Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 75

Մեր ուրախութեան պատճառները

Մեր ուրախութեան պատճառները

(Մատթէոս 5։12)

1. Մեր ուրախութեան պատճառները

ահա՛ւասիկ շատ առատ են. . .

Ազգերուն ցանկալի բաները

մեզի հետ միութեան մէջ են։

Մեր սիրտը ուրախ ու զուարթ է.

Սուրբ Գիրքը մեզ կ’ամրապնդէ,

ամէն օր մեզի կը սորվեցնէ,

մեր հաւատքը կը զօրացնէ։

Մեր ուրախութեան պատճառները

սրտի մէջ արմատ կապած են։

Կ’օգնեն Աստուծոյ բազուկները

որ հալածանքին տոկանք մենք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Եհովա Աստուած՝ մեր հրճուանք,

գործերը ձեռքիդ՝ մեր բերկրանք,

խորունկ մտքերդ, հզօր գործերդ

բարի են, Աստուա՛ծ՝ մեր պարծանք։

2. Ցնծութեամբ գործերն իր կը տեսնենք՝

երկինքը, ծովը, երկիրը։

Արարչութեան գիրքը կը սերտենք՝

գովելով իր ձեռքին գործը։

Հիմա յաղթաքայլ կը վկայենք

Եահի Արքայութեան մասին։

Ուրախ սրտերով կը հռչակենք.

«Եհովան թագադրեց Որդին»։

Շուտով նոր երկինքն ու երկիրը,

զորս Եհովան խոստացած է,

պիտ’ ուրախացնեն մեր սրտերը

եւ ճոխ օրհնութիւններ բերեն։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Եհովա Աստուած՝ մեր հրճուանք,

գործերը ձեռքիդ՝ մեր բերկրանք,

խորունկ մտքերդ, հզօր գործերդ

բարի են, Աստուա՛ծ՝ մեր պարծանք։