան եւ ինծի նոր տուն մը շինեցին, զգացի որ արդէն իսկ Դրախտին մէջ եմ»։

 Մինչ Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհին կը մօտենանք, կ’ակնկալենք որ շատ աւելի աղէտներ պատահին (Մատթէոս 24։7, 8)։ Բայց եւ այնպէս, վստահ ենք որ Եհովայի ժողովուրդը իրենց պէտք եղած օգնութիւնը պիտի ստանան ձեր նուիրատուութիւններուն շնորհիւ։ Նուիրատուութիւններ ընելու ձեւերը բացատրուած են donate.isa4310.com կայքին մէջ։ Շնորհակալ ենք ձեր առատաձեռնութեան համար։

a 2022–ի Ծառայութեան տարին սկսաւ 1 սեպտեմբեր 2021–ին եւ վերջ գտաւ 31 օգոստոս 2022–ին։