Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՐՑՆԵՆ

Հագուստս ինչպէ՞ս է վրաս

Հագուստս ինչպէ՞ս է վրաս

Ինչո՞ւ կարեւոր է որ նայիս թէ ի՛նչ հագուստ հագած ես։ Քանի որ հագուստները շատ բան կ’ըսեն մեր մասին։ Լաւ, քու հագուստներդ ի՞նչ կ’ըսեն քու մասիդ։

 Ինչպէ՞ս կրնաս չազդուիլ նորաձեւութեան նկատմամբ երեք սխալ կարծիքներէ

Սխալ կարծիք #1. Կը հագուիս ինչ որ ծանուցումներուն մէջ կը տեսնես

Թերեզա անունով պատանուհի մը կ’ըսէ. «Ատեններ կ’ուզեմ որոշ նորոյթի մը հետեւիլ, քանի որ ատոր մասին ծանուցումներ կը տեսնեմ։ Երբ որ միշտ տեսնես որ մարդիկ որոշ բան մը կը հագուին, կ’ուզես դո՛ւն ալ ատիկա հագուիլ»։

Միայն աղջիկները չեն որ ծանուցումներէն կ’ազդուին։ Գիրք մը կ’ըսէ. «Տղաքն ալ նորոյթէն կ’ազդուին։ Ծանուցում պատրաստողները կը փորձեն անո՛նց ալ ազդել պզտիկ տարիքէն (The Everything Guide to Raising Adolescent Boys

Առաջարկ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ, բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ» (Առակաց 14։15)։ Ուրեմն, երբ որ ծանուցում մը տեսնես, ատոր մասին լաւ մտածէ։ Օրինակ, երբ որ սեքսի հագուստներու մասին ծանուցում մը տեսնես, դուն քեզի հարցուր.

  • ‘Իմ ետեւէս ո՞վ դրամ կը շահի եթէ այդ նորոյթին հետեւիմ’։

  • ‘Մարդիկ իմ մասիս ի՞նչ պիտի ըսեն, եթէ այդ հագուստը հագուիմ’։

  • ‘Կ’ուզե՞մ մարդիկ իմ մասիս այդ կարծիքը ունենան’։

Խրատ։ Մէկ շաբթուան ընթացքին, ամէն անգամ որ հագուստի մասին ծանուցում մը տեսնես, դուն քեզի աս հարցումները հարցուր. ‘Ատիկա ի՞նչ գաղափարներ կ’ուզէ միտքէս անցընեմ’, ‘Ատիկա կը փորձէ՞ զիս համոզել, որ որոշ նորոյթի հետեւիմ’։ Քէրըն անունով պատանուհի մը կ’ըսէ. «Ծանուցումները կը փորձեն համոզել որ կատարեալ երեւիս, հագուստդ շատ անուշիկ ըլլայ եւ քու գրաւիչ մարմինդ ցուցնես։ Ծանուցում պատրաստողները գիտեն որ պատանիները ասանկ կը մտածեն եւ անոր համար կ’ուզեն անոնց խելքին հետ խաղալ»։

Սխալ կարծիք #2. Որոշ հագուստ մը կը հագուիս, միայն որ ուրիշներուն պէս երեւիս

Մանուէլ անունով պատանի մը կ’ըսէ. «Եթէ որոշ նորոյթ մը ելլէ, ամէն մարդ այդ նորոյթին կը հետեւի։ Եթէ դուն չհետեւիս, մարդիկ քեզ կը դատեն»։ Աննա անունով պատանուհի մը իրեն հետ կը համաձայնի, եւ կ’ըսէ. «Մարդոց խելքը միտքը նորոյթէն ըլլալ չէ։ Հապա աւելի ուրիշներուն նմանիլ է»։

Առաջարկ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը» (Հռովմայեցիս 12։2)։ Ասիկա ընելու համար, հագուստներուդ նայէ եւ դուն քեզի հարցուր.

  • ‘Ես ինչո՞ւ այս հագուստները կը հագուիմ’։

  • ‘Ինծի համար որքա՞ն կարեւոր է յայտնի անուն կրող հագուստներ հագուիլ’։

  • ‘Կը փորձե՞մ հագուստներովս ուրիշները տպաւորել’։

Խրատ։ Մի՛ կարծեր որ առջեւդ միայն երկու ընտրութիւն կայ։ Նորոյթէն հագուիլ եւ մարդոց կողմէ ընդունուիլ կամ հին մոտէլ հագուիլ եւ ուրիշներուն կողմէ չընդունուիլ։ Ուրիշ ընտրութիւն մըն ալ ունիս։ Ինչ ալ հագուիս, ինքնավստահ եղիր. քանի որ եթէ ինքնավստահ ես, հոգ պիտի չընես որ ուրիշներ ի՛նչ կը մտածեն։

Սխալ կարծիք #3. Միտքէդ կ’ըսես. ‘Որքա՛ն սեքսի երեւիմ, այդքա՛ն լաւ է’

Ճենիֆըր անունով աղջիկ մը կը խոստովանի. «Շիտակը, կ’ուզե՛մ ատեններ քիչ մը կարճ կամ քիչ մը փակած կամ քիչ մը բաց հագուստներ հագնիլ»։

Առաջարկ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ձեր զարդարանքը թող չըլլայ դրսէն... Հապա սրտին ծածուկ մարդը» (Ա. Պետրոս 3։3, 4)։ Ուրեմն, մտածէ թէ ո՛ր մէկը աւելի կարեւոր է. դուրսէ՞ն անուշիկ ըլլալ, թէ ոչ ներսէն։

Խրատ։ Պատշաճ հագո՛ւստն է որ մէկը անուշիկ կը դարձնէ։ Ճիշդ է որ մարդիկ ատոր կարեւորութիւն չեն տար, բայց մէկ հատ ասանկ մտածէ.

Օր մը օրանց խօսակցութիւն ունեցա՞ծ ես մէկու մը հետ որ շատ կը խօսի եւ միայն ինքն իր մասին կը խօսի։ Ցաւօք սրտի, այդ անձը լուր չունի որ մարդիկը իրմէ կը հեռացնէ։

Ճիշդ ինչպէս որ մարդիկ կը հեռանան այն անձէն, որ ինքն իր մասին շատ կը խօսի, անոնք նաեւ կը հեռանան այն անձէն, որ կը փորձէ իր հագուստներով ուրիշներուն ուշադրութիւնը գրաւել

Եթէ անպատշաճ հագուստներ հագուիս, այդ անձին պէս կ’ըլլաս։ Կարծես թէ քու հագուստովդ մարդոց կ’ըսես. ‘Ինծի նայեցէք’։ Եւ քու հագուստդ կրնայ մարդոց այն տպաւորութիւնը տալ, որ ինքնավստահ չես կամ ինքզինքդ կը տեսնես կամ պատրաստ ես ամէն բան ընելու, միայն որ մարդիկ քեզի նային։ Բայց ասանկով, սխալ անձերու ուշադրութիւնը պիտի գրաւես։

Եթէ չես ուզեր սխալ անձերու ուշադրութիւնը գրաւել, պատշաճ կերպով հագիր։ Մոնիքա անունով պատանուհի մը կ’ըսէ. «Պատշաճ կերպով հագուիլ ըսել չէ մեծ մամայիդ պէս հագուիլ։ Ատիկա պարզապէս ըսել է որ դուն քու անձդ եւ ուրիշները կը յարգես»։